- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողով

[1]
Փարիզի Հայ Մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան ՀՅԴ մարմիններու եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ՝ Մեծ Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Պուլկարիայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն:

Խորհրդաժողովին ներկայ էին նաեւ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի եւ Պրիւքսէլի գրասենեակի պատասխանատուներն ու ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ ընկ. Արմէն Ռուստամեանը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, Լեւոն Մկրտչեանը եւ Մարիօ Նալպանտեանը։

Ժողովը զեկոյցներ լսեց եւ քննարկեց Եւրոմիութեան կառոյցներէն ներս կատարուող փոփոխութիւններու լոյսին տակ յառաջացած նոր մարտահրաւէրները, Եւրոպայի Խորհուրդէն եւ եւրոպական այլ կառոյցներէ ներս ստեղծուած իրավիճակները, եւ ընդհանրապէս այդ կառոյցներուն կողմէ՝ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ կիրառուող քաղաքականութիւնը։

Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան ԼՂՀ միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ աշխատանքները եւ ծրագրերը։
Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները հիմնականօրէն վնասազերծելու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ու Ադրբեջանի կողմէ ՀՀ շրջափակումի հարցով այդ երկու երկիրներուն վրայ միջազգային ճնշումը մեծցնելու անհրաժեշտութիւնը։

Առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձաւ նաեւ Ջաւախքի եւ ընդհանրապէս Վրաստանի հայութեան իրաւունքներու արծարծումը եւրոպական կառոյցներէ ներս։
Օրակարգի առանձին քննարկման նիւթ էր Թուրքիա-Ադրբեջան զարգացող տանդեմի հարցը եւ Եւրոպայի տարածքին այն դիմագրաւելու մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները։

Քննարկուեցաւ Եւրոպայի տարածքին Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու հասողութիւնը ընդլայնելու, նոր երկիրներու մէջ ներկայութիւն ըլլալու հարցը։ Այս ուղղութեամբ ժողովը ողջունեց անցնող ամիսներուն Թիֆլիսի մէջ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի գրասենեակի պաշտօնական բացումը, Փարիզի մէջ Հայ Դատի Ֆրանսայի յանձնախումբի գրասենեակի հաստատումը եւ Հայ Դատի Պուլկարիոյ ու Սպանիոյ յանձնախումբերու կազմութիւնը։
Քննարկուած բոլոր հարցերու մասին ժողովը առաւ համապատասխան որոշումներ՝ յառաջիկայի քաղաքականութեան եւ աշխատանքներու մասին։