ԵԽԽՎ Պատվիրակութեան այցը Լեռնային Ղարաբաղ


Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտարարեց, թէ 27-31 Հոկտեմբերին Եւրոպական Խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը այցելած է Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ, ուսումնասիրելու համար ղարաբաղեան հակամարտութիւնը։ Իրենց այցելութեան ընթացքին, տիկին Միշել Րիվազի («Կանաչներ-Եւրոպական Ազատ Դաշինք», Euronest պատուիրակութեան անդամ) եւ պրն. Տամիէն Ապատ (Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութիւն, Euronest-ի եւ ԵՄ-Հարաւային Կովկաս խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամ), Եւրոխորհրդարանի աշխատակազմի ընկերակցութեամբ, խորացուցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին իրենց ծանօթութիւնը։

«Անընդունելի է որ, Ազրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած ջարդերուն եւ տեղահանութիւններուն զոհ գացած հարիւր հազարաւոր հայեր զրկուած մնան փախստականներու միջազգային կարգավիճակէն»,- յայտարարեց տիկին Րիվազի։ Ան առաջարկեց որ, միջազգային հետաքննութիւն մը կազմակերպուի ուսումնասիրելու համար հայերու դէմ գործուած վայրագութիւնները, որոնք հակամարտութեան սկիզբ տուին։

«Ես կը կարծեմ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի Խումբը յարմարագոյն ձեւաչափն է հակամարտութեան խաղաղ եւ վերջնական լուծում մը գտնելու համար»,- աւելցուց Տամիէն Ապատ։ Ան նշեց նաեւ, թէ շատ կարեւոր է որ Ֆրանսա լիովին ստանձնէ իր դերակատարութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսկի Խումբին մէջ՝ Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու կողքին։

Եւրոերեսփոխանները առաջարկեցին ուսումնասիրել Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն օգնութիւն յատկացնելու հնարաւորութիւնները՝ բնապահպանութեան, ուժանիւթի եւ կրթութեան ոլորտներէն ներս։ «Եւրոպական նմանօրինակ օգնութիւն գոյություն ունի Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն՝ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ համար, բայց կը մերժուի Լեռնային Ղարաբաղին համար»,- ըսաւ Հիլտա Չոպոյեան՝ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահուհի: Ան ընդգծեց այն փաստը որ, Լեռնային Ղարաբաղը իր անկախութիւնը հռչակած է հետեւելով Խորհրդային Միութեան ներքին կանոնագրութեան, միաժամանակ լիովին յարգելով Միջազգային Իրաւունքի համապատասխան սկզբունքները։

«Եւրոպական միութիւնը հսկայական ջանք կը թափէ աշխարհի տարածքին բարելաւելու համար պետութիւններու ժողովրդավարացման եւ ճիշդ կառավարման կարողականութիւնը։ Սակայն զարմանալիօրէն նոյն Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ անտեսել այն ջանքերը, զորս Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները կը թափեն՝ ստեղծելու համար օրինական պետութիւն մը» յայտարարեց Հիլտա Չոպոյեան եւ աւելցուց.- «Մենք Եւրոպական Խորհրդարանի անդամներէն կ’ակնկալենք վերադառնալ Խորհրդարանի նախորդ տարիներու բանաձեւերու ոգիին՝ յօգուտ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքին, ինչպէս նաեւ միջոցներ գտնել Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական շրջափակման վերջ տալու»։

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը իր գոհունակութիւնը յայտնեց այն շինիչ հանդիպումներուն մասին, որոնք թոյլ տուին Եւրոերեսփոխաններուն ամբողջացնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման իրենց գիտելիքները, իրաւական, քաղաքական եւ մարդասիրական ոլորտներէն ներս։

ՅԱՎԵԼՈՒԱԾ

Հանդիպումներ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ
Հանրապետութեան նախագահ՝ Բակօ Սահակեան
Ազգային Ժողովի նախագահ՝ Աշոտ Ղուլեան
Խորհրդարանական խմբակցութեանց ղեկավարներ
Սումկայիթէն, Պաքուէն, Կիրովաբադէն, Մինկեշահուրէն եւ Շահումեանէն Փախստականներու Միութեան ղեկավարներ

Հայաստանի մէջ
Այցելութիւն Ծիծեռնակաբերդ, Ցեղասպանութեան թանգարան
Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալբանդեան
Ազրպէյճանի հայ փախստականներու միութեան համախմբման նախագահ Գրիգորի Այվազեան
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Րաուլ տէ Լիւցենպերկեր
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Րէյնօ

Ազգային Ժողովէն ներս
ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան
ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական Յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան
ԱԺ EURONEST պատուիրակութեան նախագահ Վահան Յովհաննիսեան
ԱԺ Եւրոպական համարկման մշտական Յանձնաժողովի նախագահուհի Նայիրա Զուրաբեան
ԱԺ Ֆրանսա-Հայաստան խորհրդարանական Յանձնաժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան
ԱԺ Խորհրդարանական խմբակցութեանց ղեկավարներ

Տպել Տպել