- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Ակնարկ. Ասթանայի Խօսափողն Ու Ռուսական Ուղերձները

astanaԱսթանայի մէջ 29 մայիսին Եւրասիական տնտեսական միութեան ստեղծման համաձայնագիրի քննարկման պահուն Ղազախստանի նախագահին կողմէ Ալիեւին յղած նամակի ընթերցումը կը յիշեցնէ նախնական քննարկումին նոյն նախագահին Հայաստանի Հանրապետութեան հաւանական անդամակցութեան գծով արտայայտած վերապահութիւնը:

Պարզ է, որ Ղազախստանի նախագահը նման ընթերցում եւ ապա վերապահութիւն կամ յստակացումներ կատարելու համար ամէն տեսակի շեշտադրում համաձայնեցուցած պիտի ըլլար նոր ստեղծուող միութեան յառաջատար ուժին հետ: Այս մէկը ուղերձ էր ուրեմն Մոսկուայէն յղուած Պաքուին. եւ գուցէ նաեւ ոչ միայն Պաքուին: Թէկուզ Ղազախստանի նախագահին ճամբով:

Կը վերադառնանք ուղերձին եւ ղազախական կամուրջին: Նշենք միայն, որ բուռն բանավէճերու դուռ բացած այս խնդիրը ունի դիտարժան քանի մը կէտ:

Նախ այն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջպետական կամ միջազգային համաձայնագիրներու կը միանայ իր ճանչցուած սահմաններով: Անոնցմէ գլխաւորը եթէ նկատի ունենանք` ՄԱԿ-ը, այս պարագային թէ՛ Ազրպէյճանը եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անոր անդամակցած են իրենց միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով: Խնդիրը այն է, որ միջազգային կազմակերպութիւններու անդամակցութիւնը եւ տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը յստակ տարբերութիւն ունին: Այս պարագային, մաքսային անցակէտերու տեղադրման իրականութիւնն է, որ Պաքուն շահարկած է եւ Ասթանայի ճամբով վերապահութիւն եւ պայմաններ կ՛արծարծէ:

Եթէ մէկ կողմէ նախագահ Սարգսեանի լուռ մնալը այդ ժողովին սուր քննադատութեան կ՛ենթարկուի, միւս կողմէ նաեւ հարցի բարձրաձայնումը կրնար յանգիլ Պաքուի պայմանի որդեգրման` համաձայնագիրին բնագիրը ստորագրող պետութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Այս հարցի բանավիճումը կրնայ շարունակուիլ: Կանխատեսումներ կը զարգանան հասնելու համար հոն, որ այս մէկը պատեհ առիթ է պաշտօնական Երեւանին հրաժարելու եւրասիական կառոյցներուն անդամակցելէ:

Չմոռնանք, որ Արցախը յաչս միջազգային ընտանիքին եւ զայն բաղկացնող պետութիւններուն ինքնորոշուած տարածք է եւ բնականաբար իրաւականօրէն մաս չի կազմեր Հայաստանի Հանրապետութեան: Տարբեր է անշուշտ իրողական բաժինը: Եւ այս բոլորին պատասխանը կ՛ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն առանց մաքսային կէտի, ներկայ անցակէտային սահմանի դրուածքի պահպանումը:

Մտահոգիչը անշուշտ ռուսական գործօնին թոյլտուութեամբ կարդացուող նամակն է եւ անոր ներկայութեան արծարծուող նախապայմանային տրամադրութիւնները: Առանց Փութինի համաձայնութեան ոչ մէկ Նազարպայեւ նման հանդիպումներու ընթացքին նախապայմանային հռետորաբանութիւն կրնար օգտագործել:

Նազարպայեւը այստեղ ռուսական խօսափողի դեր կատարած է պարզապէս: Ռուսական ուղերձը այլ տեղ եւս կ՛առարկայանար, երբ զինուժի նոր քանակի տրամադրում կ՛արձանագրուէր Մոսկուայէն Պաքու: Ըսինք արդէն, որ ուղերձները կը գլէին Պաքուի սահմանը: Նոյն Նազարպայեւը, այս անգամ Թուրքիոյ մէջ, քանի մը օր առաջ թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի չորրորդ վեհաժողովի աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան ապագային կրնայ դառնալ Եւրասիական տնտեսական միութեան ընկերակցող անդամ:

Նազարպայեւ նաեւ ընդգծած է թրքական խորհուրդի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ որեւէ տարակարծութեան բացակայութիւնը: «Եւրասիական տնտեսական միութիւնը բաց է այլ երկիրներու անդամակցութեան: Օրինակի համար` Թուրքիան եւ այլ երկիրներ կրնան ապագային դառնալ նշեալ միութեան ընկերակցուած անդամ»:

25 մայիսին Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց պատկերասփռուած բանավէճի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ ներկայ դրութեամբ Թուրքիա չի կրնար անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան: Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ անցքերու փակումը Անգարայի առջեւ մղած է Եւրասիական միութեան ճարտարապետերը «այս կողմ հրամմեցէք» ըսելու Թուրքիոյ:

Այս բոլորը իրենց հերթին: Ալիեւի նամակը, Նազարպայեւի խօսափողի դերը, ռուսական ուղերձը, հայկական լռութիւնը կամ Անգարային ուղղուած հրաւէրը երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենան: Կարեւորը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի միջեւ մաքսային կէտի բացառումն է:

«Ա.»
aztagdaily.com