Հաղորդագրութիւն


Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպութեամբ, Պէյրութի մէջ կայացաւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ գործող Հայ դատի մարմիններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովը£ Կը մասնակցէին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Եգիպտոսէն, Քուէյթէն եւ Ծոցի երկիրներէն ներկայացուցիչներ:

Խորհրդաժողովը կը նպատակադրէր քննարկել Միջին Արեւելքի մէջ Հայ դատի նոր մարտահրաւէրները եւ այս ծիրին մէջ` յստակացնել գաղութներու նպատակաուղղուած աշխատանքը ծաւալելու նոր մեքանիզմներ, որոնք ինքնին ամուր ենթահող են նաեւ հայապահպանման գործընթացին:
Ժողովը շեշտեց Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ Հայ դատի առաջադրանքներուն եւ նպատակներուն համար հանրային հայանպաստ կարծիք ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը: Այս իմաստով կենսական նկատուեցաւ յաւելեալ ուշադրութեան կեդրոն դարձնել դիւանագիտական, ակադեմական եւ լրատուական ոլորտները:

Խորհրդաժողովը յատուկ կերպով անդրադարձաւ շրջանային քաղաքականութեան մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան աշխուժացման եւ հետապնդած նպատակներուն: Թուրքիոյ արաբական աշխարհ թափանցումը հանդիսացաւ քննարկման հիմնական օրակարգ, որուն լոյսին տակ որոշուեցաւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն յաւելեալ թափ ու աշխուժութիւն տալ, ինչպէս նաեւ մարտավարական նոր ուղղութիւններ ճշդել:
Կարեւորութեամբ նշուեցաւ տարբեր երկիրներու միջեւ Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքներու համակարգումի անհրաժեշտութիւնը, որ կենսական կարեւորութիւն ունի այս հանգրուանին:
Խորհրդաժողովի աւարտին որդեգրուեցան բանաձեւեր, որոնք պիտի դառնան հիմքը յառաջիկայ հանգրուանի գործունէութեան:

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Պէյրութ

Տպել Տպել