Հալէպը կրակի տակ է, Քեսապը՝ պարպուած, քեսապցիները՝ տարագրեալ, Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն վրայ նահատակներ կու տանք, հայրենիքէն ամէն օր աճող պանդխտութիւն, հայրենի ժողովուրդի մէկ կարեւոր մասին համար ամէնօրեայ գոյատեւման խնդիր…
Լուրերու այսպիսի տարափի տակ սովորական կեանքի մը պայմաններով ապրիլը դժուար է պատկերացնել՝ անհատական, ընտանեկան թէ համայնքային մակարդակի վրայ: Մանաւա՛նդ դժուար է պատկերացնել թեթեւ, ժամանցային, ուրախութեան առիթներու նշումը՝ միշտ ի մտի ունենալով, որ նոյն պահուն մեր ազգակիցները կենաց-մահու սպառնալիքներ կը դիմագրաւեն եւ ցնծալու, ուրախանալու հնարաւորութենէն զրկուած են:
Ուրեմն, ուրախ ու հանգիստ պահ մը վայելելը հոգեկան ճնշումի պատճառ կը դառնայ՝ քանդելով տրամադրութիւն ու հոգեվիճակ:
Այս յանցաւորի բարդոյթը մեր մշտական ընկերակիցն է: Այսպէս, առողջ ապրելակերպ ունենալը հնարաւոր չի թուիր ըլլալ: Ուրեմն, կա՛մ պէտք է փորձել անզգայ դառնալ, վարժուիլ անտարբերութեամբ ընդունիլ թանկագին կորուստներու եւ ազգային տագնապներու լուրերը: Կա՛մ ալ գտնել վերապրելու բանաձեւը, որ մեզ ուժ ու կարողութիւն կրնայ տալ՝ անխառն ուրախութեամբ ցնծալու անհատական թէ համայնքային յաջողութիւններով, նոյնիսկ՝ ամէնէն ծանր պահերուն, երբ մեր մէկ հատուածը ծանր պայմաններու տակ կը քաշկռտէ իր գոյութիւնը (կը տեսնէք՝ այս բառերու ընտրութիւնը արդէն անկարելիութիւն կը մատնէ):
Բանաձեւը հաւանաբար շարունակական սակարկութիւններու մէջ է. կը կիսենք մեր հարազատներուն ցաւը, կը վշտակցինք անոնց կորուստներուն, կը մասնակցինք անոնց ցաւը ամոքելու ճիգերուն՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս, բայց եւ կեանքը կը շարունակուի՝ սովորական, հաճոյքներով, ուրախութիւններով:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
asbarez.com
10/06/2014