Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութիւնը անցած երկու շաբաթներու ընթացքին գումարեց իր 49րդ Շրջանային Ժողովը, մասնակցութեամբ 95 պատգամաւոր եւ հրաւիրեալ ընկերներու:
Համահայկական եւ համագաղութային օրակարգերու համապարփակ քննութեան ծիրէն ներս, Ժողովը եկաւ անգամ մը եւս շեշտելու հայ համայնքի բոլոր ուժերը համախմբելու եւ կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ թափ տալու մեր երիտասարդ եւ ուսանող ուժերու առաւելագոյն լարումին, ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի վերելքին, ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին, յա՛տկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի շէմին:
Իր աշխատանքներու աւարտին, Յունիս 22, 2014-ին, Ժողովը ընտրեց յառաջիկայ երկու տարուան համար Կեդրոնական Կոմիտէի հետեւեալ կազմը.
Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, ներկայացուցիչ,
Պետիկ Գազանճեան, դոկտ.
Վիգէն Եագուպեան,
իրաւաբան Վաչէ Թովմասեան,
Գոգօ Թօփալեան,
իրաւաբան Կարօ Իսփէնճեան,
դոկտ. Արա Խանճեան,
Մարտիկ Կապուտեան,
իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան,
Վահէ Պօզոյեան
եւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան:
asbarez.com
22/06/2014