- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Եւրոպաբնակ թուրքերու հակահայկական քարոզները

[1]
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպանյանի Արմենփրես-ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ նաեւ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները վերջին տարիներուն կը փորձեն եւրոպական երկիրներու թրքական համայնքները իսկական քաղաքական ուժի վերածել:

Այդ կապակցութեամբ Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուները կ’ուզեն կազմակերպել թրքական համայնքներ, անոնց առջեւ գործելու գերնպատակ դնելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ աշխատանքները:

Հիլտա Չոպոյեան նշեց նաեւ, որ եւրոպաբնակ թուրքերուն յաճախ հակահայկական քարոզներով կը դիմեն նաեւ թրքական բարձրաստիճան զինուորականները:

«Պելճիքայի վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն, թրքական համայնքը բաւական կազմակերպուած ներկայացաւ»,- ըսաւ Չոպոյեան՝ նշելով, որ անոնք ընտրապայքարին մասնակից բոլոր կուսակցութիւններուն իրենց ձայները առաջարկած են այն պայմանով, որ այդ կուսակցութիւնը հետագային քանդել տայ Պրիւքսէլի կեդրոնը գտնուող հայկական յուշարձանը: «Ի հարկէ, ոչ մէկ կուսակցութիւն հայկական յուշարձանը քանդելու խոստում չկրցաւ տալ, սակայն, մասնաւորապէս Պելճիքայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը անկէ ետք թրքամէտ դիրքորոշում որդեգրեց»,- նշեց Չոպոյեան:

Մինչ ընտրութիւնները Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով հայկական կազմակերպութիւններուն աջակցող Ընկերվարական կուսակցութիւնը վերջին մէկ տարուան ընթացքին միշտ դէմ կեցած է Պելճիքայի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւններուն եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի՝ Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ ներկայացուցած առաջարկներուն: «Եւրոպական այն երկիրներուն մէջ, ուր հայութիւնը քիչ է, ներառեալ Պելճիքա եւ Սկանտինաւեան երկիրներ, թրքական լոպպին որոշ յաջողութեան կը հասնի, սակայն հակառակ իրողութիւն կը տիրէ, օրինակ՝ Ֆրանսայի մէջ»,- ըսաւ ան:

Ֆրանսայի մէջ, չեն յաջողած, որովհետեւ ֆրանսական հասարակութիւնը երկար տարիներէ ի վեր առնչուած է Ցեղասպանութեան հարցին, եւ այդ գործընթացը աւելի աշխուժացած է 2001էն յետոյ, երբ ընդունուած է Ցեղասպանութեան մասին որոշումը: Ըստ Հ.Չոպոյեանի, օրերս Լիոնի մէջ թուրքերու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ կազմակերպուած երթը տխուր հետեւանքներ ունեցաւ նոյնինքն Թուրքիոյ համար: Նախ եւ առաջ, Լիոնի քաղաքապետը նման երթեր եւ ցոյցեր արգիլող որոշում ընդունեց, ֆրանսացի ժողովուրդը, քաղաքական գործիչները, մամուլը եւս մեծ հակակրանքով ընդունեցին թուրքերու նախաձեռնութիւնը: Ատոր քաղաքական գնահատականը տուաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանը՝ նշելով, որ նման երթերը կը գործեն Թուրքիոյ շահերուն դէմ եւ կը վարկաբեկէ զայն:

Չոպոյեան ըսաւ նաեւ, որ Ցեղասպանութեան պարագային վերապահութիւն կայ Գերմանիոյ քաղաքականութեան նկատմամբ: Սակայն վերջերս Պերլինի մէջ կայացած դէպքերը անակնկալ եղան թէ՛ թուրքերու, եւ թէ հայերու համար: «Հակառակ այն իրողութեան, որ Պերլինի մէջ հսկայական թրքական տարր գոյութիւն ունի, Պերլին-Պրանտենպուրգի դատարանի վերին պալատը իր որոշման մէջ Ցեղասպանութիւնը փաստօրէն ճանչցաւ՝ զայն հերքելը համարելով պատժելի յանցանք, եւ կը կարծեմ, աշխոյժ աշխատելու պարագային, կարելի է այդ որոշումը ընդլայնել եւ տարածել ամբողջ Գերմանիոյ վրայ»,- ըսաւ Հ.Չոպոյեան:

Նշելով, որ կը մօտենայ Ապրիլի 24ը եւ Եւրոպայի հայ համայնքերը եւս պէտք է նշեն 1.5 միլիոն հայ նահատակներու ջարդի օրը, ան հնարաւոր համարեց թուրքերու հակահայկական երթերը: «Եւրոպայի այն երկիրներուն մէջ, ուր հայկական համայնքները համարկուած չեն տեղւոյն հասարակական-քաղաքական կեանքին, հնարաւոր է, պր թուրքերը ցոյցեր կազմակերպեն, սակայն միւս երկիրներուն մէջ թրքական քայլերը կ’աշխատին նոյնինքն թուրքերու դէմ, ինպէս եղած է Ֆրանսայի մէջ»,- յայտնեց Հ.Չոպոյեան:

ԱՍՊԱՐԵԶ օրաթերթ