Թուրք-հայկական հաշտութեան յանձնաժողովի նորագոյն ձախողութիւնը


ՀՅԴ Բւուրոյի Կարօ Արմենեան կ’անդրադառնայ Թուրք-Հայկական հաշտութեան յանձնաժողով»ի նորագոյն ձախողութեան: Հայ Դատ30.05.2003

-Շուրջ մէկ ամիս առաջ, հրապարակուեցաւ «Անցումային արդարադատութեան միջազգային կեդրոն»ի (ԱԱՄԿ) մէկ ուսումնասիրութիւնը «20րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցած դէպքերու նկատմամբ Ցեղասպանութեան Ոճիրը Կանխարգիլելու եւ Պատժելու ՄԱԿ-ի համաձայնագրի կիրառելիութեան վերաբերեալ»: Ոմանք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ հայկական կարգ մը շրջանակներ, որոնք զօրավիգ կանգնած էին մէկուկէս տարի առաջ հրապարակ եկած «Թուրք-հայկական հաշտութեան յանձնաժողով» (ԹՀՀՅ) անուան տակ գործող ինքնակոչ խմբակին, այս եզրակացութիւնը փորձեցին ներկայացնել որպէս մեծ նուաճում այդ խմբակին՝ ԹՀՀՅ»ի կողմէ։ Ի՞նչ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեսակէտը այս եզրակացութեան մասին։

-Կարճ՝ բացասական։ Բացատրեմ։ «Թուրք-հայկական հաշտութեան յաձնաժողով»ը, որուն բնոյթն ու հովանաւորները վաղուց արդէն յայտնի են մեր ժողովուրդին եւ համաշխարհային հանրութեան, այժմ վերստին կը փորձէ մտնել քաղաքական շրջանառութեան մէջ, անգամ մը եւս ջանալով ապակողմնորոշել միջազգային հանրային կարծիքը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման խնդրին մէջ։

Նիւ Եորքի «Անցումաին Արդարադատութեան Միջազգային Կեդրոն»ին կողմէ, ԹՀՀՅի պատուէրով պատրաստուած եւ վերջերս հրապարակուած Փետրուար 4, 2003 թուակիր զեկոյցը Թուրքիոյ եւ իր շահակիցներու շրջանային քաղաքականութեան նորահնար գործիքն է եւ որպէս այդպիսին ան միայն կը ծառայէ Հայոց Ցեղասպանութեան անվիճելի փաստը նսեմացնելու եւ Ցեղասպանութեան հարցը դուրս քշելու աշխարհի եւ յատկապէս Արեւմուտքի քաղաքական բեմերէն։ «Առարկայական եւ իրաւական» քննարկման քողին տակ, այդ ուսումնասիրութեան անանուն հեղինակները մէկ կողմէ խախուտ եւ կամայական հիմնաւորում կու տան մեր ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ գործուած ցեղասպանական ոճիռին, եւ միւս կողմէ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն ՄԱԿի Ցեղասպանութեան Համաձայնագրի կիրառելիութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրին մէջ, գործածելով այն իսկ սնանկ պատճառաբանութիւնները, որոնցմով Նիւրէմպըրկի մէջ Նացի յանցագործներու փաստաբանները կը փորձէին պաշտպանութիւն հայթայթել իրենց պաշտպանեալներուն։

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս կը յայտարարէ, որ Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանական մեծ ոճիռը եւ անկէ բխող թուրք պետութեան պատասխանատուութիւնները անժամանցելի են։ ՄԱԿի 1948ի Ցեղասպանութեան Համաձայնագրի, ինչպէս նաեւ միջազգային այլ համաձայնագրերու գմահաճ մեկնաբանութեամբ չի կրնար ճշտուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան դատի կապակցութեան Թուրքիոյ պատասխանատուութեան խնդիրը։

Պարզ է, որ «Փոխանցման Արդարադատութեան Միջազգային Կեդրոնի այս եզրակացութիւնը առաւելաբար քաղաքական բնոյթ ունի եւ ան չափուած-ձեւուած է համապատասխանելու համար «Թուրք-հայկական հաշտութեան յանձնաժողով»ի հովանաւորներու քաղաքական նպատակներուն։ Այդ հովանաւորներու նպատակն է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը վերածել պատմական փաստի մը արձանագրութեան, եւ ցեղասպանութեան ոճիռն ու անոր հետեւանքները պարպել իրենց քաղաքական էութենէն։ Այլ խօսքով՝ արձանագրել որ հայութիւնը ենթարկուած է ցեղասպանութեան, սակայն, միաժամանակ անպարտ արձակել մարդկութեան դէմ այդ ոճիռի հեղինակն ու պատասխանատուն՝ թուրք պետութիւնը։

Իսկ ինչ կը վերաբերի ԱԱՄԿի այս եզրակացութիւնը ԹՀՀՅի յաղթանակ որակումին, ես պիտի ըսէի, որ այս նորագոյն խայտառակութիւնն է «Թուրք-հայկական հաշտութեան յանձնաժողով»ին։ Ի՞նչ յաղթանակի մասին կարելի է խօսիլ։ Այն, որ իսկապէս միջազգային վարկ եւ ճանաչում ունեցող հեղինակութիւններ՝ միջազգային իրաւագէտներ, ցեղասպանութեան խնդրի մասնագէտներ, եւ այլք, անցնող 25-30 տարիներու ընթացքին բազմիցս հաստատած են որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր բոլոր երեսներով կը համապատասխանէ ՄԱԿի 1948ի Ցեղասպանութեան Համաձայնագրի սահմանումներուն, նորութիւն չէ. ԱԱՄԿի անանուն հեղինակները այդ տեսակէտէն ոչինչ կ’աւելցնեն այդ եզրակացութիւններուն եւ հաստատումներուն վրայ։ Սակայն, ինչ որ ԱԱՄԿի հեղինակները կու գան ըսելու այն է, որ ՄԱԿի 1948ի Ցեղասպանութեան Համաձայնագիրը կիրառելի չէ Հայոց Ցեղասպանութեան, որովհետեւ այդ համաձայնագիրը յետադարձ ուժ չունի։ Ա՞յս է, որ տխրահռչակ «Թուրք-հայկական հաշտութեան յանձնաժողով»ի ջատագով ՀՀՇական եւ Ասեմպլիական շրջանակներ յաղթանակ կ’որակեն. ինչպէս ըսի, այս խայտառակութիւն է։

-Այդ շրջանակները կ’ակնարկեն, որ այս ուսումնասիրութիւնը «Թուրք-հայկական հաշտութեան յանձնաժողով»ին կողմէ պատուիրուած ըլլալով, հետեւաբար այդ յանձնաժողովի թուրքերն ալ առնուազն անուղղակիօրէն կ’ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։

-Ամբողջովին անհիմն է այդ տեսակէտը։ Պէտք է յիշել, որ 2001ի Նոյեմբեր-Դեկտեմբերին, երբ դրսեւորուեցաւ, որ «Թուրք-հայկական հաշտութեան յանձնաժողով»ը այսպիսի ուսումնասիրութեան մը համար որոշած է դիմել «Անցումային Արդարադատութեան Միջազգային Կեդրոն»ին, թուրք անդամները միակողմանիօրէն դիմեցին ԱԱՄԿին՝ այդ ուսումնասիրութիւնը չկատարելու յանձնարարութեամբ։ Ասոր յաջորդեց ԹՀՀՅի հայ անդամներու յայտարարութիւնը, որ իրենց մասնակցութիւնը կանգ կ’առնէ։ ԱԱՄԿի եզրակացութենէն կարելի է հետեւցնել, թէ «Թուրք-հայկական հաշտութեան յանձնաժողով»ի երկու կողմերը «Հասկացողութեան յուշագիր» մը ստորագրած են 12 Յուլիս 2002ին, այսինքն իրենց հրապարակ գալէն ճիշտ մէկ տարի ետք, եւ այդ յուշագրի հիման վրայ ալ, 10 Սեպտեմբեր 2002ին, ԹՀՀՅի մէկ թուրք եւ մէկ հայ անդամ, ԱԱՄԿի առջեւ ինչ որ տեսակէտներ ներկայացուցած են քննարկուող հարցի մասին։ Թուրք անդամի՝ Կունտուզ Աքթանի համաձայն, ինք միայն ինքզինք եւ ոչ իսկ ԹՀՀՅի միւս անդամները ներկայացուցած է։ Հետեւաբար, սխալ է, չըսելու համար սուտ է այն հիմնաւորումը, թէ ԹՀՀՅի թուրք անդամները եւս ինչ որ ձեւով յանձնառու եղած են ենթարկուիլ ԱԱՄԿի եզրակացութեան։ 12 Յուլիս 2002ի յուշագիրը գաղտնի է, հետեւաբար յայտնի չէ թէ այդ «հասկացողութեան յուշագր»ով ինչի շուրջ համաձայներ են ԹՀՀՅի հայ եւ թուրք անդամները։ Իսկ Կունտուզ Աքթանի 10 Սեպտեմբեր 2002ի ելոյթը կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, որ ՄԱԿի 1948ի Ցեղասպանութեան Համաձայնագիրը չի վերաբերիր «դէպքեր»ուն։

Եթէ պահ մը նոյնիսկ ենթադրենք, որ ճիշտ է այն առարկութիւնը որ ԹՀՀՅի անդամներն ալ այս ձեւով կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, յետոյ ի՞նչ։ Անոնցմէ առաջ թուրք մտաւորականներ արդէն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ աւելին՝ անոնք, թէեւ տարբեր առաջադրանքներով, հետամուտ են որ թուրք պետութիւնն ալ զայն ճանչնայ։ Այստեղ եւս, «Թուրք-հայկական հաշտութեան յանձնաժողով»ը օգտակար եւ կամ դրական ոչինչ կատարած է։ Հետեւաբար, «յաղթանակ»ի այդ լուսապսակները միայն ինքնարդարացման կը ծառայեն։

-Ըստ երեւոյթին, 10 Սեպտեմբեր 2002ին պատուիրուած ուսումնասիրութիւնը պատուիրատուներուն յանձնաուած է 4 Փետրուար 2003□ին, եւ հրապարակուած՝ 10 Փետրուարին։ Յատուկ իմաստ կարելի՞ է տեսնել այս թուականներուն մէջ, թէ պարզապէս ուսումնասիրութեան աշխատանքը իսկապէս հինգ ամիս տեւած է:

-Նկատի առնելով «Թուրք-հայկական հաշտութեան յանձնաժողով»ի գործելաոճը եւ այդ մասին նոյնինքն յանձնաժողովի հայ եւ թուրք անդամներուն, ինչպէս նաեւ ամերիկացի ատենավարող՝ Տէյվիտ Ֆիլիփսի հրապարակումները, պէտք է եզրակացնել, որ ԹՀՀՅի պարագային ոչինչ զուգադիպութիւն է։ Երբեք մտահան պէտք չէ ընել, որ այս ամբողջ նախաձեռնութիւնը կը հովանաւորուի Միացեալ Նահանգներու Պետքարտուղարութեան կողմէ, որը ունի իր յստակ քաղաքական նպատակները։ Հիմքեր ունինք եզրակացնելու, որ ԱԱՄԿի եզրակացութեան հրապարակման թուականը՝ 10 Փետրուար 2003, եւ վայրը՝ Երեւան, զուգադիպութիւն չէ, այլ ծրագրաւորուած։ ԱԱՄԿի եզրակացութեան հրապարակման օրերուն, Հայաստանի մէջ գլխաւոր հարցը նախագահական ընտրութիւններն էին եւ այս եզրակացութիւնը չէր կրնար ստանալ եւ չստացաւ այն ուշադրութիւնը, որուն այլպաէս պիտի արժանանար։ Երկրորդ, նախ Հայաստանի մէջ հրապարակումը ցոյց կու տայ, որ հրապարակաման նպատակն է նախ ունենալ հայկական քաղաքական եւ պետական շրջանակներու տեսակէտը այս մօտեցումի մասին։ Յատկանշական է, որ թրքական կողմէ ցարդ այս եզրակացութեան արձագանգած է միայն ԹՀՀՅի մէկ անդամը, նոյնինքն Կունտուզ Աքթանը, այն ալ միայն ըսելու համար, որ կը ցաւի որ իր 10 Սեպտեմբեր 2002ի գրաւոր ելոյթը չէ կցուած ԱԱՄԿի եզրակացութեան։

ԱԱՄԿի եզրակացութեան հրապարակումը նաեւ կը կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան 88ամեակէն երկու-երեք ամիս առաջ, այսինքն այնպիսի ժամանակ, երբ Արեւմուտքի տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրիը դարձեալ պիտի արծարծուի։ Պարզ է, որ ինչպէս «Թուրք-հայկական հաշտութեան յանձնաժողով»ի հիմնադրումը ինքնին, այնպէս ալ անոր պատուէրով ԱԱՄԿի այս խիստ խոցելի, պիտի ըսէի նոյնիսկ՝ վտանգաւոր եզրակացութիւնը կը միտին առաջքը առնել այդ քաղաքական քննարկումներուն։

-Այս օրերուն թրքական մամուլին մէջ եղան հրապարակումներ այն մասին, որ իբր Միացեալ Նահանգներու նախագահը Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ Իրաքի հարցով բանակցութիւններու ընթացքին սպառնացած է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այս մասին ի՞նչ կարելի է ըսել։

-Թրքական մամուլի այդ հրապարակումներէն բացի, Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան առաջնորդի հրապարակումները հիմք կու տան եզրակացնելու, որ Իրաքի հարցով Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա բանակցութիւններուն մէջ տեղ մը վերապահուած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն։ Ահա այս լոյսին տակ, ԱԱՄԿի եզրակացութեան վտանգաւոր բնոյթը առաւել եւս կը շեշտուի։ Հիմքեր կան եզրակացնելու, որ ճիգ կայ վերակենդանացնելու Հայաստանի նախկին՝ ՀՀՇական իշխանութեան օրով, դարձեալ ամերիկեան պետական շրջանակներու կողմէ առաջ քաշուած, բայց ձախողած քաղաքականութիւն մը։ Այդ քաղաքականութեան նպատակն էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը վերածել բացառապէս պատմական խնդրի եւ զայն պարպել իր քաղաքական էութենէն։ Ճիշտ այնպէս, ինչպէս ըրած է ԱԱՄԿի եզրակացութիւնը։ Կը թուի, թէ Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները այս մօտեցումին համաձայնած էին։

Սակայն, այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան դատը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան խնդիրն է, զոր կարելի չէ շրջանցել այլեւայլ հիմնարկներու, շինծու «յանձնաժողով»ներու եւ անոնց ուղեկից պատահական տարրերու յօրինած փուճ տարազներով։

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ, ՄԱԿի 1948ի Ցեղասպանութեան Համաձայնագրի եւ միջազգային այլ համաձայնագրերու հիման վրայ, նախ եւ առաջ քաղաքական խնդիր է, իր իրաւական ու քաղաքական բոլոր հետեւանքներով։ Առանց քաղաքական եւ իրաւական բովանդակութեան ճանաչումը, ոչ իսկ խորհրդանշական բնոյթ ունի, որովհետեւ կը միտի խաբելու եւ մոլորոցնելու մեզ, մեր ժողովուրդը։ Տարածաշրջանի քաղաքական իրավիճակի ներկայ արագընթաց հոլովոյթին մէջ, մեր բոլորէն՝ պետութիւն, քաղաքական ուժեր, ժողովուրդ կը պահանջուի ըլլալ սթափ, զգօն եւ չխաբուիլ դատարկ յայտարարութիւններով։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը չի կրնար հետեւանքներ չունենալ։ Հայոց Ցեղասպանութեան ոճիռին մէջ Թուրքիոյ կողմէ իր պատասխանատուութեան ճանաչումով եւ համապատասխան քայլերով միայն կարելի կ’ըլլայ հայ-թրքական եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման սկիզբ դնել։ Մնացեալը՝ սուտ է։

1. International Centre for Transitional Justice
2. United Nations Convention on the Prevention and

Հարցազրոյցը վարեց՝ Կ. ՏԷՐՈՒՆԻ

Տպել Տպել