Երէկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնն էր ու հարիւր հազարաւոր ամերիկահայեր միացան միլիոնաւոր համերկրացիներու՝ աւանդական հանգիստով, դաշտապտոյտներով, տեղական ճաշեր պատրաստելով ու հրավառութիւններ դիտելով՝ նշելու բարեբաստիկ այս առիթը:
Այս երկրի հայ քաղաքացիները, բնականաբար, ունին իրենց քաղաքական նախընտրութիւնները, կուսակցական պատկանելիութիւնը, որուն հիման վրայ կը կողմնորոշուին տեղական եւ միջազգային հարցերու վերաբերեալ:
Որքա՛ն ալ խոր ըլլան տեղական քաղաքականութեան հետ ամերիկահայերուս առնչութիւնները, չափազանց խորթ պիտի ըլլար Հայաստանի հանդէպ ամերիկեան պետական դիրքորոշումները մեր պատկանած կուսակցութեան տեսանկիւնէն գնահատելը:
Նախ եւ առաջ, Ամերիկայի գերագոյն շահեր հասկացողութիւնը, մանաւանդ՝ միջազգային քաղաքական բեմի վրայ, այնքա՛ն հեղհեղուկ, այնքա՛ն պայմանական է, որ մեր ազգային պատկանելութեան եւ այդ շահերու բախման տագնապի հաւանականութիւնը գրեթէ զերոյի հաւասար է:
Ուրեմն, մենք հանգիստ խղճով, քաղաքացիական պարտքի ամբողջական զգացումով, կրնանք Միացեալ Նահանգներու տօնին առթիւ, մաղթել, որ այս երկիրը մնայ կամ իսկապէս դառնայ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, ազգերու ինքնորոշման սկզբունքի ջատագով, թշուառ երկիրներուն ու ժողվուրդներուն անշահախնդիր աջակից: Եթէ հանրապետական հայերու համար այս սկզբունքներէն ոմանք կը հակադրուին տեղական պիւտճէական հաշուարկներէ մեկնած դիրքորոշումներուն, ապա մենք չենք կրնար միասնական չըլլալ Հայաստանին եւ Արցախին առանց որեւէ պայմանի՝ տնտեսական աջակցութիւն տալու, անոնց ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ անոնց ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանը ըլլալու ամերիկեան յանձնառութեան ամրապնդման խնդիրին շուրջ: Ուրախ ենք, որ այդպէս է ամերիկահայ համայնքը, որ միշտ ճշդօրէն կողմնորոշուած է հայութիւնը շահագրգռող հարցերուն վերաբերեալ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
asbarez.com
03/07/2014