- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Շրջանային ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները

[1]22, 23, 24 Յունիսին աւարտեցան Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի 75-րդ Շրջանային Ժողովի աշխատանքները` Ալֆորվիլի մէջ: Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի տարբեր շրջաններու պատգամաւորները եռօրեայ ժողովին ընթացքին քննարկեցին կազմակերպական, քաղաքական, համայնքային, համազգային խորքային հարցեր, ապա մշակեցին յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան Եւրոպայի մէջ կիրարկուող մարտավարութիւնը` հիմնուելով Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովի ճշդած ռազմավարութեան վրայ:

Շրջանային Ժողովը երկար քննարկեց եւրոպական կուսակցութեանց հետ յարաμերութեան հոլովոյթը, Հայաստանի քաղաքական, ընկերա-տնտեսական իրավիճակը, Հայաստան-Սփիւռք յարաμերութիւններու թղթածրարը, Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան խնդիրը, Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան գործնական դրսեւորումը` Եւրոպայի ու յատկապէս Ֆրանսայի տարածքին, որուն լոյսին տակ լայնօրէն քննարկուեցաւ անգամ մը եւս` հայոց ցեղասպանութեան ուրացման ու ժխտողականութեան քրէականացման օրէնքի անհրաժեշտութիւնը եւ անոր ձեռքբերման հրամայականը, ջաւախքահայութեան հիմնախնդիրները, Լեռնային Ղարաμաղի անկախութեան հոլովոյթը:

Նկատի առնելով Եւրոպայի տարածքին ու յատկապէս Ֆրանսայի մէջ պետականօրէն տարուող Թուրքիոյ հակահայ յարձակողական քաղաքականութիւնը, նկատի առնելով Սփիւռքի ու յատկապէս ֆրանսահայ համայնքի ձեռքբերած քաղաքական թէ այլ տասնամեակներու յաջողութիւնները ամէն գնով նսեմացնելու յստակ ճիգը, նկատի առնելով թրքական համայնք յառաջացնելու ու այդ ճամբով Ֆրանսայի տարածքին հայկական կողմի «այլընտրանք» ստեղծելու Անգարայի ջանքերը, Շրջանային Ժողովը միաձայնութեամμ որոշեց ամրապնդել հայկական միասնական դիրքերը, համախմբել ամբողջ հայ համայնքի ներուժը` արտաքին այս վտանգին դէմ, հաստատելով, որ միայն միասնականութիւնն է, որ պիտի ապահովէ Անգարայի կողմէ յայտարարուած այս պատերազմին դէմ մեր անվտանգութիւնը:

Շրջանային ժողովը իր աւարտին ընտրեց նոր Կեդրոնական Կոմիտէ, հետեւեալ կազմով. Մուրատ Փափազեան, Հրաչ Վարժապետեան, Մարիէթ Կարապետեան, Մուրատ Արսլանեան, Անդօ Էքօ Նշանեան, Տիգրան Շահմիրեան, Յարութ Մարտիրոսեան , Ռուբէն Փափազեան, Յովսէփ Տէր Գէորգեան:

24 Յունիս 2012
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Շրջանային Ժողովի Դիւան
Ալֆորվիլ, Ֆրանսա