- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Ընտրուեց ՀՕՄի Նոր Շրջանային Վարչութիւն

Fotor0722120249ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 18-20 Յուլիս 2014ին, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը գումարեց իր 94րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը, Հոլիվուտի Հայ կեդրոնէն ներս, հիւրընկալութեամբ տեղւոյն ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղին:

Ժողովը սկիզբ առաւ Ուրբաթ, 18 Յուլիս 2014ին, ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանի ողջոյնի խօսքերով:

Հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցեց Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: ՀՅԴի Կեդր. կոմիտէի պատգամով ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, իսկ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեց Անի Քէշիշեան:

Ժողովականները հետեւեալ ընկերուհիները ընտրեցին՝ իբրեւ Շրջանային վարչութեան նոր անդամներ. Պեքի (Ռեպեքա) Պէրպէրեան, Սաթենիկ Ղազարեան, Այտա Պապայեան եւ Ռիթա Հինդլեան:

asbarez.com

21/07/2014