[1]Այն ինչ հրապարակուեցաւ եւ կը շարունակուի հրապարակուիլ Սոչիի մէջ կայացած Ռուսիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման մասին արտակարգ որեւէ նորութիւն չի փոխանցեր: Ակնկալելիօրէն անգամ մը եւս խօսուած է խաղաղ կարգաւորման, պատերազմական գործողութիւններէ զերծ մնալու եւ փոխզիջումներով խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութեան մասին: Բանակցային խորապատկերին վրայ երեւցող հիմնական եւ ուշադրութիւն գրաւող բաժինը հանդիպման վայրն է, գերմիջնորդի ներկայութիւնն ու կատարած շատ լուրջ կշռադատուած ուղերձները կողմերուն: Այս բոլորը հրապարակային բաժնով, լուսարձակներու տակ, նկարահանուած եւ հեռարձակուած տարբերակներով փոխանցուող:
Ռուսական գերմիջնորդի հանգամանքի ինքնաստանձնումի միտումները չեն թաքնուած: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիան յարգանքով կը վերաբերի ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցին մէջ միջազգային ձեւաչափերուն, հետագային ալ կը մասնակցի անոնց, բայց կը ծրագրէ օգտագործել նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու առանձնայատուկ բնոյթը` իրավիճակը կարգաւորելու համար:
Մինչեւ այս եռակողմ հանդիպումը մեկնաբանութիւնները կեդրոնացած էին խաղաղապահ գործողութեան իրականացման հաւանականութեան վրայ` շեշտելով, որ Ռուսիան մտադիր է խաղաղապահ զօրքեր տեղակայել Արցախ-Ազրպէյճան սահամանագիծին վրայ: Չէ բացառուած, որ այս առաջադրանքը կը մնայ նոյնը: Ամերիկացի համանախագահն ալ իր վերընդգծած սկզբունքներուն վերջինը յատկացուցած էր խաղաղապահ գործողութիւն իրականացնելու անհրաժեշտութեան: Ուորլիքի յայտարարութիւնները կարճ ժամանակ ետք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ նկատուած էին պաշտօնական Ուաշինկթընի տեսակէտ: Բնականաբար սակայն, Ուորլիքն ու իր պետութիւնը այլ բաղադրիչներով կը պատկերացնեն խաղաղապահ գործողութեան իրականացումը:
Թէ փակ խորհրդակցութիւններուն այս առաջադրանքը քննարկման թեմա եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ, կը մնայ քաղաքական մեկնաբանութեան եւ ենթադրութեան սահմաններուն մէջ: Պարզը այն է, որ Մոսկուան իր ազդեցութեան գօտի կը փորձէ վերադարձնել Պաքուն, եւ այնտեղ աւելի հաստատ ու կայուն տեղ տրամադրել անոր: Մինչ այդ իրավիճակը կարգաւորելու համար կրնար նպաստաւոր նկատուիլ զինուորական սահմանափակ գործողութիւններու ձեռնարկումը, զանոնք քաջալերելը, եւ նախապատերազմական մթնոլորտ ստեղծելը: Զուգահեռ` սպառազինելը: Ամփոփումը ռուսական ուղերձին այս բոլորին մէջ այն է, որ Մինսքի խմբակի ձեւաչափը կը շարունակէ գործել, բայց գերմիջնորդը եւ բանակցային խաղի կանոններու թելադրողը Մոսկուան է, որ կը ծրագրէ օգտագործել նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու առանձնայատուկ բնոյթը` իրավիճակը կարգաւորելու համար: Հայաստանի Հանրապետութեան առընթեր կ՛աւելնայ ուրեմն Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու առանձնայատուկ բնոյթը:
Փորձենք տեսնել այս անգամ ամերիկացի համանախագահի յայտարարութեամբ փոխանցուող ուղերձին միտք բանին, Սոչիի հանդիպումին առիթով: Հարցազրոյցի մը ընթացքին դրական գնահատական տալէ ետք ռուսական ճիգերուն, ամերիկացի համանախագահը հետեւեալ բառերով կը բնութագրէ իր երկրին առնչութիւնը արցախեան հարցի կարգաւորման բանակցութիւններուն: «Անշուշտ, աշխարհի տարբեր անկիւններուն տիրող բարդ իրավիճակները անհանգստութեան մեծ առիթ են Միացեալ Նահանգներու համար, սակայն ասիկա ոչ մէկ ձեւով չի թուլացներ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման անհրաժեշտութեան առաջնայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու համար: Մեր նպատակն է Եւրոպան ամբողջական, ազատ եւ խաղաղ տեսնել»:
Ըստ Ուորլիքի, Արցախի հարցը ուրեմն առաջնային խնդիր է Ուաշինկթընի համար: Ուաշինկթընի համար առաջնային, Մոսկուայի համար առանձնայատուկ: Բայց այս չէ միայն յատկանշական կէտը ամերիկացի բանագնացին ըսածին մէջ:
Արցախը ամբողջական Եւրոպայի տարածքին մէջ տեսնող Ուաշինկթընի ներկայացուցիչը այս պարագային ուղերձ ունի Մոսկուայի ղեկավարին: Արցախեան հարցով ուղերձ ուղարկողը սակայն պէտք է յստակ պատասխան տայ, որ առաջադրուած ամբողջական, ազատ եւ խաղաղ Եւրոպայի վերջին փակ սահմանին պատասխանատուն ո՞ր պետութիւնն է եւ թէ ինչո՞ւ կը շարունակէ արգելակել Եւրոպայի ամբողջականացման, ազատականացման եւ խաղաղեցման գործընթացը:
Ուաշինկթընի համար Արցախը Եւրոպա է, իսկ անոր հարցը առաջնային: Մոսկուայի համար` Արցախը Եւրասիա (առանց մաքսակէտի յստակացման…), իսկ հարցը` առանձնայատուկ: Սոչիով կը հաստատուի, որ առայժմ գերմիջնորդի ղեկը Մոսկուայի ձեռքին է:
«Ա.»
aztagdaily.com