[1]«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամները արձագանգած են Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին վրայ կատարած յարձակումին եւ կոչ ուղղած են երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու:
Քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Պրետ Շըրմըն եւ Տէյվիտ Չիչիլինէ հրապարակած են յայտարարութիւններ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման վերջին դէպքերուն կապակցութեամբ:
«Երկու տասնամեակ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կ՛ապրի Ազրպէյճանի արձակազէններու կրակոցին մնայուն սպառնալիքին տակ, իսկ Ազրպէյճան կը փորձէ վերահսկողութիւն հաստատել հիմնականին մէջ հայաբնակ այդ շրջաններուն մէջ: Անցեալ շաբաթ ազրպէյճանական ուժերը շփման գիծին վրայ դարձեալ կատարած են յարձակումներ, որոնց պատճառով երկու կողմերէն կորուստներ արձանագրուած են:
«Բռնութեան վերջին դէպքերը պէտք է խստօրէն դատապարտուին, եւ Միացեալ Նահանգներ պէտք է Ազրպէյճանի իշխանութեան կոչ ուղղեն հրաժարելու արձակազէններու օգտագործումէն, յատկապէս` քաղաքային անձերու դէմ, եւ Միացեալ Նահանգներու զինուորական աջակցութիւնը պէտք է կասեցուի, այնքան ատեն որ Ազրպէյճան այդ մէկը չէ կատարած», ըսուած է Շիֆի յայտարարութեան մէջ:
Շըրմըն իր կարգին ընդգծած է. «Ես խորապէս կը ցաւիմ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի սահմանին վրայ տիրող բռնութեան դէպքերուն եւ քանի մը հայ ու ազրպէյճանցի զինուորներու զոհուելուն կապակցութեամբ: Ես ապշած եմ Ազրպէյճանի կողմէ Կարմիր խաչի աշխատակազմին դէմ կատարուած յարձակումէն` Հայաստանի սահմանային գիւղին մէջ եւ Պաքուի` արձակազէններու տեղակայման որոշումէն: Ես անկեղծօրէն յոյս ունիմ, որ Ազրպէյճանը զերծ մնայ արձակազէններու հետագայ օգտագործումէն` փոխարէնը մասնակցելով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ արդիւնաւէտ բանակցութիւններուն»:
Իսկ Չիչիլինէ յայտնած է. «Ես խորապէս մտահոգուած եմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումով եւ յոյս ունիմ, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան կրնան խաղաղութիւնը վերականգնելու միջոցը գտնել: Ես խստօրէն կը դատապարտեմ Ազրպէյճանի իշխանութեան կողմէ արձակազէններու յարձակումները, որոնք ուղղակի զինադադարի համաձայնագիրի եւ միջազգային իրաւունքի խախտումներ են, եւ ես ցնցուած եմ ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ Կարմիր խաչի ներկայացուցիչներուն դէմ իրականացուած յարձակումին մասին տեղեկութիւններէն»:
aztagdaily.com