- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Սեպտեմբերի սկիզբ, 1908. Արամ եւ իր 150 ընկերները ազատ արձակուեցան Վանի բանտերէն

Fotor0904120432 [1]Սեպտեմբերի առաջին օրերը, 106 տարի առաջ, առանձնայատուկ ոգեւորութեան պահեր ստեղծեցին Վանի եւ ընդհանրապէս հայոց աշխարհի տարածքին։

Մարտ 1908ին Դաւոյի դաւաճանութեան հետեւանքով ձերբակալուած հարիւրաւոր հայ յեղափոխականները, որոնց շարքին նաեւ Վանի եւ ընդհանրապէս Վասպուրական շրջանի Դաշնակցութեան լիազօր ներկայացուցիչը՝ Արամ, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով, ազատ արձակուեցան բանտէն։

Կոմս (Վահան Փափազեան) եւ Ռուբէն, իրենց յուշերուն մէջ, ինչպէս եւ Արշալոյս Աստուածատրեան, Արամին նուիրուած իր մենագրութեան մէջ, դժբախտաբար շատ հակիրճ կþանդրադառնան Արամի եւ իր 150 ընկերներուն բանտէ ազատ արձակումին։ Բայց այդքանն իսկ բաւարար է, որպէսզի այսօրուան հայ իրականութեան ազգային¬քաղաքական խմորումներուն, ինչպէս նաեւ հայ քաղաքական մտքի վերիվայրումներուն ու ղեկավար գործիչներու վարքուբարքին մասին կարենանք ուսանելի չատ դասեր քաղել մեր անցեալէն։
Մարտին պատահած էր Դաւոյի դաւաճանութիւնը, որուն հետեւանքով թրքական իշխանութիւնները գաղտնազերծեցին եւ գրաւեցին հսկայական քանակութեամբ զէնք, փամփուշտ, ռումբ եւ ուժանակ, որոնք տարիներու ընթացքին՝ անասելի դժուարութիւններով եւ աննման գործիչներու արեան գնով բերուած էին Երկիր ու պահեստա- ւորուած, մաս մը Վասպուրականի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին ծառայեցնելու եւ մնացեալը դէպի Սասուն, Կարին եւ այլուր փոխադրելու համար։

Թէեւ Դաւօ ահաբեկումով պատժուեցաւ օր ցերեկով, հակառակ թուրք ոստիկաններու պաշտպանութեան, եւ Վանի մէջ հայ յեղափոխական շարժման վարկն ու հեղինակութիւնը զգալապէս բարձրացան, բայց թրքական իշխանութիւնները ուղղակի սարսափած եւ սահմռկած էին ի տես պահեստաւորուած զինամթերքին։ Համոզուած էին, որ Դաշնակցութիւնը շատ աւելի մեծ քանակութեամբ պահեստաւորուած զինամթերք պէտք է ունենար։ Անոնց գաղտնազերծման համար իշխանութիւնները դիմեցին ամէն միջոցի՝ նոր դաւաճան¬մատնիչներ փնտռելով կամ Վանի պահպանողական¬աղայական խաւը հետեւողական ճնշումի ու սպառնալիքի տակ առնելով, որպէսզի ձեռք անցընեն թէ՛ շարժման ղեկավարութիւնը՝ Արամի գլխաւորութեամբ, թէ՛ մնացեալ զէնքի պահեստները։

Ահա՛ այս պայմաններուն մէջ, մինչ այդ շարունակ թագստոցէ թագստոց տեղափոխուող, ոստիկանական հետապնդումներէն խուսափող եւ յեղափոխական կազմակերպման գործը շարունակող Արամի հաշւոյն, շրջանի պատասխանատու մարմինն ու գործիչները որոշեցին, որ իբրեւ մնայուն թագստոց գործածուի Վանի մեծ ջրհորը։ Արամ եւ 19 ընկերներ հոն պատսպարուեցան։

Բայց մատնութիւնը դարձեալ իր չարիքը գործեց եւ Ապրիլի սկզբնաւորութեան, ջրհորը գաղտնազերծելով, ոստիկանութիւնը ձերբակալեց Արամն ու իր ընկերները՝ միաժամանակ լայնատարած խուզարկութեանց ձեռնարկելով ողջ Այգեստանի տարածքին։
Հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ բանտ նետուեցան եւ խստագոյն չարչարանքներու ենթարկուեցան, որպէսզի անոնցմէ խոստովանութիւններ կորզելով՝ թուրք ոստիկանութիւնը կարենար բացայայտել թէ՛ յեղափոխական շարժման ծրագրած քայլերն ու գործողութիւնները, թէ՛ զէնքի մնացեալ պահեստները։

Յատկապէս Արամ եւ Ղելօ (Ղ. Ղելոյեան) ծանրագոյն չարչարանքներու ենթարկուեցան։ Ոստիկանութիւնը ձեռք անցուցած էր Արամի մօտ գտնուող ծածկագիր գրութիւններ եւ ամէն գնով կը ստիպէր Արամին, որպէսզի ծածկագրի վերծանման գաղտնիքը յայտնէր։ Թէեւ այդ չարչարանքներուն եւ բանտային խիստ պայմաններուն հետեւանքով լրջօրէն քայքայուեցաւ Արամի առողջութիւնը եւ այնուհետեւ բնաւ չվերականգնեցաւ, այսուհանդերձ՝ Հայաստանի անկախութեան ապագայ կերտիչը միայն արհամարհանքով պատասխանեց զինք չարչարանքի տակ խոստովանութեան մղել փորձողներուն։

Յատկապէս պատմութեան անցած է Արամի այն պատասխանը, թէ «Ես Վան չեմ եկած ատոր (կեանք փրկելու) համար»… «Ես եկած եմ օգնելու իմ ժողովրդին բռնակալ կառավարութեան դէմ»։

Արամ եւ հարիւրաւոր հայ յեղափոխականները բանտ մնացին մինչեւ Օգոստոս 1908ին Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը։ Այնուհետեւ, պայմանները կտրուկ փոխուեցան՝ առնուազն սկզբնական շրջանին, երբ ոչ միայն բանտերէն ազատ արձակուեցան հայ քաղաքական բանտարկեալները, այլեւ իթթիհատական պարագլուխներ, նահանգ առ նահանգ շրջելով, հայ ազատագրական շարժման ղեկավար գործիչներուն հետ միասնական ճակատով ներկայացան ժողովուրդին՝ թուրք, քիւրտ եւ հայ բազմութիւններուն, Ազատութեան, Հաւասարութեան եւ Եղբայրութեան նուիրուած լորձնաշուրթն, բայց կեղծ գովերգներով։

Արամի եւ իր ընկերներուն բանտէ ազատ արձակումը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբերի առաջին օրերուն եւ Վանի հայութիւնը հերոսի փառքով գրկեց ազատութեան վերատիրացած իր զաւակները։ Այդ առթիւ Վան ժամանեց իթթիհատական պարագլուխներէն Վեհիբ Պէյ, որ Արամի, Իշխանի եւ Ռուբէնի կողքին ներկայացաւ ժողովրդային հաւաքներու, հայեւթուրք յարաբերութեանց մէջ լուսաւոր նոր էջ բանալու սուտ ու սին խոստումներով։

Յատկանշական եւ ուսանելի դասը, ընդհանուր ոգեւորութեան եւ յոյսերու այդ հեղեղին մէջ, Արամի, Ռուբէնի, Իշխանի եւ յեղափոխական դաժան պայքարի բովէն անցած միւս գործիչներու մօտ առաջին իսկ պահէն յայտնուած թերահաւատութիւնն էր՝ իթթիհատական խոստումներուն նկատմամբ։ Անոնք առաջնորդող կորիզը հանդիսացան դաշնակցական այն գործիչներուն, որոնք «Ազատութեան եւ Հաւասարութեան» խոստումներէն անդին՝ իթթիհատական նորահաստատ իշխանութիւններէն պահանջեցին շօշափելի երաշխիքներ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութեան համար, այդ շարքին բռնագրաւեալ զէնքերուն ու զինամթերքին վերադարձը նախապայման դարձնելով։

Առանձին քննարկման նիւթ է, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումը, հայեւթուրք յարաբերութեանց կտրած ուղիին լուսաբանումը։
Այսօրուան լուսարձակը կեդրոնացած է Սեպտեմբերի առաջին օրերուն վրայ, երբ 106 տարի առաջ, Արամ եւ իր 150 ընկերները ազատ արձակուեցան Վանի օսմանեան բանտերէն։
Հայ ժողովուրդի ազգային¬ազատագրական շարժման ոգեւորիչ պահերէն մէկն էր ատիկա, որ հետագայ յաղթանակներու ուղին հարթեց Հայաստանի եւ հայութեան առջեւ։
Արամ եւ իր ընկերները չընկրկեցան բանտային ծանրագոյն չարչարանքներու ճնշումին տակ։ Անոնք ազատագրական պայքարը շարունակելու իրենց վճռականութիւնը ամրագրեցին մինչեւ անգամ թրքական իշխանութեանց ձեռքը ինկած ըլլալու ժամանակ։

Աւելի՛ն, վերագտնելով հանդերձ իրենց ազատութիւնը, Արամ եւ իր ընկերները անձնատուր չեղան հանգիստ ու ապահով կեանքի փորձութեանց։ Սահմանադրական կարգերու հաստատման ընդհանուր ալիքին մէջ, անոնք թէեւ յարգեցին ժողովրդավարական եւ խորհրդարանական քաղաքականութեան խաղին օրէնքները, անշո՛ւշտ ոգի ի բռին մասնակցեցան Օսմանեան Խորհրդարանին մէջ հայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան գործին, բայց ամէն բանէ վեր դասեցին եւ անշեղօրէն կառչած մնացին հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ու ամբողջական ազատագրութեան իրա՛ւ, շօշափելի երաշխիքներու ձեռքբերման ու պահպանման Ուղիին։

Ն.