- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին

images [1]Հանրապետութեան նորընտիր միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տըրիանի շնորհաւորական այցելութեանց ծիրին մէջ, երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Սեպուհ Յովնանեանէ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիէ եւ ուժանիւթի ու ջուրերու հարցերու նախարար Արթուր Նազարեանէ, այցելեց Տար Ֆաթուա:

Շէյխ Տըրիանի հետ հանդիպումը առիթ էր շնորհաւորելու հանրապետութեան միւֆթին` իր պաշտօնի ստանձնումին առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկելու ներլիբանանեան իրադարձութիւնները:

aztagdaily.com