[1]Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Հանս Սթոլթընպըրկի յայտարարութիւնը, թէ` «մեր գլխաւոր խնդիրն է Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը, կայ ցամաքային ուժեր տեղակայելու հաւանականութիւն, եթէ մենք տեսնենք անվտանգութեան սպառնացող որեւէ գործողութիւն», տարածաշրջանային իրադարձութիւններու խորապատկերին վրայ քաղաքական տրամաբանութեան քանի մը մեկնաբանութիւն կրնայ յուշել:
Նախ անշուշտ, դասական պարզ այն մօտեցումը, որ ՕԹԱՆ-ը կը զօրակցի իր անդամ պետութիւններուն եւ ի պահանջեալ հարկին զինուորական միջամտութեան կը դիմէ:
Այս պարզունակ մօտեցումէն անկախ սակայն, յայտարարութեան մէջ կայ ուղերձային երկու կարեւոր հանգամանք:
ՕԹԱՆ-ի գերխնդիրը այսօր Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումն է: Հանս Սթոլթընպըրկը այսպիսով ըսել կ՛ուզէ, որ ռազմաքաղաքական սեղանի վրայ այսօր քննարկումի նիւթ է Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը: Իր հերթին, պահպանման անհրաժեշտութեան ընդգծումը մտածել կու տայ ,որ վտանգը թակած է Թուրքիոյ սահմանները: Աւելիով կը համոզուի դիպաշարին հետեւողը, որ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն Անգարայի առնչուածութեան տարողութիւնը, ապահովական եւ ոչ թռիչքային գօտիներու առաջադրումը հիմնովին կապուած է Թուրքիոյ սահմաններու սասանելիութեան հաւանականութեան բարձրացման հետ: Չմոռնանք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան վերլուծական բաժանմունքի յառաջիկայ 20 տարուան վերաբերող կանխատեսումները, ուր տեսանելի էր Թուրքիոյ այսօրուան տարածքի մասնատման գաղափարը: Անշուշտ հիմնական վտանգը կապուած էր քրտական գործօնին հետ: Փաստօրէն Թուրքիոյ առաջադրած ապահովութեան գօտին արգելակումն է տարբեր տարածքներու մէջ ապրող քիւրտ ազգաբնակչութեան միաւորման: Միջազգային մամուլի ամէնէն հեղինակաւոր ներկայացուցիչները թրքական այս մղձաւանջին մասին սեւով սպիտակի վրայ կը շարունակեն գրել: Իսլամական պետութեան զինեալներուն նկատմամբ կիրարկած քաղաքականութեամբ, անոնց ճամբով քրտական վտանգը հեռացնելու հեռակառավարման իր վարքագիծով Անգարան այսօր կը նկատուի առաջադրուած խալիֆայութեան հիմնական կեդրոնը: Պարզ` Անգարան քիւրտերուն դէմ կը կռուի Իսլամական պետութեան զինեալներուն ճամբով:
Թրքական զօրքին Սուրիա մուտքը յայտնաբար ռազմաքաղաքական առաջադրանք է Անգարային համար: Շարժառիթ-մտահոգութիւն նոյնն է այս պարագային: Քրտական վտանգին հեռացումը թրքական սահմաններէն: Քոպանիի շուրջ զարգացող զինուորական բախումները, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքներու վրայ ապրող ազգաբնակչային զտումներ հետապնդող շարժումները պարզապէս այդ մասին կը վկայեն:
Այստեղէն է, որ կարելի է մեկնաբանել ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարին հակիրճ յայտարարութեան երկրորդ մասը: Կայ ցամաքային ուժեր տեղակայելու հաւանականութիւն, եթէ մենք տեսնենք անվտանգութեան սպառնացող որեւէ գործողութիւն:
Ուրեմն ՕԹԱՆ-ի զօրքերու շրջան տեղակայումը քննարկուող առաջադրանք է: Պահու ճշդումն է, որ առկախ է տակաւին: Եթէ ՕԹԱՆ-ը նկատէ անվտանգութեան սպառնացող որեւէ գործողութիւն: Այնքան անորոշ է այս պահու ճշդումի հիմնական պատճառը, որ կարելի է որեւէ պահու ակնկալել ՕԹԱՆ-ի զօրամիաւորումներու ներկայութիւնը: Իսլամական պետութեան կազմակերպած գործողութիւնները լաւագոյն ենթահողն են այդ միջամտութեան:
Բայց հոս չ՛աւարտիր ուղերձին բովանդակութիւնը: Յայտարարութեան ծանօթացողը կրնայ տեսնել նաեւ Թուրքիոյ վերաբերող պատգամը: Եթէ միջամտող կամ տեղակայուող պիտի ըլլայ այդ ալ ՕԹԱՆ-ի ուժերն են:
Ուրեմն. Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը վտանգուած է. իսկ թրքական սահմաններէն դուրս Անգարան զօրք ուղարկելու հնարաւորութիւն չունի. եթէ պէտք ըլլայ, այդ հարցով կը զբաղի ՕԹԱՆ-ը:
«Ա.»
aztagdaily.com