- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանական Յարձակումը

Ասպարեզ [1]Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբերին, Ատրպէյճանական Զինուած ուժերը շարունակելով զինադադարի պայմանները խախտելու իրենց վարքագիծը՝ կրակ բացած են Արցախի Պաշտպանական Բանակի ռազմական ուղղաթիռին վրայ, որ վար ինկած է ու անոր անձնակազմի երեք անդամները նահատակուած են:

Կեդրոնական Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի իշխանութեանց յարձակողապաշտ քաղաքականութեան այս նոր դրսեւորումը եւ կը պահանջէ Մինսկի խումբի համանախագահներէն եւ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն՝ կարգի հրաւիրել շրջանային կայունութիւնը վտանգող արկածախնդրութեանց հակամէտ Ալիեւի ռազմապաշտ վարչակարգը:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

asbarez.com