- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Եթէ Չհասկցար, Վերստին Կը Բացատրենք

FotorCreated777 [1]Նոյեմբեր 12-ին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ արձակուած հրթիռին պատճառով երեք հայ զինուորներ նահատակուեցան, իսկ հրթիռը արձակողը շքանշանով պարգեւատրուեցաւ: Կրկին, ազրպէյճանական բանակը յաջողեցաւ ձախողութիւն մը եւս արձանագրել` ի զուր փորձելով դուրս գալ իր ապրած տագնապէն եւ ակամայ ցոյց տալով ստորակայութեան բարդոյթ:

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները, ըստ սովորութեան, կրկին կը մեղադրեն հայկական կողմը, մինչդեռ փաստ է, որ հայկական կողմը երբեք չէ աշխատած «խաղաղութիւնը» խախտելու եւ անկայունութիւն ստեղծելու հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ: Տրամաբանութիւն` պատերազմին յաղթեցինք:

Յստակ է, որ ազրպէյճանական կողմը երբեք չէ մարսած երկու տասնամեակներ առաջ իր կրած պարտութիւնը եւ կը փորձէ սահմանային տագնապը միշտ թարմ պահել: Ծանր զէնքի գործածութիւնը ռազմական եւ քաղաքական հեռանկար ունի, նկատի առած նաեւ, որ այս դէպքը իր տեսակին մէջ առաջինն էր անկախութեան 23 տարիներուն ընթացքին:

Եթէ ԵԱՀԿ-ն իրա՛ւ կոչուած է տարածաշրջանին ապահովութիւնը պահպանելու, իսկ Մինսքի խմբակը` Արցախի հարցը խաղաղօրէն լուծելու, ապա Ազրպէյճանը պէտք է խստօրէն պատժուի այս եւ անցեալի ռազմական գործողութիւններուն համար: Բայց կը թուի, թէ արեւմտեան քաղաքական արժեչափերը փոփոխական են եւ կը հետեւին «ուժով իրաւունք»-ի սկզբունքին: Բոլորին կը յիշեցնենք 88-94 թուականները, եւ կ՛ըսենք, թէ մենք լաւ հասկցած ենք այդ սկզբունքը եւ պատրաստ ենք վերստին կեանքի կոչելու զայն, եթէ գոյութենական հարց ծագի:

Յամենայն դէպս, եթէ ճղճիմ եւ յուսահատ ազերի իշխանութիւնները կը կարծեն, որ այսպիսի արարքներով մեր մէջ վախ եւ խուճապ պիտի ստեղծեն, անոնք չարաչար կը սխալին: Այսպիսի ցաւալի լուր մը առնող հայը, ըլլայ ան երիտասարդ կամ տարեց, Հայաստանի բնակիչ, թէ սփիւռքահայ, միմիայն հայրենիքի պաշտպանութեան կանչը կը լսէ:

Հայրենի հողի վրայ ազատ ապրիլը իւրաքանչիւր հայու երազն էր, ինչ որ իրականացաւ, սակայն հայրենի հողին համար զոհուիլը իւրաքանչիւր հայու տենչանքն է:

ՀՅԴ – ԶՈՄ

aztagdaily.com