ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

ԱսպարեզՀայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կ՛ողջունէ իր նահատակ զինուորներու մարմինները տուն վերադարձնելու Հայոց Փառապանծ բանակի սխրալի գործողութիւնը:

Համաձայնագրերու ու մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումով, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մեր զոհուած զինուորներու մարմինները յանձնել մերժելով փորձեցին բարոյալքել հայկական բանակն ու զայն սնող ժողովուրդը: Սակայն, այս անգամ եւս Հայկական Բանակը ցոյց տուաւ թշնամիին, որ գործ ունի անպարտելի կամքով, հզօր ներուժով ու յանդուգն նախաձեռնութիւններու ատակ ուժի մը հետ:

Հայկական Բանակը իր այս գործողութեամբ, առաւել համոզիչ դարձուց, որ Ատրպէյճան ռազմական ճանապարհով երբէք չի կրնար Արցախին պարտադրել իր ինքնորոշման իրաւունքը անտեսող որեւէ լուծում:

Մենք հպարտ ենք մեր բանակով: Փառք Հայկական Զինուած Ուժերուն:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

http://asbarez.com/

Տպել Տպել