ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի 48րդ Շրջանային ժողովը կ՚աւարտէ իր աշխատանքները

ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէութեան 48րդ Շրջանային ժողովը, որուն առաջին նիստը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 21 Յունիսին, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին մէջ, եւ չորսօրեայ աշխատանքներէ ետք՝ Կիրակի ուշ երեկոյեան իր աւարտին հասաւ՝ վերջին օրակարգով ընտրելով Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմ մը, որ շրջանի կառոյցը պիտի ղեկավարէ յառաջիկայ երկու տարիներուն:

Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ ինը անդամներէն.

Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, Աւետիք Իզմիրլեան, դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Մարտիկ Կապուտեան, դոկտ. Դալար Շահինեան, դոկտ. Արա Խանճեան, Գօգօ Թօփալեան, Պետիկ Գազանճեան եւ Շանթ Պապուճեան:

Շրջանային ժողովը նաեւ հաստատեց բանաձեւի յանձնախումբին կողմէ խմբագրուած յայտարարութեան մը բնագիրը: Յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ կը հրատարկենք ստորեւ:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի 48րդ Շրջանային Ժողովի Յայտարարութիւնը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի 48րդ Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ Յունիս 21էն 24, 2012ին, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին մէջ:

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ յատկապէս Քալիֆորնիա, Արիզոնա, Թեքսաս եւ Նեւատա նահանգներու մէջ գործող 19 կոմիտէութիւններ ներկայացնող պատգամաւորներու, ՀՅԴ «Շանթ» Ուսանողական միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներու, ինչպէս եւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ գումարուած ժողովը հանգամանօրէն քննեց կազմակերպութեան երկամեայ գործունէութիւնը, կատարեց անոր գնահատումը եւ մշակեց յառաջիկայ երկու տարիներու աշխատանքային ծրագիրը:

Շրջանային ժողովը քննարկեց ամերիկահայ գաղութի իրավիճակը, ճշդեց անոր կարիքները ու գնահատեց անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Հայ Դատի հետապնդման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու առաջնահերթութիւնը յստակացնելէ ետք, ժողովը քննարկեց տրամադրելի միջոցներու ընդլայնման, մեր ազգային ձգտումները առաւել արդիւնաւէտութեամբ յառաջ տանելու նպատակով համայնքի լայն շրջանակներու ներգրաւման ծրագիրները, ինչպէս նաեւ մեր ապագան մարմնաւորող երիտասարդութեան սատար կանգնելու առաջադրանքները:

Ժողովը իր օրակարգին մէջ առանցքային տեղ տուաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը իրագործած թրքական կառավարութեան ուրացումի քաղաքականութեան հակազդելու, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրին արդար հատուցում ապահովելու նպատակին ուղղուած միջոցներու քննարկումներուն:
Ժողովը իր մտահոգութիւնը յայտնեց հայրենիքի մէջ տիրող ծանր իրավիճակին, հայրենի ժողովուրդին դիմագրաւած լուրջ ընկերա-տնտեսական դժուարութիւններուն եւ Ջաւախքի մեր ազգակիցներուն դէմ ծառացած ամէնօրեայ անյաղթահարելի խոչընդոտներուն նկատմամբ: Ժողովը նաեւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ ինքնորոշուած Արցախի անկախութեան ամրապնդման ի խնդիր՝ հերոսական ժողովուրդի մաքառումներուն, որոնց ընթացքին ցուցաբերուած վճռականութիւնն ու կամքի ուժը ներշնչման անսպառ աղբիւր են բոլորիս:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի 48րդ Շրջանային ժողովը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ շրջաններու մէջ ապրող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք ամէն օր ենթակայ են ազերի սադրանքներու: Ժողովը նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայրենիքի սահմանները յուսալիօրէն պաշտպանող խիզախ զինուորներուն եւ խոնարհութեամբ խնկարկեց յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք ինկան իրենց վեհ առաքելութեան ճամբուն վրայ:

Տպել Տպել