- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան Երկրորդ Քաղաքը Միայն Ռազմակայան Չէ

երկրաշարժ [1]Սպիտակն ու Գիւմրին հարուածած երկրաշարժէն 26 տարի ետք հարցումը կը մնայ հրամայական: Աղէտի գօտին վերածուա՞ծ է զարգացման գօտիի: Անշուշտ կարելի չէ անտեսել այն ճիգերը, որոնք պետական եւ հասարակական մակարդակներու վրայ անցնող քսանամեակին տարուեցան` այս գօտին դուրս բերելու իր վիճակէն: Բնակարաններու շինարարութենէն, ճանապարհաշինութենէն մինչեւ ենթակառուցային ծրագիրներու իրականացում, կարելի է ըսել, շրջանը որ դիմափոխուած է:

Յատկապէս Գիւմրին, իբրեւ երկրորդ կարեւորագոյն քաղաք, քաղաքաշինութեան համապետական ծրագիրներուն մաս կը կազմէ: Հայաստանի Հանրապետութեան երեւանակեդրոնութիւնը կամ Երեւանէն դուրս, մնացեալ քաղաքներու եւ գիւղերու ոչ համաչափ զարգացման միտումներու գործընթացը շրջելու համար, առաջին աշխատանքային վայրը Գիւմրին կարելի է նկատել:

Անշուշտ աշխատանքները բաւարար չեն եւ ակնկալուած արդիւնքը տակաւին չ՛երեւիր այս իմաստով: Երեւանակեդրոնութիւնն ու քաղաքներու անհամաչափ զարգացումը միայն Գիւմրիին կամ առհասարակ աղէտի գօտիէն զարգացման գօտիի անցումի խնդիրը չէ: Համապետական խնդիր է այս մէկը, մանաւանդ, երբ նկատի կ՛ունենաք անոր ժողովրդագրական անվտանգութեան երեսը:

Աղքատութեան յաղթահարման ծրագիրներու ոչ արդիւնաւէտ աշխատիլը հիմնական խոչընդոտ է ոչ միայն Գիւմրիի ու Սպիտակի, այլ նաեւ ամբողջ հանրապետութեան ոչ ակնկալուած չափերով զարգացման ցուցանիշերու արձանագրութիւնը:

Մարդոց յիշողութեան մէջ երկար քանդակուած պիտի մնայ կիսափուլ հրապարակային ժամացոյցի երկրաշարժի ճիշդ ժամը սահմանող եւ այնպէս ալ մնացած սլաքները: Այդ օրէն ասդին այդ սլաքները որքա՞ն ժամանակի ճշգրտութեամբ շարունակած են իրենց անընդմէջ երթը, դժուար է չափելը: Դժուար չէ սակայն համոզուիլը, որ ժամանակի կշռոյթով չէ աշխատած երկրաշարժի ժամուն կանգ առած ժամացոյցը: Վերը նշուած պատճառներով, մէկ կարեւոր մասով:

Մնացեալ մասը անպայման մեր հանրապետութեան շրջափակումն ու հակառակորդներու կողմէ մեր երկրին դէմ յայտարարուած տնտեսական պատերազմը չէ: Թէեւ է՛, մէկ կարեւոր մասով:

Գիւմրին Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական յատուկ գործընկերոջ` Ռուսիոյ դաշնութեան համար կը նկատուի զինուորակայան: Ռուսական ռազմակայանի այնտեղ կեցութեան համաձայնագիրի վերանորոգումը երկարատեւ կտրուածքով, ռուսական ջոկատներու նոր տեղակայումները եւ զինուժի նորագոյն արտադրութիւններու Գիւմրիի մէջ յայտնուիլը կը համոզեն, քաղաքին կամ առհասարակ տարածքին ներկայացուցած ռազմական եւ ռազմավարական կարեւորութիւնը:

Իբրեւ Թուրքիոյ սահմանակից հայկական քաղաք Գիւմրիին տրուած ռազմական այս նշանակութիւնը իր հիմնաւորումներն ու բացատրութիւնները ունի անշուշտ: Սակայն մեր ռազմավարական գործընկերները պիտի իմանան նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ քաղաքը միայն ռազմակայան չէ: Անիկա քաղաք է, որ պիտի ապրի, շնչէ, զարգանայ ու բարգաւաճի, ժամանակակից հասկացողութեամբ իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ հանրապետութեան կարեւորագոյն երկրորդ քաղաքը: Ռազմավարական գործընկերները միայն ռազմական հիմնադրոյթներու վրայ չեն մշակեր իրենց հայեցակարգերն ու համագործակցութեան դաշտը ընդհանրապէս:

Այս բոլոր հանգամանքներուն նկատառումով է միայն, որ պէտք է մտածել թէ արդեօք կայացա՞ծ է աղէտի գօտիէն զարգացման գօտի անցումը:

06/12/2014