Անդրանիկ. Առաքելոց վանքի կռիւը-2


Առաքելոց վանքը Տարոնի հայկական անցյալի անխոս, խոնարհվող վկան է այսօր: Մշո Առաքելոցից շատ բան չի մնացել: Դեռ կիսականգուն է Սուրբ Թադեի զանգակատունը: Առաքելոց վանքում էր պահվում «Մշո ճառընտիրը»: Այսօր այն պահվում է Մատենադարանում:

ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՎԱՆՔԸ

Առաքելոց Վանքը մօտաւորապէս 1600-1700 տարուան պատկառելի հաստատութիւն մըն էր։ Մեր նախահայրերը իրենց տուներէն փառաւոր, իրենց ամրոցներէն աւելի ամրապինդ ու գեղեցիկ հոյակապ վանքեր կանգնած էին։ Առաքելոց Վանքը մի գուցէ Սբ. Աղբէրիկէն վերջ հաստատուած առաջին վանքն է, ուր մեր նախահայրերը իրենց յուսահատ եւ ուրախ օրերուն յառած են իրենց աչքերը հոն հաւատքի եւ յոյսի հետ։ Հոս այդ նուիրական հաստատութեան մէջ նոր գոյամարտ մը պիտի մղէինք ցեղին բարօրութեան եւ խաղաղիկ կեանքին համար։

Առաքելոց Վանքը Մուշ քաղաքէն մէկ ու կէս ժամ արեւելեան հարաւ լերան մը տափարակ գետնին վրայ կը կենայ, վեց էյքր(*) տարածութեամբ՝ սիրուն ծառաստաններով ու այգիներով շրջապատուած։ Երբ մեր աչքերը դէպի արեւելք յառենք 120 քայլի վրայ կը տեսնենք Աստուածածնի աշտարակը, իսկ արեւմուտք՝ վանքի այգին, հարաւ՝ իր գոմը եւ մարագը։ Իր քովիկն է Իշխանաց եւ Թադէոս Առաքեալի աղբիւրները։ Դէպի հարաւ Սասուն տանող ճամբան եւ Ծիրին կատարն է Կուռթիկ Կորէկի աղբիւրին հետ։

Առաքելոց Վանքը շրջապատուած Է մէկ քանի Հայկական գիւղերով։ Վանքին անմիջապէս ստորոտը կէս ժամ հեռուն Արախ կոչուած Հայկական գիւղն է, ժամ մը հեռաւորութիւն չունին Հաւատորիկ եւ Բերդակ գիւղերը։ Ժամ մը հեռաւորութեան վրայ ՏԷրքԷ վանքն է: Ժամ մը կարճ ճամբայով Մոկունքը, ժամ մը լեռնային ճանապարհով Մուշ քաղաքը։ Մուշ եւ վանքը բաժնող լեռը Խեւ Յովհաննէսի Քարերն են։

Հաստատուն եւ բարձր պարիսպ մը կը շրջապատէ վանքը։ Երկու դռներ ունի, որոնցմէ մէկը փոքր, իսկ միւսը երկփեղկանի կամարաձեւ մեծ երկաթապատ գամերով ծածկուած դուռ մըն է, վեց մէթր բարձր, վեց մէթր երկայն եւ հինգ մէթր խորունկ։

Վանքը ունէր իր սեփական ջաղացքները, այգիները, հողերը, կովերը, եզները եւ ոչխարները։ Ուխտաւորներուն համար շինուած էին մօտաւորապէս քառասուն սենեակներ։ Վանքին հոգածութիւնը եւ հսկողութիւնը յանձնուած էր Վանահայր Յովհաննէս Վարդապետին։ Յովհ. Վարդապետ բարի, ջերմեռանդ եւ առաքինի յատկութիւններով օժտուած կղերական մըն էր։ Իր հոգածութեան տակ էին 60-70 որբեր որոնց կը դասաւանդէր ուսուցիչ-վարպետ մը Հայերէն լեզուն, կրօնը եւ կը սորվեցնէր արհեստներ։ Վանքը իր ուսուցիչներով, կղերներով, տնտեսներով, հովիւներով ընդամէնն 80 հոգի էին։ Մենք հոս այս վանքին մէջ էր որ պիտի ամրանայինք ու կռուէինք թուրք զինուորին դէմ։

ԴԷՊԻ ՎԱՆՔ

Ժամանակ չկար, պէտք էր այլեւս գործի սկսէինք կառավարութեան ուշադրութիւնը մեր վրայ հրաւիրելով։ Քանի մը գիւղերու մէջ բնակող ծանօթ երիտասարդներուն ձայն կուտանք որ գան եւ մեզի միանան։ Կ’ուզենք որ մեր կազմակերպած եւ աչքի զարնող տղայքները, մօտաւորապէս երկու հարիւր հոգի, վանք բերենք իրենց չախմախլի եւ էվզէլի հրացաններով մէկտեղ։ Մեր նպատակն էր այս շարժումը յեղափոխական գոյնով չներկել սոսկ, այլ այդ շարժումին ժողովրդական գոյն տալ։

Մեր ունեցած կանոնաւոր զէնքերը միայն 87 հատ էին։ Այս զէնքերով էր որ պիտի կռուէինք թուրք արդիական բազմաթիւ հրացաններուն եւ թնդանօթներուն դէմ։ Ձեղին չարչարանքը եւ գործադրուած անարդարութիւնները մեր մէջ վրէժը լեռնացուցած էին այլեւս արիւնը արիւնով ներկելու եւ արցունքը արցունքով ծածկելու համար։ Երբ կը պատրաստուէինք վանք գալ, յանկարծ Մուշի դաշտի Ջրիկ գիւղացի Համբարձում անունով զինուորը հիւանդացաւ։ Օձէ՞ն, թէ կարիճէն խայթուած էր, չենք գիտեր։ Մէկ երկու օրուան մէջ ոտքին միսերը ամբողջովին թափան, այնպէս որ ոտքին ջիղերը եւ երակները կ’երեւէին։ Մեր ունեցած բոլոր բժշկական միջոցները գործադրեցինք բայց ի զուր։ Յայտնի էր որ մահը այլեւս մէկ քանի օրերու հարց էր։ Չէինք կրնար սպասել եւ ձգձգել մեր նպատակը։ Պէտք էր ժամ առաջ վանք երթալ եւ կարգադրել ամէն բան պաշարուելէ եւ Թուրք կառավարութեան կասկած ներշնչելէ առաջ։ Համբարձումը Յարութիւնին եւ անոր չորս ընկերներուն խնամքին յանձնելէ վերջ համբուրեցինք զինք եւ մենք դէպի վանք ուղղուեցանք։ Պատուիրեցի Յարութիւնին թէ՝ երբ վանք գալու ըլլաս, հետդ պէտք է բերես փամփուշտ լեցնելիք բոլոր գործիքները, վառօդը 20.000 գնդակներ, 20.000 քափսօլներ, Անգլիական վառօդներ եւ չախմախլի հրացանին վառօդները։ Խոստացայ Յարութիւնին օրը օրին տեղեկագրել իրեն բոլոր անցուդարձերը վանք հասնելէս վերջ։

Հոկտեմբերի վերջերը եւ Նոյեմբերի սկիզբները երեսուն ընկերներով Առաքելոց Վանքը հասանք։ Մեզի ընկերացան եւ մեր ձայնին պատասխանեցին միմիայն Ցրոնք գիւղէն 8-10 տղաքներ, միւսները չկրցան միանալ, որովհետեւ վանքը պաշարուած էր թուրք զինուորներէն։

Տենդոտ ու սովորականէն շատ տարբեր գործունէութիւն մը կար մեր մէջ։ Վանահայր Յովհ. Վարդապետ իրազեկ չէր մեր նպատակին, բայց հակառակ մեր կծու եւ ծանր վարմունքին՝ ան հիւրասիրեց մեզ սովորականին պէս իր կարելին ընելով։ Ծանր պահանջներով եւ սրտնեղած սրտով Մուշ կը ղրկէի զայն որ երթար ու հոն մնար, քանզի չէի ուզեր որ վանահայրը ոեւէ պատասխանատուութիւն ունենար Թուրք կառավարութեան առջեւ։

Յարութիւնը Կէլիկուզանէն վանք բերելու համար մարդ ղրկեցինք, քանզի եթէ ան մէկ երկու օր ալ ուշանար մենք մի գուցէ կը պաշարուէինք եւ ինք իր ընկերներով դուրսը մնար։ Այն մարդիկը որոնք Յարութիւնին ետեւ ղրկեցի ցոյց տուի անոնց այն Ճամբան որ ապահով էր եւ զերծ պիտի մնային եթէ այդ ճամբայով երթային, ձեան հիւսերէն եւ փուքէն ու քամիէն։Կէս ժամ ուշ հասնելու մարմաջէ տարուած իմ պատուէրիս հակառակ լեռնային ճամբայէն անցնիլ փորձած են, ձեան հիւս մը եկած եւ անցած է անոնց վրայէն առանց վնասելու իրենց։ Անոնք այլայլած ու վախցած վերադարձան ու պատմեցին դէպքը, իրենց երկու հրացաններն ալ հոն ձեան հիւսին տակ թողելով։ Իսկոյն 150 մարդ գիւղերէն հանեցի հրացանները փնտռելու։ Երկար փնտռտուքէ վերջ չկրցան գտնել, մինչեւ որ գարնան արեւը ձիւնը հալեցուց եւ Սասոնցիք գտնելով հրացանները բերին եւ ինծի յանձնեցին։

Այդ օր Յարութիւնէն նամակ մը եկաւ, ան կը գրէր թէ Համբարձումը մեռաւ, թաղեցինք զայն, բայց Սպահանաց Մակարին տղան մեր զինուորներէն մէկուն հրացանը գողցած է, կ’ուզեմ հրացանը գտնել եւ յետոյ գալ։

Առանց ժամանակ կորսնցնելու հետեւեալ նամակը գրեցինք եւ ղրկեցինք։

Սիրելի Յարութիւն.

Անմիջապէս ճամբայ ինկիր, հաւանական է որ պաշարուինք։ Աճապարէ որ վանք հասնիս դեռ չպաշարուած։ Վաղուընէ սկսեալ վանքէն ժամ մը հեռուն Ծիրին կատարին քով գտնուած աղբիւրին մօտ երկու զինուորներ պիտի մնան ամէն գիշեր մինչեւ քու գալդ։ Եթէ տեսնես թէ այդ աղբիւրին քով զինուորներ չկան ըսել է թէ չեմ կրցեր ղրկել եւ մենք պաշարուած ենք։ Մեր ծածկագիրը (փարօլան) քեզի ծանօթ է։ Պէտք է իջնես Խորոտ Խանընով Արապպօի Արծիւի Քարերը, փարօլան պոռալով կրակ բանաս թշնամիին վրայ։ Վանքին փոքր դրան առջեւ ձեզի համար շատ գեղեցիկ դիրքեր շինած ենք, մենք ներսէն դուք ալ դրսէն զարնելով թշնամիին կը յուսանք թէ ապահով ներս կ’առնենք ձեզ։ Հակառակ պարագային եթէ չկարողանանք ձեզ ներս առնել, ետ կը դառնաք դէպի Սասուն լոյսը չբացուած, իսկ եթէ մենք վանքի պատերուն տակ իյնանք դուք մեր գործը շարունակեցէք։ Բոլոր ընկերներդ կը համբուրեն ձեզ։

ԽՈՒԶԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

1901 Նոյ. 3ի Շաբաթ օրն էր։ Մենք մեր առաջին գործը ըրինք Մուշէն ռազմանիւթ եւ դաշտէն ալ տղայքներ բերել տալ եւ վանքի պատերուն տակ արհեստական պատնէշներ եւ դիրքեր շինել։ Կէսօրը հազիւ անցած էր երբ մէկէն փողի (պօռօզանի) մը ձայնը լսելի եղաւ։ Երբ փողին ձայնը կտրեցաւ, իսկոյն տասնեւվեց զինուորներ երեւցան։ Երբ բաւական մօտեցան տեսանք թէ հարիւրապետ մը ձին հեծած՝ կանոնաւոր զինուորներու հետ դէպի վանք կը յառաջանար։ Այս որ տեսայ իսկոյն պոռացի. «Գէորգ, Վաղարշակ, Հաճի, վանքին դռները փակեցէք, կղպեցէք եւ բանալիները ինծի բերէք,պէտք եղած տեղերը պահապաններ դրէք եւ դիրքերուն լաւ հսկեցէք»։

Երբ թրքական այս փոքր խումբը դէպի վանքին մեծ դուռը կը յառաջանար, Հաւատորիկ գիւղէն փողի ուրիշ ձայն մը կը հնչէր, ուրիշ մըն ալ Բերդակէն անոնց նշան կուտար եւ կը պատասխանէր փողի ձայնին։

Միամիտ երեւոյթով, սակայն կասկածոտ եւ իբր թէ անտարբեր փողերու ձայներէն վանքի մեծ դրան առջեւ հասան։ Երբ վանքին երկփեղկանի մեծ դուռը փակ գտան խումբին մէջէն մէկը սկսաւ բարձրաձայն պոռալ։

«Վարպե՛տ, վարպե՛տ, զարմանք, ինչո՞ւ վանքին դռները փակած էք»։

«Վարպե՛տ, մտիկ ըրէ ինծի, ինչ որ քեզի ըսեմ այն պէտք է խօսիս, ուրիշ ոչինչ, հասկցա՞ր»։

«Այո՛ փաշա, հասկցայ»։

«Անցեալ օր երեսուն հատ զինուած ոստիկաններ եւ Քիւրտեր եկան, հրացանաձգութիւն ըրին, որբերը վախցան, ուստի այդ օրէն ի վեր Մուշի Առաջնորդէն հրաման եղաւ որ ոեւէ զինուած մարդու առջեւ դռները չբանանք»։

«Հա՛, այդպէ՞ս է, մենք ալ թագաւորին զաւակներն ենք, որբերն ալ, մենք Քիւրտ չենք, մեր հարիւրապետը վանք եկած է եւ կը փափաքի վանքը պտըտիլ»։
«Այո՛, շատ կը ցաւինք, բայց հրամանը այդպէս է, մենք զինուած մարդու առջեւ դռները չենք կրնար բանալ»։

«Կարելի՞ է կարպետ մը տալ մեզի, մեր հարիւրապետին համար»։

«Նետեցէք կարպետ մը, ըսի»։

Կարպետը գետինը փռեցին եւ հարիւրապետը վրան նստաւ։ Փսփսուք մը ինկաւ մէջերնին։ Այս ատեն հրամայեցի որ վանքին փոքր դուռը բանան եւ ձգեն որ հարիւրապետը եւ տասնեւվեց զինուորները անարգել ներս մտնեն։ Երբ անոնք ներս մտնեն իսկոյն օդին մէջ կրակելով անոնց հրացանները կը գրաւենք։ Այս դէպքերը վայրկենական կերպով կուգային մեր մտքին մէջ եւ կայծակի արագութեամբ կը հասնէին իրարու, իմ, Վաղարշակին, Հաճի Յակոբին եւ Գէորգին մէջ։ Գէորգ եւ Հաճի Յակոբ առարկեցին թէ Յարութիւնը դուրսն է իր ընկերներուն հետ։ Չուզեցի անոնց սիրտը կոտրել, ուստի համակերպեցայ։
Քառորդ ժամ նստելէ վերջ թուրք զինուորները եւ հարիւրապետը մեկնեցան։ Երբ Աստուածածնի Աշտարակին 100 քայլ մօտեցած էին՝ թրքական փողերը դարձեալ սկսան հնչել, արձագանգելով վանքի պատերուն եւ լեռներուն։ Այս փողի ձայներուն պատասխանեցին Բերդակի, Արախի եւ Հաւատորիկի մէջ նստած թուրք զինուորներու փողերը։

Նոյ. 4ի Կիրակի օրն էր։ Այլեւս բացարձակապէս Թուրք կառավարութեան յայտնի էր որ մենք վանքին մէջ էինք։ Կառավարութիւնը նոր դժուարութիւններու եւ նոր խօսքերու տեղի չտալու համար աչք կը գոցէր որ մենք ելլէինք եւ հեռանայինք, բայց մենք հոն էինք մեր ուխտին ու մեր որոշումին փարած, քանզի մեր աչքերռւն առջեւ կը տեսնէինք չարչրկուած ժողովուրդին տխուր պատկերը արցունքով եւ արիւնով շաղուած։

ԻՐԱՐԱՆՑՈՒՄ ՄԸ

Նոյ. 5ի Երկուշաբթի առաւօտն էր։ Վանքին լուսարարը Սահակ Խեւ Յովհաննէսի Քարերէն հեւաշունչ դէպի վանք կը վազէր, երբ այս տեսայ Գէորգին ձայն տուի։ Գէորգը գնաց դիմաւորելու Սահակը եւ իր այլայլումին պատճառները հասկնալու։

«Ի՞նչ կայ Սահակ, ինչո՞ւ շունչդ կտրած է, ի՞նչ պատահած է Մուշ քաղաքին»։

«Բան մը պատահած չէ, բան չկայ, կարծեմ որբերը այս տեղէն Մուշ պիտի բոխադրեն»։

Գէորգը եկաւ եւ պատմեց լուսարարին պատասխանը: Այդ բացատրութիւնը զիս չգոհացուց: Քիչ վերջ տեսայ թէ լուսարարը եւ վարպետ-վարժապետը գորգի հորերը կը քանդեն, գործիքները կը կապեն, որպէսզի ուսուցիչ եւ որբեր վանքէն դուրս գան։

Այս իրարանցումը տեսնելով, ջղայնոտած եւ գրգռուած վարպետը քովս կանչեցի եւ տարի զայն Սբ. Գէորգի մատուռը երդուընցնելու համար։

«Ի՞նչ ըսաւ լուսարար Սահակը քեզի Մուշէն դարձին, ի՞նչ լսեցիր որ հորերը կը քակես եւ որբերը Մուշ կ’ուզես տանիլ»։

Վարժապետը դողդոջ ու գունատ դէմքով մը սկսաւ. «Պատրիարքարանէն լուր եկած է որ անմիջապէս որբերը Մուշ փոխադրեմ։

Այս խօսքերը ինծի ոչ գոհացում եւ ոչ ալ բաւարարութիւն չտուին, ուստի քիչ մը բարկացած ձայնով ըսի, «Վարպետ շիտակը ըսէ, թէ ոչ բոլորը ըսել պիտի տամ»։ Երբ կմկմալ սկսաւ եւ տհաճ դէմք մը առաւ, իսկոյն խէնչէրս դուրս քաշեցի եւ սպառնացայ որ ճիշտը խօսի, երբ այս տեսաւ սարսափահար պոռաց.
«Կեցի՛ր փաշա, կեցի՛ր, կեցի՛ր, կ’ըսեմ իրողութիւնը։ Թուրքերը գիտեն թէ դուն քու տղայքներուդ հետ հոս ես, ուստի զինուոր եւ թնդանօթ պիտի քաշեն վանքին վրայ։ Ռուսիոյ հիւպատոսը առարկած է Թուրք կառավարութեան թէ, այդ վանքին մէջ որբեր կան եւ անոնք անմեղ են, եւ թէ այդ վանքը ոչ միայն Հայերուն կը պատկանի, այլ ամբողջ քրիստոնեայ ազգերուն, որովհետեւ վանքին գմբէթին վերեւ խաչ է որ կը փայլի։ Խոսրով վրդ.Պէհրիկեան եւ վանահայր Յովհաննէս վրդ. լուր ղրկած են որ որբերը Մուշ փոխադրեմ»։

«Տեսա՜ր, հիմա շիտակը խօսեցար, ուստի գնա»։

Երթեւեկութիւնը այլեւս դադրած էր Մուշի եւ Առաքելոց վանքին միջեւ։ Վանահայրը Մուշ մնացած էր, իսկ որբերը եւ վանքին աշխատաւորները փակուած էին վանքին մէջ։ Վանքին տնտես մայրիկը որ 80 տարեկան ծերունի կին մըն էր, քովս կանչեցի. «Մայրիկ այս մարդոց հետ գացէք եւ տեսէք թէ վանքին մէջ ո՞րչափ ալիւր, հաց, միս, կորկոտ կայ, լուր մը բերէք ինծի»։

Լուր բերին թէ վանքին մէջ գտնուած պաշարը մէկ ամսուան բաւարարութիւն միայն կրնայ տալ։

«Տղերք, հաւանական է որ վանքին ջուրը կտրեն, ուստի բոլոր Միաբանութիւնը եւ դուք ջուրերով լեցուցէք գինիի կարասները եւ Մատաղի կաթսաները, որպէսզի առատ ջուր ունենանք»։ Ջուր լեցուցին բոլոր կարասներու մէջ, եւ ամէն բան իր կարգին մէջ էր. սակայն եւ այնպէս Յարութիւնը իր ընկերներուն հետ չեկաւ։

ՆՈՐ ՓՈՐՁ Մ’ԱԼ

Վանքը, հին օրերէն մնացած երկու խոշոր չախմախլի հրացաններ ունէր։ Այդ հրացանները ներկայ մահկանացուներս չէինք կրնար գործածել, զանոնք մաքրել եւ իւղել տուի։ Երբ ամէն օր իրիկուան ժամը մէկը կ’ըլլար կրակել կուտայի քաջալերելու համար թէ տղայքը եւ թէ դաշտի Հայ ժողովուրդը։ Այս հրացաններուն ձայնը թնդանօթի ձայնէն պակաս չէր։

Շաբաթ, Կիրակի եւ Երկուշաբթի օրերը դարձեալ մեզի պատեհութիւն տրուեցաւ որ վանքէն դուրս գանք եւ հեռանանք, բայց մենք դարձեալ հոն էինք մեր նպատակին աւելի փարած։

Չորեքշաբթի Նոյ. 7ի կէսօրէն վերջ ժամը 7 էր։ Վանքին հովիւները լուր բերին թէ երեք տարբեր տեղերէ թուրք կանոնաւոր հազարաւոր զինուորներ դէպի վանք կը յառաջանան։ Մենք մեր տեղէն այդ զինուորներուն գալը չէինք տեսներ, որովհետեւ լեռները արգելք էին մեզի։ Ճիշտ այս ատեն էր որ վանքին կարաւանը Բէրդակէն դէպի վանք կուգար ալիւրով բեռնաւորուած։ Հազիւ կրցանք զանոնք ներս առնել կովերուն հետ եւ դռները փակել։ Զինուորներուս մէկ մասը տակաւին անտեղեակ էր մեր նպատակէն, ուստի երբ անոնք տեսան թուրք զինուորները պոռացին. «Փաշա՛, փաշա ելիր որ ետեւի լերան վրայ դիրք բռնենք»։
«Առաջքէն եկողին մի՛ նայիք, նայեցէք ետեւը, Ծիրին կատարը, տեսէք ի՜նչ մեծ բազմութիւն լեցուած է հոն։ Անոնք կ’ուզեն որ մենք դուրս գանք, մենք հոս պիտի կռուինք եւ հոս պիտի մեռնինք»։

Երկու հարիւր քայլի վրայ թուրք զինուորներու ֆէսերը սկսան երեւիլ։ Այս զինուորները դէպի մեզ կը քալէին, վարանոտ եւ երկիւղած։ Երբ տեսան թէ մեր կողմէն կրակ չի բացուիր՝ սկսան շրջիլ հոս ու հոն։ Հայութենէ իսլամ կրօնը ընդունած հայ մը որ Մահմէտ էֆ. կը կոչուէր, պոռաց.
«Մէ՛հէ՛ Աղա՛»։

Մէհէ Աղան յայտնի Մէ՛հէ՛ չավուշն էր որ քսան զինուորներու հետ Մահմէտ էֆ.ին ընկերացած յառաջ սկսան գալ։ Երբ վանքի մեծ դռան մօտեցան, միւս զինուորներն ալ հետեւեցան անոնց եւ եկան կեցան վանքի գոմին մէջտեղ գտնուած մեծ կալը։
Այդ ատեն Մահմէտ էֆէնտին սկսաւ պոռալ.

«Վարպե՛տ, վարպե՛տ, ես հայութենէ իսլամ դարձած Մահմէտ էֆէնտին եմ, քովինս ալ Մէ՛հէ՛ չավուշն է, ի՞նչ կայ, ի՞նչ եղած է որ վանքին դռները փակած էք»։

Երբ Մէ՛հէ՛ չավուշին հոն կենալը լսեցին վանքի Միաբանութիւնը եւ որբերը, ըսին.«Փաշա՛ դաժան եւ արիւնարբու Մէհէ՛ն է, Մէհէ՛ն է»։
Մէհէ՛ չավուշ Հայ ժողովուրդի գլխին պատուհաս մը եղած էր, ես լսած էի անոր անգթութիւններուն շուրջ, երբ անոր հոն կենալը գիտցայ, իսկոյն արիւնը գլուխս խուժեց։ Կանչեցի Գէորգը, Վաղարշակը եւ Հաճին ու ըսի. «Երբ զանգակին ձայնը լսէք իսկոյն կրակեցէք, մեր կրակի ձայները Յարութիւնն ալ կը լսէ եւ զգոյշ կ’ըլլայ»։

Դարձեալ Հաճի Յակոբ եւ Գէորգ վիզս փաթթուեցան եւ ըսին թէ Յարութիւնը դուրսն է, թէ թող նախայարձակը մենք չըլլանք աւելի գրգռելու Թուրք կառավարութիւնը մեր վրայ թնդանօթներ բերելու։

«Ես թնդանօթներուն եւ բոլոր դժուարութիւներուն մասին նախապէս խօսեցայ ձեզի, հոս լեռնային թնդանօթ միայն պիտի կրնան բերել եւ այն ալ մեզի պիտի չտայ այն վնասը զոր իրենք կը խորհին հասցնել մեզ»։

Դարձեալ տեղի տուի անոնց խնդրանքին հետեւելով դուրսի անցուդարձերուն։

Վարժապետը կեցած էր դռան ետեւ։ Ես կը խօսէի ցած ձայնով վարժապետին եւ ան ալ բարձր ձայնով մը կը պատասխանէր Մահմէտ էֆէնտիին։
«Այս ի՞նչ զինուորներ են, այս ի՞նչ սպառնալիքներ են, հոս օտար մարդ չկայ, բոլոր որբերը վախէն հիւանդացեր են»։
Այս խօսքերուն վրայ Մէհէ եւ Մահմէտ էֆ. իրենց հետ գտնուած զինուորները առած ետ դարձան դէպի գոմին ետեւ Իշխանաց Աղբիւրը եւ Աստուածածնի Աշտարակը։

Թուրք զինուորները իրենց դիրքերուն ետեւ քաշուեցան իսկ Մէհէ՛ եւ իր ընկեր զինուորները Աստուածածնի մատուռին պատը ծակեցին եւ ներս մտան։
Մեր թշնամին շուարեցնելու եւ մեր ուժերուն մասին որոշ գաղափար մը չտալու համար իւրաքանչիւր զինուորի համար երեք տարբեր դիրքեր շինած էինք։ Պէտք էր որ անոնք մէկ դիրքէն զարնէին եւ միւսին անցնէին, ընդդիմադրի մեծ ուժի մը գաղափարը տալու։

Այդ տարին տակաւին մենք ռուսական մօսին չունէինք, 1877ին գործածուած ռուսական պէրտանգանիներ էին մեր զինուորներուն ձեռքը գտնուածները, միակ իմս մօսին մաւզէր էր։

……………

(*) Կամ 273,360 քառակուսի ոտք:

Շարունակութիւնը` յաջորդիւ

Տպել Տպել