«Ազգային Ազատ Հոսանքին Հետ Ընտրական Մեր Դաշինքը Հաստատ Է, Իսկ Այլոց Հետ Գործակցութեան Կարելիութիւն Կայ» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի


«Ազգային Ազատ Հոսանքին Հետ Ընտրական Մեր Դաշինքը Հաստատ Է, Իսկ Այլոց Հետ Գործակցութեան Կարելիութիւն Կայ» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ընտրական նոր օրէնքի մշակման ջանքերուն` շեշտելով, որ Լիբանանը 50 ընտրաշրջանի բաժնող ընտրական օրինագիծը լիբանանահայերուն հետ կը վարուի այնպէս մը, որ կարծէք անոնք քրիստոնեաներ չեն:

Յ. Բագրատունի ընդվզում յայտնեց այդ օրէնքին նկատմամբ: Ան ընդգծեց, որ Էշրեֆիէի, Զահլէի եւ Պուրճ Համուտի ընտրաշրջանները բաժնելու առումով կարելի է հարց տալ, թէ արդեօք հայերը քրիստոնեա՞յ են, թէ՞ չէ:

«Կա՛մ այն է, որ լիբանանահայութիւնը պէտք է քրիստոնեայ նկատել, կա՛մ ալ զայն նկատել համայնք մը, որ որեւէ ձեւով կ՛ընտրէ: Պէտք է անկեղծ ըլլալ եւ ըսել, որ իրենց ամբողջ հոգն է լիբանանահայութեան քուէի ուժը ջլատել եւ տարբեր շրջաններու մէջ անոնց ազդեցութեան վերջ տալ. այս մասին անոնք անկեղծ կերպով արտայայտուեցան Տոհայի մէջ, երբ 1960-ի ընտրական օրէնքը բարեփոխման կ՛ենթարկէինք: Պէյրութի ընտրաշրջանները բաժնելու ընթացքին անոնք հաստատեցին, որ չեն փափաքիր լիբանանահայութեան քուէարկութեան կշիռը ծանրացնել Էշրեֆիէի մէջ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական դաշինքը հաստատ է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ` աւելցնելով սակայն, որ քրիստոնեայ թէ ոչ քրիստոնեայ քաղաքական այլ ուժերու հետ գործակցութեան կարելիութիւն կայ, ներառեալ` Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը եւ երեսփոխան Միշել Մըրը: «Բայց եւ այնպէս ընտրական դաշինքը միայն մեր կամքով կարելի չէ վերջնականացնել եւ պէտք է սպասել տեսնելու համար, որ եթէ քաղաքական այլ ուժերու մօտ նաեւ մեզի հետ դաշնակցելու կամքը կայ», աւելցուց ան:

Տոհայի մէջ ընտրաշրջաններու բաժանումը ճշդող ընտրական յանձնախումբին մաս կազմած եւ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդին իբրեւ լիիրաւ անդամ Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք դէմ է եւ բողոքած է խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն կողմէ սեղմ յանձնախումբ մը կազմելու որոշումին եւ պահանջած, որ այդ սեղմ յանձնախումբին մէջ հայ ներկայացուցիչ մը ըլլայ, «որովհետեւ այդ յանձնախումբը պիտի մշակէ ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ երկրին ճակատագիրը պիտի ճշդէ եւ ոչ թէ պիտի մշակէ երթեւեկութեան կամ կենսոլորտի յատուկ օրէնքներ»:

Միւս կողմէ, Յ. Բագրատունի յետմիջօրէին «Սաութ Լուպնան-Հուրիա, Քարամա» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին վերահաստատեց, որ զօր. Աունի հետ ՀՅ Դաշնակցութեան ունեցած ընտրական դաշինքը կայուն է եւ հաստատ` շեշտելով, որ ՀՅԴ պատրաստ է գործակցելու նաեւ քաղաքական այլ ուժերու հետ:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Մեթնը, Պէյրութը եւ Զահլէն ընդարձակ են եւ կրնան հոն գործող քաղաքական բոլոր ուժերը ընդգրկել:

Նախորդ ընտրութիւններու արդիւնքներուն ակնարկելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կորսնցուցած է չորս երեսփոխաններ, սակայն տակաւին կը պահէ քաղաքական եւ ժողովրդային իր կշիռը:

Ան ընդվզում յայտնեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն կողմէ սեղմ յանձնախումբ մը կազմելու որոշումին գծով` ընդգծելով, որ ինք խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիէն պահանջած է այդ յանձնախումբին մէջ նաեւ հայ մը նկատի ունենալ:

Նոյն առումով Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ինք երեք անգամ հարց տուած է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին ընտրական օրէնքի մշակումի հոլովոյթին հայու մը մասնակցութեան անպատեհութեան մասին եւ պատրիարքը հաստատած է, որ անպատեհութիւն չկայ, ընդհակառակն` հպարտութիւն է, «սակայն ի վերջոյ ի յայտ եկած է, որ Պքերքէի մէջ հաւաքուող մարոնի քաղաքական գործիչներն են, որոնք պիտի ճշդեն քրիստոնեաներուն ներկայացուցչութիւնը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին մասին Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի սխալը կը գտնուի այն իրականութեան մէջ, որ կառավարութեան տուած այդ որոշումը չէ գործադրուած:

Հըզպալլայի եւ սալաֆականներու զէնքին մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտած է, որ ինք դէմ է Լիբանանի դէմ զէնքին գործածութեան:

Յ. Բագրատունի խստիւ դատապարտեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, որ արաբ ղեկավարներուն թուլամորթութեան պատճառով, կը վարուի շրջանին տիրող սուլթանի մը նման եւ Սուրիայէն, Իսրայէլէն եւ ուրիշներէն կը պահանջէ Թուրքիայէն ներում հայցել:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել