Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի մասին

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գերագոյն գործադիր մարմինն է Հ.Յ.Դ. Բիւրոն։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոն կ՚ընտրուի Ընդհանուր ժողովին կողմէ, գաղտնի քուէարկութեամբ։ Բիւրոյի անդամ կրնան ընտրուիլ այն ընկերները, որոնք առնուազն 15 տարի եղած են կազմակերպութեան անդամ եւ գէթ մէկ տարի եղած են Կեդր. կոմիտէի անդամ, կամ առնուազն մէկ տարի վարած են Կեդր. կոմիտէի անդամակցութեան համարժէք կուսակցական պատասխանատու պաշտօն։ Բիւրոյի անդամներու թիւը կ՚որոշէ Ընդհանուր ժողովը։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին կը պատկանի Հ.Յ. Դաշնակցութեան Ծրագրի, Կազմակերպական կանոններու եւ Ընդհանուր ժողովի որոշումներու մեկնաբանութեան իրաւունքը, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ընդհանուր քաղաքականութեան ղեկավարութիւնը։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոն հաւաքաբար պատասխանատւ է Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր ժողովին՝ իր բոլոր գործերուն համար։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նստավայրն է Երեւանը։

  • Հասցէ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն, ք. Երեւան, Մհեր Մկրտչեան 12/1
  • Հեռախոս՝ +374(10)52-18-90
  • Ֆաքս՝ +374(10)52-14-53
  • Էլ-փոստ՝ [email protected]
Տպել Տպել