- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Պատմագրական մատահրաւէր եւ ստանձնում

FotorCreated [1]«Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Թուրք Սուլթանը. Մեծ Մարտահրաւէրը»
(« Christapor Mikaélian et le Sultan Turc. Le Grand Défi. Biographie »)
Արա Գրիգորեան, «Էտիփոլ» հրատ., Ֆրանսա, 2014

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Անցեալ Նո­յեմ­բե­րին, մա­մու­լը հա­ղոր­դեց Քրիս­տա­փոր Մի­քայէ­լեանի նուիրուած կեն­սագրա­կան ծա­ւալուն ու­սումնա­սիրու­թեան մը հրա­տարա­կու­մին մա­սին: Երկհա­տորեակ՝ գոր­ծը լոյս տե­սած էր Ֆրան­սա, Փա­րիզ. լե­զուն՝ ֆրան­սե­րէն:

Փաս­տը՝ ու­սումնա­սիրու­թիւն Քրիս­տա­փորի մա­սին, կրնայ ան­սո­վոր թուիլ ֆրան­սա­հայ հա­մայնքի կեան­քի թանձրա­ցական պայ­մաննե­րուն ան­ծա­նօթ ան­ձե­րու: Ինչ որ չի նշա­նակեր, որ հա­մայնքի կեան­քին մէջ ու անոր ան­դամնե­րուն հա­մար՝ երե­ւոյ­թը ըն­թա­ցիկ բան է…: Պէտք է ճանչնալ ֆրան­սա­հայու­թեան, ու այս պա­րագա­յին՝ Փա­րիզի հա­մայնքի գոր­ծօն կո­րիզը, աւե­լի ճիշդ կ՚ըլ­լար ըսել՝ կո­րիզ­նե­րը (յա­ճախ առանց կա­պի իրա­րու մի­ջեւ), որոնք արեւմտեան մե­ծաքա­ղաքի գլխապ­տոյտ պայ­մաննե­րուն մէջ, տե­ղական մշա­կոյ­թի ու կեն­սա­պայ­մաննե­րուն պատ­շա­ճելով ու անոր «կայ­սեր տուրքը» տա­լով հան­դերձ, հե­րոսա­կան ճի­գերով եւ կի­սատ աւան­դուած ժա­ռան­գութեան մը խա­խուտ հի­մերուն վրայ, կը ջա­նան վե­րապա­հել Աս­տուծոյ բա­ժին մը: Եւ, հա­յախօ­սու­թեան նա­հան­ջի ներ­կայ տուեալ­նե­րու նկա­տառու­մով, ի հար­կին դի­մելով տե­ղական-տի­րող լե­զուին՝ ֆրան­սե­րէնի – ինչպէս եղած է ներ­կայ պա­րագա­յին:

Հոս, երե­ւոյ­թը հասկնա­լու կրնար օգ­նել նաեւ ծա­նօթու­թիւնը հե­ղինա­կին՝ Արա Գրի­գորեանի հետ, ըսել կ՚ու­զեմ՝ մա­մու­լի ճամ­բով, անոր հրա­պարա­կագ­րա­կան-հան­րա­յին գոր­ծունէու­թեան ընդմէ­ջէն: Այս բո­լորի կող­քին, ան նաեւ հիմ­նա­դիրն է ու սե­փակա­նատէ­րը հա­տորը լոյս ըն­ծա­յող «Էտի­փոլ» հրա­տարակ­չա­տան, որ ար­դէն ու­նի քա­ռորդ դա­րու կեանք եւ տաս­նեակ մը հա­յանիւթ ար­տադրու­թիւններ (տե՛ս. www.editionsedipol.com):

ՎԵ­ՐԱԿԵՆ­ԴԱ­ՆԱՑՈՒՄ՝ ՕՏԱ­ՐԱԼԵ­ԶՈՒ…

Բայց խօ­սիմ գոր­ծին մա­սին: Ծա­ւալուն մե­նագ­րութիւն, անի­կա բաշ­խուած է եր­կու հա­տորի վրայ, հա­մագու­մար՝ 470էն աւե­լի էջե­րով, բ. հա­տորը ըլ­լա­լով յատ­կա­ցուած՝ ծա­նօթագ­րութիւննե­րու, լրա­ցու­ցիչ դէմ­քե­րու հա­մառօտ կեն­սագրու­թիւննե­րուն, մա­տենա­գիտու­թեան եւլն.): Գոր­ծի բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին հպան­ցիկ պատ­կե­րի մը հա­մար, ան­ջատ կը ներ­կա­յացուի հա­տոր­նե­րու բո­վան­դա­կու­թիւնը՝ գլուխ առ գլուխ:

Մե­նագ­րութիւ­նը կը յե­նի որո­նու­մի բազ­մա­մեայ խղճա­միտ աշ­խա­տան­քի մը վրայ, ուր կ՚երե­ւի բծախնդիր օգ­տա­գոր­ծումը ե՛ւ Սփիւռքի (յատ­կա­պէս Լի­բանա­նի), ե՛ւ Հա­յաս­տա­նի մէջ տրա­մադ­րե­լի աղ­բիւրնե­րու՝ հրա­տարա­կուած թէ ար­խի­ւային:
Աղ­բիւրնե­րու տրա­մադ­րած հմտու­թիւնը օգ­տա­գոր­ծուած է տի­րական կեր­պով եւ պատ­մագրա­կան-գի­տական ոճի կնի­քով. խղճա-
մ­տութիւն եւ հմտու­թիւն, որ չեն յա­ջողիր խան­գա­րել եր­կին մէջ տեղ-տեղ երեւ­ցող մաս­նա­կի թու­լութիւններ (խմբագ­րումի-յօ­դաւո­րու­մի հար­ցեր, ինչպէս գլուխ 6ի կամ գլուխ 16ի մէջ) կամ վրէպ­ներ, որոնց կա­րելի է հա­մակեր­պիլ – մին­չեւ տեղ մը:

Գոր­ծը օժ­տուած է միան­գա­մայն լրագ­րա­կան կեն­դա­նու­թեամբ եւ գու­նա­գեղու­թեամբ, յա­ճախա­կի՝ արեւմտեան լրագ­րա-պատ­մագրա­կան եր­կե­րու մօտ, զայն դարձնե­լով «վէ­պի պէս» ըն­թեռնլի՝ լայն հա­սարա­կու­թեան հա­մար, ի տար­բե­րու­թիւն մե­զի շատ ծա­նօթ պատ­մա-կեն­սագրա­կան գոր­ծե­րու, որոնց ըն­թերցու­մը կը դժուարա­նայ աւան­դա­կան ոճի մը եւ չոր գրե­լաձե­ւի մը ծան­րութեամբ:

Վե­րի գնա­հատումս ինքնին հասկնա­լի կը դարձնէ, որ «Քրիս­տա­փոր Մի­քայէ­լեան»ի հե­ղինա­կը, իր գոր­ծը այնքան կեն­դա­նի դարձնե­լով, միւս կող­մէ յա­ջողա­պէս յաղ­թա­հարած է հա­կադիր դա­րանա­կալ փոր­ձութիւ­նը՝ տուրք տա­լու «զգա­յացունց»ի դիւ­րութեան, աժա­նու­թեան:

Կեն­դա­նու­թեան այս յատ­կա­նիշ­նե­րը կը դի­տենք յատ­կա­պէս առա­ջին գլուխնե­րուն մէջ, Քրիս­տա­փորի ման­կութեան եւ հայ­րե­նի ող­թան գա­ւառի ոգե­կոչու­մով. նոյ­նը՝ ու­սա­նողա­կան տա­րինե­րու ներ­կա­յացու­մով՝ Ագու­լիս-Թիֆ­լիս-Մոս­կուա եռան­կիւնին մէջ:
Մինչ ան­մի­ջապէս հե­տեւող գլուխնե­րը պատ­մագրա­կան արագ ակ­նարկ մը կը կազ­մեն հա­յու­թեան՝ 19րդ դա­րու երկրորդ կէ­սի կա­ցու­թեան,- կեն­դա­նի պա­տու­մի նոյն վառ գի­ծերով օժ­տուած են աւե­լի ետ­քի՝ Հ.Յ.Դաշ­նակցու­թեան ծնունդը եւ «Առա­ջին քայ­լե­րը» տուող գլուխնե­րը, ապա եւ ասոնց հե­տեւող­նե­րը՝ մեծ մա­սամբ, նե­րառեալ Քրիս­տա­փորի «եւ­րո­պական» տա­րինե­րու եւ «Փո­թորի­կի գործ»ին նուիրուած­նե­րը: Պատ­մագրա­կան ոլոր­տի գոր­ծե­րու հա­մար հա­զուա­գիւտ յատ­կա­նիշ, որ կը պար­տինք գրե­թէ միշտ նիւ­թե­րու ու­շիմ նե­րիմա­ցու­մով (intuition) կա­տարուած օգ­տա­գոր­ծումին – ըլ­լա՛յ յու­շագրա­կան, ըլ­լա՛յ ար­խի­ւային (ժո­ղովա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւններ, նա­մակ­ներ):

…ԲԱՅՑ ՀԱ­ՐԱԶԱ­ՏՕՐԷՆ ՀԱ­ՅՈԳԻ

Այսպէս, Գրի­գորեանի եր­կը, այնքան բնա­կանօ­րէն օգ­տուե­լով արեւմտեան լե­զու­նե­րու եւ արեւմտեան աշ­խարհի նմա­նատիպ գոր­ծե­րու յա­տուկ վե­րը նշուած այդ կեն­դա­նու­թե­նէն, միան­գա­մայն կը զար­գա­նայ լրջու­թեան եւ զգաս­տութեան այնպի­սի մթնո­լոր­տի մը մէջ, որ կրնայ բխիլ միայն հայ աւան­դա­կան ար­ժէքնե­րու ներշնչու­մէն: Այդ ար­ժէքնե­րու ճիշդ ու յա­րիր ըմբռնու­մին մէջ, կար­ծէք «դուրսէն» փոխ առ­նե­լով միայն իր պա­տուաս­տը՝ ընդդէմ ազ­գա­յին աւան­դա­կան-պահ­պա­նողա­կան կարծրա­տիպե­րու…

Քրիս­տա­փորի՝ հայ­կա­կան ե՛ւ հա­մամարդկա­յին չա­փանիշ­նե­րով հա­մադիր ար­ժե­ւոր­ման մը այս ճի­գը բա­րեդէ­պօրէն իր ար­ձա­գան­գը կը գտնէ հա­տորի կող­քին վրայ, ուր մէջ­բե­րուած է հա­յու­թեան դա­տի յանձնա­ռու գոր­ծիչ Փ. Քի­յառի ծա­նօթ գնա­հատա­կան ոգե­կոչու­մը, այնքան պեր­ճա­խօս (հոս՝ մէջ­բե­րու­մին մէկ մա­սը).-

«…Պի­տի չմոռ­նամ եր­բեք 1900ի աշ­նան այն օրը, երբ ին­ծի առա­ջին այ­ցի եկաւ, «Փրօ Ար­մե­նիա»յի հրա­տարա­կու­մէն քա­նի մը ամիս առաջ, Պուրկոն­յի մէկ փոքր գիւ­ղը։ Ան­ծա­նօթ էր ին­ծի, բայց՝ առա­ջին իսկ նա­յուած­քէն ու բա­ռերէն՝ ինքզինք կը պար­տադրէր։ Մի­ջահա­սակ, փխրուն երե­ւոյ­թով, վա­րանոտ քա­լուած­քով, կան­խա­հա­սօ­րէն ալե­հեր, Քրիս­տա­փորը ու­նէր պայ­ծառ նա­յուածք մը եւ մեղմ, բայց հա­մոզիչ ու ամուր ձայն ու խօ­սելա­ձեւ […] Եւ այդ խա­ղաղ բլու­րին վրայ, մինչ կ՚իրիկ­նա­նար, Քրիս­տա­փորի ոգին քիչ-քիչ կը նուաճէր զիս։ Ու ան­կէ ի վեր, մտա­ծելով Հայ­կա­կան Հար­ցին մա­սին, ոչինչ ըսեր եմ, ոչինչ գրեր եմ կամ ըրեր, առանց կան­խաւ ին­ծի հարց տա­լու, թէ Քրիս­տա­փորը ինք՝ ի՛նչ պի­տի մտա­ծէր, ըսէր կամ ընէր նոյն պա­րագա­ներուն մէջ…»։

«ՎԵ­ՐԱԴԱՐ­ՁԻ ՄԵԾ ԽՈՐ­ՀՈՒՐԴԸ»

Ան­շուշտ կա­րելի է, գնա­հատե­լով քրիս­տա­փորեան տի­րական կեր­պա­րի վե­րակեն­դա­նաց­ման այս փայ­լուն ճի­գը, ու վե­րառ­նե­լով խո­րագի­րը «Վէմ» հան­դէ­սի՝ իր վեր­ջին թի­ւին մէջ Գրի­գորեանի երկհա­տորեակին նուիրած գրա­խօսա­կանին (թիւ 4, 2014), հաս­տա­տել «վե­րադար­ձի մեծ խոր­հուրդ» մը: Կա­րելի է: Պայ­մա­նաւ որ «վե­րադարձ»ի այդ եզ­րոյթը չհա­մապա­տաս­խա­նեց­նենք «հե­ռա­ցած-մեկ­նած ու ապա վե­րադար­ձած»ի նախ­նա­կան ըն­կա­լու­մի մը: Պայ­մա­նաւ որ անով միան­գա­մայն ճանչնանք, հաս­տա­տենք՝ յօ­գուտ գոր­ծին եւ հե­ղինա­կին՝ սփիւռքա­ծին յանձնա­ռու Հա­յու տի­պարը, սե­փական-ազ­գա­յինի եւ ար­տաշխար­հի սահ­մա­նին կանգնած, միան­գա­մայն «դուրս»ին եւ «ներս»ին հա­ղորդ, բայց եր­բե՛ք չհե­ռացած՝ ազ­գա­յին իր ինքնու­թե­նէն։

Այ­լա­պէս, անըն­կա­լուչ եւ անար­դար եղած պի­տի ըլ­լա­յինք աւան­դա­կան Սփիւռքի արեւմտեան կող­մանց յա­տուկ յանձնա­ռու այս փոք­րա­մաս­նութեան հա­շուին:

Գրի­գորեանի գոր­ծին մէջ, խստա­պահանջ ըն­թերցո­ղը կրնայ մատ­նանշել պակ­սող ոլորտներ. բա­ցակա­յու­թիւնը պատ­մա-քա­ղաքա­կան պա­հու սպա­ռիչ վեր­լուծու­մի մը. կամ՝ շրջան­ցումը Քրիս­տա­փորի իսկ հրա­պարա­կագ­րա­կան հոծ վաս­տա­կի բո­վան­դա­կու­թեան, անոր գա­ղափա­րական աշ­խարհին: Այդպի­սի մաս­նա­գիտա­կան մօ­տեցում կա­րելի է հասկնալ, բայց կը կար­ծեմ՝ անի­կա ար­դար չէ: Ինչպէս՝ ան­տե­ղի է գոր­ծի մը հե­ղինա­կէն պա­հան­ջել ինչ որ ինք չէ առա­ջադ­րած. կամ ինչ որ չի մտներ յայտնօ­րէն իր կող­մէ անոր տրուած սահ­մաննե­րուն մէջ: Որով­հե­տեւ Գրի­գորեանի՝ «Քրիս­տա­փոր Մի­քայէյ­լեան»ով առա­ջադ­րածն ու իրա­գոր­ծա­ծը՝ կեն­սագրա­կան վե­րակեն­դա­նացում մըն է, ոգե­կոչում մը՝ այս բա­ռերու ան­մի­ջական եւ ու­ժեղ առու­մով:

Ասոր հա­մար ալ, շա­հար­կե­լով «Վէմ»ի խո­րագ­րին իմաս­տա­յին շեշ­տումը, բայց ուղղա­կի՛ շրջե­լով զայն, կը փոր­ձուիմ ըսել, որ Գրի­գորեանի գոր­ծը, ոստնե­լով գրե­թէ դա­րու­կէ­սեան անջրպե­տի մը վրա­յէն, ի՛նք մե­զի կը մա­տու­ցա­նէ, կը վե­րադարձնէ կեն­դա­նի Քրիս­տա­փոր մը եւ ժա­մանա­կաշրջան մը, ժա­մանա­կի մը ոգին՝ վառ, շար­ժուն, գու­նա­գեղ որմնան­կա­րով մը, որմնան­կարնե­րու ան­նա­խըն­թաց շար­քով մը:

Փո­խանակ հմտա­բան գոր­ծի մը տա­րազով քի­չերու մատ­չե­լի ծանր ու­սումնա­սիրու­թիւն մը գրե­լու, ան կա­տարած է այս մէկ ընտրան­քը, վստա­հաբար հա­մոզուած՝ ար­խի­ւային ու տպա­գիր նիւ­թի լեռ­նե­րու տակ բան­տուած, հան­գած ան­ցեալ մը վե­րակեն­դա­նաց­նե­լու առաջ­նա­հեր­թութեան, այդ ան­ցեալը հասցնե­լու, աւան­դե­լու ան­հա­ղորդ աճած սե­րունդնե­րու (ար­դէն շու­տով՝ թոռ­նե­րու սե­րունդի մը, «[իր] «Վա­հան, Շա­հէ եւ Սա­նան թոռ­նե­րուն», որոնց՝ հե­ղինա­կը ձօ­նած է գոր­ծը): Այդ վե­րակեն­դա­նացու­մին հա­մար գոր­ծա­ծելով հա­մապա­տաս­խան ար­տա­յայ­տա­միջոց­նե­րը – կեն­դա­նի ու պատ­կե­րաւոր ոճ, խմբագ­րում-պա­տու­մի յա­տուկ մի­ջոց­ներ – պա­տում՝ ուղղա­կի խօս­քի, երկխօ­սական ձե­ւերու ստեղ­ծումով, եւայլն:

Եթէ ասոնք գոր­ծին չեն աւելցներ գի­տական աշ­խա­տասի­րու­թեան մը լու­սապսա­կը, պեր­ճանք՝ որ շատ քի­չեր առի­թը պի­տի ու­նե­նային վա­յելե­լու, փո­խարէ­նը՝ անոր կու տան կեանք մը, ճա­ռագայ­թում մը, որուն ող­բերգա­կանօ­րէն կա­րիքը ու­նի մեր իրա­կանու­թիւնը ամէ՛ն տեղ, նե­րառեա՛լ հայ­րե­նի տա­րած­քը, նե­րառեա՛լ հա­յու­թեան ու հա­յախօ­սու­թեան տա­կաւին յանձնա­ռու արե­ւելեան կող­մանց Սփիւռքը: Անոնց մէջ ցնցե­լու, թօ­թափե­լու հա­մար կարծրա­տիպ դար­ձած եւ մեզ մեր ազ­գա­յին մօ­տիկ ան­ցեալէն օտա­րող պատ­կե­րացումներ, եր­բեմն՝ անզգա­լի, դա­ւադիր օտա­րու­մով մը:

Այս իմաս­տով՝ ան­պայման ող­ջունե­լի պի­տի ըլ­լար վայրկեան առաջ «Քրիս­տա­փոր Մի­քայէ­լեան»ը ու­նե­նալ իր հա­յերէն թարգմա­նու­թեամբ կամ տար­բե­րակով – մինչ ար­դէն ըն­թացքի մէջ է, կ՚իմա­նամ, անոր… անգլե­րէն թարգմա­նու­թիւնը:
Այս հա­յացու­մը, կա­րեւոր չէ՝ արե­ւելա­հայե­րէն թէ արեւմտա­հայե­րէն լե­զուա­ճիւ­ղով բայց բո­լոր պա­րագա­ներուն՝ ան­պայմա՛ն դա­սական մեր ուղղագ­րութեամբ (ար­ձա­գան­գե­լու հա­մար հե­ղինա­կի՝ «Նա­խաբան»ի մէկ հար­ցադրու­մին), միան­գա­մայն կրնար առիթ դառ­նալ որոշ վե­րանա­յումնե­րու եւ յա­ւելու­մի մը: Վե­րանա­յում՝ մի քա­նի գլուխնե­րու խմբագ­րումին, ապա եւ՝ ստու­գում-սրբագ­րում որոշ անձնա­նուննե­րու եւ տե­ղանուննե­րու: Փա­փաքե­լի պի­տի ըլ­լար նաեւ գլուխ առ գլուխ կամ հա­տորի աւար­տին՝ յա­ւելու­մը աղ­բիւրա­յին ծա­նօթագ­րութիւննե­րու նուազա­գոյն քա­նակի մը: Ասոնց պա­կասը, կը կար­ծեմ, կ՚անի­րաւէ գոր­ծը, որ, ինչպէս նշե­ցի, պտուղն է մա­տենա­գիտա­կան փաս­տա­հաւաք­ման վիթ­խա­րի աշ­խա­տան­քի մը:

Այդքա­նը՝ ե՛ւ հիմ­նա­ւորե­լու հա­մար կա­րեւո­րագոյն յղումնե­րը, ե՛ւ առիթ տա­լու իս­կա­կան շա­հագրգռեալ­նե­րու՝ որ իրենց հա­շուին լծուին հե­տազօ­տական աշ­խա­տան­քի: Միան­գա­մայն հաս­տա­տելու հա­մար եր­կին գի­տական ան­վի­ճելի նկա­րագի­րը, որու ամ­րագրու­մին հա­մար ան­բա­ւարար կը մնայ Բ. հա­տորը փա­կող մա­տենա­գիտա­կան ցան­կը, նոյ­նիսկ՝ ծաւալուն…:

«ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ՍՈՒԼԹԱՆԸ -ՄԵԾ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ –

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ա. Հատոր
1- Ման­կութիւն եւ պա­տանու­թիւն
2- Թիֆ­լիս-Ագու­լիս-Թի­ֆիս
3- Քրիս­տա­փոր՝ Մոս­կուայի մէջ
4- Օս­մա­նեան կայսրու­թիւնը 19րդ դա­րուն
5- Ըմ­բոստա­ցումնե­րէն՝ մին­չեւ յե­ղափո­խու­թիւն
6- Քրիս­տա­փոր եւ Ժե­նիա
7- Հ.Յ.Դաշ­նակցու­թեան ծնունդը
8- Առա­ջին քայ­լեր
9- Բախ­տո­րոշ պահ
10- 1893էն 1897 տա­րինե­րը
11- Տա­տեան­նե­րու միջ­նորդու­թիւնը
12- 1898ի ռազ­մա­վարա­կան ան­կիւնա­դար­ձը
13- Քրիս­տա­փոր Եւ­րո­պայի մէջ
14- «Փրօ Ար­մե­նիա»
15- «Փո­թորիկ»ի գոր­ծը
16- Մեծ մար­տահրա­ւէրը
– Վեր­ջաբան

Բ. Հատոր
I- Ժամանակագրութիւն
II- Կենսագրութիւններ
III- Տեղանուններու բառարան
IV- Կազմակերպութիւններու եւ մամուլի բառարան
V- Օտար անուններու բառարան
VI- Մատենագիտութիւն

Յ. Ք.

«Նոր Յառաջ» երկօրեայ, Ապրիլ 4, 2015