- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Ուրուկուայի մէջ թրոշմաթուղթ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին

FotorCreated [1]Նախաձեռնութեամբ Ուրուկուայի մէջ ՀՀի պատւոյ հիւպատոս Պր. Ռուբէն Աբրահամեանի և մեր գաղութի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ Արք. Գըլնճեանի, Ապրիլ 7ին, երկրիս արտագին գործոց նախարարութեան գլխաւոր հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ արտգործ նախարար Ռուտոլֆօ Նին Նինպոայի, զբոսաշրջիկութեան նախարար, Լիլիան Քէշիշեանի, Մօնթէվիտէոի քաղաքապետ, Աննա Օլիվէրայի, ՀՀ դեսպան Պր. Ալեքսան Յարութիւնեանի, ինչպէս նաև երկրիս խորհրդարանէն բազմաթիւ պատգամաւորներու, Ուրուկուայի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու և մեծ թիւով ներկաներու, տեղի ունեցաւ Ուրուկուայի փոստ հեռագրատան պետական կառոյցի կողմէ լոյս ընծայուած յատուկ թրոշմաթուղթի պաշտօնական ներկայացման, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին։

Երկրիս արտգործ նախարար Նինպոայ հաստատեց իր անվերպահ զօրակցութիւնը Հայ Դատին և Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի ի նպաստ տարւող աշխատանքներու մէջ, Ուրուկուայի պետութեան անշահախնդիր աջակցութեան։

Բոլոր խօսք առնող անձնաւորութիւնները, զբոսաշրջիկութեան նախարարը, մեր գաղութի առաջնորդ սրբազանը, Փոստ Հեռագրատան տնօրէնը, հաստատեցին թէ Ուրուկուայը իբրև մարդու իրաւունքներու առաջամարտիկ, միշտ հայ ազգի կողքին պիտի մնայ իր արդար իրաւունքներու ձեռք բերման պայքարի մէջ։

Վերջաւորութեան նոր թրոշմաթուղթերը կնքուեցան և առաջին օրինակները յանձնուեցան կարգ մը պաշտօնական անձաւորութիւններու։