[1]Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արմենիա Երիտասարդական միութեան, Ուրուկուահայ զոյգ վարժարաններու աշակերտներէն խումբ մը, Ապրիլ 14ին, յուզիջ արարողութեամբ մը, Բուսաբանական Այգիի մէջ, որպէս յարգանք մեր բիւրաւոր նահատակներուն և Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին կատարւող ձեռնարկներու ծիրեն ներս, Ծիրանի ծառ մը տնկեցին և Անմոռուկ ծաղիկի սերմեր ցանեցին։
Ներկայ եղաւ և իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաև Զբօսաշրջիկութեան նախարար Լիլիան Քէշիշեանը։
[2]
Երիտասարդական միութեան տղաքը պատրաստած էին պղինձէ վահանակ մը, ամրացուած ժայրի կտորի մը վրայ որ սպաներէն լեզւով բացատրութիւն կու տայ բոլոր այցելուներուն, թէ ծիրանի ծառի և թէ անմոռուկի խորհուրդի մասին։