Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

FotorCreatedԿազմակերպութեամբ Շուէտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Երիտասարդական Միութեան, Հինգշաբթի 16 Ապրիլ 2015-ի յետմիջօրէին Սթոքհոլմի Բրիտանիոյ դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, որուն աւարտին դեսպանի ներկայացուցիչին յանձնուեցաւ պահանջագիր մը:

Ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 50 երիտասարդներ, որոնք իրենց պահանջատիրական կանչերով եւ լոզունքներով դժգոհութիւն կ’արտյայտէին Մեծն Բրիտանիոյ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութեան հանդէպ: Ցոյցի ընթացքին դաշնակցական երիտասարդները բարձրացուցին պաստառներ, որոնք Բրիտանիայէն կը պահանջէին ճանչնալ ցեղասպանութիւնը եւ աշխատանք տանիլ միջազգային ընտանիքի այլ պետութիւններու՝ ներառեալ Թուրքիոյ կողմէ անոր ճանաչման:

Այս առիթով ցուցարար հայ երիտասարդները հետեւեալ բովանդակութեամբ նամակ մը յանձնեցին Բրիտանիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչին:

«24 ապրիլ 2015-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է: 100-ամեակի նախօրեակին, Բրիտանիա պարտաւոր է բեռնաթափ ընել իր խիղճը եւ բարոյական հաշուետուութիւն կատարել հայ ժողովուրդին:

Իբրեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի աշխարհաքաղաքական հիմնական դերակատարներէն մին, Բրիտանիա գլխաւոր վկաներէն է հայ ազգը հարուածած Եղեռնին: Մինչ մէկուկէս միլիոն հայեր կ՛ենթարկուէին պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութեան արհաւիրքին, Բրիտանիա, մայիս 1915-ին, դաշնակիցներ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ հետ միացեալ յայտարարութեամբ մը, չէր վարաներ համատարած սպանդը դատապարտել իբրեւ «Թուրքիոյ նոր ոճիրները մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ»: Բրիտանիոյ խորհրդարանը 1916-ին կը հրատարակէր բրիտանացի պատմաբան Առնոլտ Թոյնպիի «Կապոյտ գիրքը», որ կը պարփակէ բծախնդրօրէն փաստագրուած տեղեկութիւններ եւ ականատեսի վկայութիւններ օսմանցի թուրքերուն ձեռամբ հայերու դիմագրաւած կոտորածին մասին: Իր կարգին, Ուինսթըն Չըրչիլ հայոց սպանդը կ՛որակէր «քաղաքական նպատակներով ծրագրուած եւ գործադրուած» «վարչական ողջակիզում» մը, որ կը նպատակադրէր «բնաջնջել ցեղ մը»:

Անխուսափելիօրէն ակնյայտ է, որ բրիտանական արխիւները լի են ամբողջական փաստերով, որոնք կը բացայայտեն Համաշխարհային Ա. պատերազմի մառախուղին տակ գործուած ոճիրին իրականութիւնը:

Ապրիլ 24-ին ընդառաջ քննութեան առարկայ են Բրիտանիոյ կառավարութեան եւ խորհրդարանին որդեգրելիք դիրքորոշումները: 100-ամեակը պատեհ առիթ է Բրիտանիոյ համար` լքելու շարքերը լռակեաց ականատեսներուն եւ միանալու շարքերուն արդարամիտ այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը: Նոյնինքն Բրիտանիոյ շահերը կը պահանջեն անյապաղ անջատուիլ Թուրքիոյ ժխտողական եւ պատմութեան խեղաթիւրման քաղաքականութիւններէն:

Իբրեւ ժառանգները Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն, կոչ կ՛ուղղենք Բրիտանիոյ կառավարութեան` վերանուաճելու մայիս 1915-ին դրսեւորուած բարոյական սկզբունքը` ճանչնալով ու դատապարտելով Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Կը յորդորենք Բրիտանիոյ կառավարութեան զերծ մնալ բառախաղերէ, որոնք կը նսեմացնեն Ցեղասպանութեան զոհերու ցաւը եւ կ՛անարգեն անոնց յիշատակը:

Կը քաջալերենք Բրիտանիոյ կառավարութիւնը` դառնալու առաջամարտիկը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հետապնդելու պատմական արդարութեան վերահաստատումը եւ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու վերականգնումը:

Կը պահանջենք Բրիտանիոյ խորհրդարանէն` նախաձեռնել եւ որդեգրել բանաձեւեր, որոնք կ՛ընդունին Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը դատապարտեն յանցագործները եւ կը քրէականացնեն Ցեղասպանութեան ժխտումը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման նախօրեակին, մենք` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգները, կը հաստատենք, որ աւելի քան երբեք վճռական ենք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ հայ ազգի անժամանցելի իրաւունքներու արդար դատի հետապնդման գործին մէջ»:

Տպել Տպել