- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Պրազիլի Ծերակոյտը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

FotorCreated [1]Պրազիլի դաշնակցային Ծերակոյտը 3 յունիսին վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ:

Թիւ 550/2015 բանաձեւը ներկայացուած էր ծերակուտականներ Ալիոզիօ Նունեզ Ֆերէյրա Ֆիլոյի եւ Հոզէ Սերայի կողմէ: Հոն միաժամանակ կոչ կ՛ըլլայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու:

Բանաձեւը ներկայացուցած ծերակուտականները նաեւ կոչ ուղղած են Թուրքիոյ, որ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ շինիչ երկխօսութեան սկսի Հայաստանի իշխանութեանց հետ:

Պրազիլի Հայ դատի յանձնախումբէն Ճէյմս Օննիկ Թամաճեան ողջունեց բանաձեւին վաւերացումը, որ կը համընկնի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

aztagdaily.com