Հաղորդագրութիւն

FotorCreatedՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Ուրսուլա Ֆերինկըրի հետ: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք հանդիպումի առիթին համար` պատուիրակութիւնը դեսպանին խնդրանքով ներկայացուց Հայ դատի մարմիններու տարաբնոյթ աշխատանքներուն ծիրը եւ յատկապէս Լիբանանի Հայ դատի մարմինին առաջադրանքները: Պատուիրակութիւնը դեսպանին ու դեսպանին ճամբով նաեւ Աւստրիոյ խորհրդարանին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Նշենք, որ 22 ապրիլ 2015-ի իր նիստին ընթացքին, Աւստրիոյ խորհրդարանը, խորհրդարանի նախագահ Տորիս Պիւրեսի առաջարկով յոտնկայս լռութեամբ յարգած էր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Նիստին ընթացքին խորհրդարանի քաղաքական վեց կուսակցութիւններու ղեկավարները Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող միացեալ յայտարարութիւն մը որդեգրած էին:

Անդրադառնալով պատուիրակութեան այն նկատողութեան, թէ որդեգրուած յայտարարութիւնը ընդգծած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Աւստրոհունգարական կայսրութեան` Օսմանեան կայսրութեան դաշնակից ըլլալու հանգամանգը եւ շեշտած էր «Աւստրիոյ պարտաւորութիւնը` ճանչնալու եւ դատապարտելու ցեղասպանութիւնը», դեսպանը կարծիք յայտնեց, որ Աւստրիա իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական ականատես ու իրազեկ պետութիւն վաղուց պէտք էր ճանչցած ու դատապարտած ըլլար զայն:

Անդրադառնալով դեսպանի այն նշմարին, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը զգայուն հարց է Աւստրիոյ մէջ` նկատի առած ծագումով թուրք ստուար համայնքի մը գոյութիւնը, պատուիրակութեան անդամները դրուատեցին Աւստրիոյ խորհրդարանի` ի նպաստ արդարութեան եւ ճշմարտութեան որդեգրած կեցուածքը: Պատուիրակութիւնը նաեւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ հանգրուանին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Աւստրիոյ մէջ ամրագրուի օրինագիծով մը:

Կողմերը միտքեր փոխանակեցին հայ-թուրք յարաբերութիւններուն, Թուրքիոյ մէջ առկայ քաղաքացիական գործընթացներուն, Հայոց ցեղասպանութեան` Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման հարցերուն շուրջ:

Հանդիպման աւարտին պատուիրակութիւնը դեսպան Ֆերինկըրի յանձնեց շնորհակալական պաշտօնական նամակ մը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմագիտական հատոր մը եւ հայ մշակութային ժառանգութեան անդրադարձող գիրք մը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ծրագրած է հետագային նոյնանման այցելութիւններ տալ նաեւ Պրազիլի եւ Լիւքսամպուրկի դեսպանութիւններուն:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ

7 յուլիս 2015

aztagdaily.com

Տպել Տպել