- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Բագրատունի Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Ապահովական Պատասխանատուներու Հետ

logo [1]ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անցնող օրերուն հանդիպումներ ունեցաւ երկրի ապահովական սպասարկութեանց պետերուն հետ, որոնց հետ քննարկումի նիւթ դարձուց Լիբանանի անդորրութեան պահպանման առնչուող հարցեր:

Բագրատունի յաջորդաբար տեսակցեցաւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ զօր. Էտմոն Ֆատելի, Պետական անվտանգութեան սպասարկութեան պետ զօր. Ժորժ Քարաայի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:

Վերջին հանդիպումին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանան ապաստանած սուրիահայ տեղափոխուածներու կեցութեան թուղթերու եւ ընդհանրապէս գաղթականներու հետ առնչուող հարցեր:

aztagdaily.com