- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Հայ Դատի Յանձնախումբի Նեցուկը Ապահոված Թեկնածուներուն Մեծ Մասը Կ՛ընտրուի

FotorCreated [1]ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն մեծ մասը կրցած է յաջողութիւն արձանագրել Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3ին տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններուն ընթացքին։

Ինչպէս հաղորդած էինք արդէն, յաղթանակ արձանագրած էր Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան, որ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ վերընտրուեցաւ։

Անոր կողքին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ վերընտրուած է Ռոլինկ Հիլզէն Ֆրենք Ծերունեան, մինչ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ ընտրուած է Էրըն Փեսքին՝ 3րդ ընտրատարածքէն։

Հարաւային Փասատինայի մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը վայելող Մարինա Խուպեսրեան ընտրուած է քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, մինչ Սիւզի Ապաճեան՝ Հարաւային Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ։ Նաեւ, Թամ Սելենսքի ընտրուած է Փասատինայի համայնքային քոլեճի վարչութեան անդամ՝ 2րդ ընտրատարածքէն։

asbarez.com