- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Ակնարկ. ԵԽԽՎ-ն Կը Հակասէ Եւրոպական Խորհրդարանին

FotorCreated [1]Արցախի Հանրապետութիւնն ու ազատագրուած տարածքները ազրպէյճանական նկատող Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) բանաձեւը ոչ միայն հայկական կողմին համար, այլ ընդհանրապէս քաղաքական տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ ազրպէյճանական յաղթանակ նկատելը հիմնաւորեալ չի թուիր:

ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը աւելի շատ երկու ուղղութեամբ խոր հակասութիւններ ստեղծող եւ այդ իմաստով նաեւ նման բանաձեւերու բովանդակութիւնն ու յատկապէս ազդեցիկութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող երեւոյթ է: Այս մէկը չի նշանակեր, որ նման քաղաքական միջավայրեր լուսանցքային կարեւորութիւն պէտք է ստանան թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին դիւանագիտութեան եւ թէ՛ սփիւռքահայ հասարակական կազմակերպութիւններու համար:

Այսօր գոյութիւն ունի միջազգային պայմանաւորուածութիւն արցախեան հակամարտութեան միջնորդական առաքելութիւնը վստահելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին: Միջնորդական առաքելութիւնը կը շարունակէ իրականացնել բանակցային գործընթաց: Բանակցութիւնները կեդրոնացած են ի շարս այլ հարցերու եւ հայկական կողմի առաջնահերթութեամբ Արցախի կարգավիճակին շուրջ գոյանալիք համաձայնութեան վրայ: Այս իրականութենէն կը հետեւցուի` միջազգային հանրութիւնը ԵԱՀԿ-ին յանձնած է կազմակերպել բանակցութիւններ եւ փոխզիջումնային սկզբունքի հիման վրայ հասնիլ համաձայնական եզրերու, որոնք իրենց հերթին կ՛առաջնորդեն խաղաղութեան ընդհանուր համաձայնագիրի կնքումին:

ԵԽԽՎ-ն շտապողականութիւն ցուցաբերած է եւ հակադրուելով միջազգային ընտանիքի այս համաձայնութեան, շրջանցած է ԵԱՀԿ-ը. չմոռնանք, որ ԵԱՀԿ-ը Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնն է: ԵԽԽՎ-ն ալ համաեւրոպական կարեւոր կառոյց է, որ խորքին մէջ կ՛անտեսէ միջազգային ընտանիքին հաւանութիւնը ստացած եւրոպական այլ կառոյցի մը մօտեցումները: Եւ այս մէկը այն կառոյցն է, որ լիազօրութիւն ստացած է միջնորդելու եւ բանակցութիւնները համաձայնական եզրերու հասցնելու:

Այստեղ կանգ չեն առներ ԵԽԽՎ-ի ստեղծած հակասութիւնները: Քաղաքական յիշողութիւնը պէտք է աշխուժ աշխատի` յիշելու համար երկու ամիս առաջ այս անգամ Եւրոպական խորհրդարանի որդեգրած ամէնէն դատապարտող եւ ամէնէն խիստ բանաձեւերը Պաքուի հասցէին. ընդ որում հասցէական պատժամիջոցներ որդեգրելու կոչ ընող բանաձեւը: Առանց վերադառնալու մանրամասնութիւններուն, մէջբերենք ԵԱՀԿ-ի գրասենեակը Պաքուի մէջ փակելու ազրպէյճանական իշխանութիւններուն առած քայլին անընդունելիութիւնը: Քննադատութիւնը ուրեմն սերտօրէն կ՛առնչուի Արցախի խնդիրին: Եւրոպական խորհրդարանը այս ձեւով լուսարձակի տակ կ՛առնէր Պաքուի իշխանութիւններուն ոչ կառուցողական մօտեցումը արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն նկատմամբ:

Այս բոլորը աւելի համոզիչ կը դառնայ, երբ համանախագահ Ուորլիքի` ԵԽԽՎ-ի որոշումը քննադատող ծանօթ յայտարարութեան դիմաց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ կը յայտնէր, որ նկատի ունենալով, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները չեն յաջողած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման համար նոյնիսկ չնչին յառաջդիմութիւն մը ձեռք բերել, ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք իրաւունք եւ պատճառ չունի այլ կազմակերպութիւններու` նշեալ տագնապի լուծման վերաբերեալ որեւէ խորհուրդ տալու եւ յանձնարարութիւն կատարելու:

Պարզ է. Ազրպէյճան հրադադարի համաձայնութեան նմանողութեամբ կը խախտէ նաեւ միջազգային պայմանաւորուածութիւնները եւ չ՛ընդունիր միջազգային ընտանիքին ճշդած միջնորդական ձեւաչափը: Այս բոլորը Պաքուի վարքագիծին հարազատ եւ համահունչ դրսեւորումներ են եւ իբրեւ այդպիսին ազրպէյճանական քաղաքական տրամաբանութեամբ` օրինաչափ:

Խնդիրը, որ սուր կերպով կը դրուի, ներեւրոպական եւ Եւրոպա-միջազգային ընտանիք երեւցող հակասութիւններն են: Իսկ այս պատկերին մէջ աւելի ազդեցիկ պիտի ըլլար, որ Ուորլիքը ոչ թէ առանձնապէս քննադատէր ԵԽԽՎ-ի առած քայլը, այլ համանախագահները միասին դիրքորոշուէին ԵԽԽՎ-ի ստեղծած թիւրիմացութեան դիմաց: Իսկ Եւրոպական խորհրդարանը ԵԽԽՎ-էն բացատրութիւն պէտք է պահանջէ երկու ամիս առաջ իր որդեգրած բանաձեւերուն հակասող քայլ առած ըլլալուն համար: Եթէ անշուշտ պիտի շարունակենք եւրոպական կառոյցներուն առած քայլերուն միջեւ հետեւողականութիւն փորձել տեսնել:

«Ա.»

aztagdaily.com