Կիրօ Մանոյեանի քաղաքական հանդիպումները Մօթէվիտէոյի մէջ

FotorCreatedՕգտուելով ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ և ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Գրասենեակի պատասխանատու ընկ. Կիրօ Մանոեանի Մօնթէվիտէօ գտնուելու հանգամանքէն, ուր ՀՅԴ 125-ամեակի առթիւ գլխաւոր պատգամաբերը հանդիսացաւ, մեր շրջանի մէջ կազմակերպուած ՀՅԴ Օրուայ ձեռնարկին, ան շարք մը քաղաքական հանդիպումներ ունեցաւ։

Առանձնացնենք երկու կարևոր քաղաքական գործիչներու հետ իր ունեցածները, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունին և անմնացորդ գործակիցեր են, Հայ Դատին և մեր ազգի մարդկային իրաւունքներու կապակցութեամբ:

Առաջին առիթով ընկ. Կիրօ Մանոյեանը այցելեց Ուրուկուայի խորհրդարան, ծանօթանալու համար ասկէ 50 տարիներ առաջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը աշխարհի մէջ առաջինը ճանչցող և մարդկութեան դէմ եղած այդ ոճիրը դատապարտող պետական այդ կառոյցին։

Ընկ. Մանոյեանը, Ուրուկուայի խորհրդարանի մէջ հանդիպեցաւ ծերակուտական Ռուպէն Մարթինէս Ուէլմոյի հետ, որու ընթացքին երկու ժողովուրդներու երկար տարիներու բարեկամութեան և համագործակցութեան մասին խօսելէ զատ, նաև քննուեցան երկուստէք հնարաւորութիւններ ստեղծել և ընդլայնել զանազան ոլորտներու մէջ գործակցելու կարեւորութիւնը:

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՀԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ՏԱՆԻԼՕ ԱՍԹՕՐԻԻՆ

Ընկ. Կիրօ Մանոյեանի յաջորդ հանդիպումը երկրիս տնտեսութեան և ֆինանսներու նախարար Տանիլօ Ասթօրիի հետ էր։
Առաջին առթիւ Հայ Դատի Յանձախումբի կողմէ և ձեռամբ ընկ. Մանոյեանի, յուշանուէր մը յանձնուեցաւ նախարարին, երկար տարիներու իր համագործակցութեան, հայ ժողովուրդի արդար դատի կապակցութեամբ անշահախնդիր զօրակցութեան, ինչպէս նաև իր ունեցած դերակատարութեան Հայաստան-Ուրուկուայ երկկողմ կապերու խորացման և զանազան ոլորտներու մէջ անոնց հզօրացման համար։

Խօսակցութեան ընթացքին, քննարկութեան արարկայ հանդիսացան մեր երկու երկիրներու ներկայ յարաբերական կապերը, յատկապէս մշակութային, տնտեսական և գիտութեան մարզերէն ներս։

Ընկ. Կիրօ Մանոյեանը Ասթօրիին փոխանցեց իր Կազմակերպութեան պատրաստակամութիւնը, մեր երկու ժողովուրդներու միջև աւելի խոր կապեր հաստատելն ու անոնց զարգացումը։

Յիշեցնենք որ Տանիլօ Ասթօրին, երբ Ուրուկուայի փոխ նախագահն էր 2010-2015 շրջանի ընթացքին, կարևոր դեր ունեցաւ վերանկախացած Հայաստանի հետ կապերը ամրապնդելու գործին մէջ։ իսկ 2014 Դեկտեմբեր ամսուն, իր կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Ազգայի ժողովի պատւոյ շքանշանին արժանացաւ։

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Մօթէվիտէօ-Ուրուկուայ

Տպել Տպել