Ամերիկեան Քոնկրեսին Մէջ Փակ Քննարկում՝ Արցախի Սահմանին Տիրող Լարուածութեան Մասին

FotorCreatedՄիացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը 6 Յունուարին կազմակերպած էր փակ քննարկում՝ նուիրուած Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տիրող լարուածութեան։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կայքին համաձայն՝ հանդիպումին մասնակցած են յանձնաժողովի անդամներ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք:

Յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս իր խօսքին մէջ կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային միանալու իրենց, ինչպէս նաեւ յորդորած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծել խաղաղ միջոցներով։

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնութիւնը հասած է գագաթնակէտին: Ամիս մը առաջ մենք լսեցինք, որ Ատրպէյճան կը գործածէ ծանր զէնքեր եւ ռազմական համակարգ՝ կոպտօրէն խախտելով զինադադարի դրութիւնը: Ինչպէս Ուորլիք ըսած է, ասիկա սառած հակամարտութիւն չէ, այլ մոռցուած հակամարտութիւն է, որ կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէ: Այդ պատճառով մենք կ՛առաջարկենք արձակազէնները հեռացնել սահմանագիծէն: Պէտք է նաեւ յատուկ մեքանիզմներ ներդնել: Ասիկա պէտք է կատարուի կարելի եղածին չափ արագ, որպէսզի վերջ դրուին սպանութիւններուն եւ պատերազմական գործողութիւններուն», յայտնած է Էտ Ռոյս։

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս եւ յանձնաժողովի անդամ Էլիըթ Էնկել 2015ի աշնան նամակով դիմած էին ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքին՝ կոչ ուղղելով Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման հարցին մէջ ցուցաբերած կեղծ հաւասարութեան ձախող քաղաքականութիւնը փոխելու կառուցողական, հաշուետուողականութեան վրայ հիմնուած մօտեցմամբ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունած է Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի Ատրպէյճանի օրէ օր աճող յարձակողական վարքագիծը քննարկող այս նախաձեռնութիւնը:

«Ատենապետ Ռոյս երկկուսակցական հիմերու վրայ Միացեալ Նահանգներու օրակարգի հարց դարձուցած է Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան խնդիրը՝ նախագահ Օպամայէն պահանջելով, որ նախագահ Օպամա Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը զսպելու իր ձախող քայլերը փոխարինէ Ռոյսի եւ Էնկելի միացեալ ազդու եւ վճռական բանաձեւի գործնականացումով, որպէսզի կանխուի պատերազմը», յայտարարած է Համբարեան:

asbarez.com

Տպել Տպել