- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Ժողովրդային ու երիտասարդական խուռներամ եւ խրախուսիչ ներկայութեամբ Աթէնքի մէջ նշուեցաւ Հ.Յ.Դ. 125ամեակը

FotorCreatedՍի­մոնՎ­րա­ցեա­նի «­Մերազ­գիխիղ­ճը ­Դաշ­նակ­ցու­թիւննէ» խօս­քիներշն­չու­մով, ուրխտա­ցո­ւածէհա­յու­թեանուհայ­րե­նի­քինծա­ռա­յե­լուՀ.Յ.Դ.իան­կոտ­րումհա­ւատ­քը, յու­նա­հա­յու­թիւ­նընորսե­րուն­դիաշ­խոյժմաս­նակ­ցու­թեամբեւժո­ղովր­դա­յինխուռ­նե­րամուխրա­խու­սիչներ­կա­յու­թեամբպան­ծա­ցուց Հ.Յ.Դ. 125ա­մեա­կին

նո­ւի­րո­ւած հան­դի­սա­ւոր ե­րե­կոն՝զայն վե­րա­ծե­լով հայ­րե­նա­սի­րա­կան ո­գիի ար­տա­յայտ­ման իւ­րօ­րի­նակ տօ­նի։

«125 տա­րի՝ յա­նուն ժո­ղո­վուր­դի, յա­նուն հայ­րե­նի­քի» նշա­նա­բա­նով, ­Շա­բաթ՝ 9 ­Յու­նո­ւար 2016ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ­Կեդ­րո­նի մար­զա­դաշ­տին մէջ, հոծ բազ­մու­թեան եւ մեծ թի­ւով ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, նշո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան 125ա­մեա­կը:

Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի կող­մէ։ ­Յայ­տա­գի­րը սկսաւ «Մշակ ­Բա­նո­ւոր» քայ­լեր­գով։

Տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ներ­կայ էին ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան պրն. ­Գա­գիկ ­Ղա­լա­չեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անտամ ընկ. Բե­նիա­մին ­Պու­չաք­ճեան, ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեան, հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ա­ռաջ­նորդ Թ.Ծ.Վրդ. ­Յով­սէփ ­Պե­զէ­զեան, հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ­Յու­նա­հա­յոց թե­մի հո­գե­ւոր դա­սը, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ՀՀ. դես­պա­նու­թեան դես­պա­նորդ Ար­շակ Աբ­րա­հա­մեան եւ ռազ­մա­կան կցորդ Ա­լեք­սէյ Աբ­րա­հա­մեան, ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ մեծ թի­ւով ժո­ղո­վուրդ ու ե­րի­տա­սար­դու­թիւն, որ մար­զա­դաշ­տը ծայ­րէ ծայր լե­ցու­ցած էին։ Հան­դի­սու­թեան նա­խա­գա­հեց ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Յա­կոբ ­Յո­վա­կի­մեան, որ հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը մէկ վայր­կեան յոտն­կայս լռու­թեամբ յար­գե­լու յի­շա­տա­կը նո­րոգ հան­գու­ցեալ մեր ըն­կեր­նե­րուն։ Իր բաց­ման խօս­քին մէջ, ան անդ­րա­դար­ձաւ կու­սակ­ցու­թեան 125ա­մեայ ու­ղիին գլխա­ւոր հանգ­րո­ւան­նե­րուն եւ ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն, ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հիմ­նա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րուն, պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին Հ.Յ.Դ.ի դի­մագ­րա­ւած մար­տահրա­ւէր­նե­րուն, ինչ­պէս եւ կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րու ա­ւանդ ձգած գա­ղա­փա­րա­կան մեծ ժա­ռան­գու­թեան, ո­րոնց հիմ­քին վրայ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր 125ա­մեայ եր­թը։

Յա­ջոր­դա­բար ող­ջոյ­նի խօս­քեր ուղ­ղե­ցին Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Գա­գիկ ­Ղա­լա­չեան, ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. Ա­րա ­Ման­կո­յեան եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան կող­մէ ընկ. Ռազ­միկ Էր­ջէ­նեան։ Ա­նոնք անդ­րա­դար­ձան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թեան ինչ­պէս Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին՝ հա­յա­պահ­պան­ման ու ­Հայ ­Դա­տի հե­տապնդման ճա­կատ­նե­րուն վրայ, նոյն­պէս եւ հայ­րե­նի­քի մէջ՝ պե­տու­թեան կա­յաց­ման ու ժո­ղո­վուր­դի ա­ռողջ ա­պա­գա­յի զար­գաց­ման ի խնդիր Հ.Յ.Դ.ի վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, որ նպա­տա­կաս­լաց ներշն­չու­մով կը շա­րու­նա­կո­ւի։

Տօ­նա­կա­տա­րու­թեան իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Հ­րայր Ա. Քհնյ. ­Նի­կո­լեա­նի, յա­ջո­ղա­պէս մեկ­նա­բա­նե­լով ե­րեք սի­րո­ւած եր­գեր եւ խլե­լով ժո­ղո­վուր­դի ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րը։

Օ­րո­ւան բա­նա­խօսն էր Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ընկ. ­Բե­նիա­մին ­Պու­չաք­ճեան: Ան ամ­փոփ ակ­նարկ մը նե­տեց պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ի­րա­գոր­ծած ծրա­գիր­նե­րուն, աշ­խա­տանք­նե­րուն ու վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ եւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նոր­դող սկզբունք­նե­րուն ու ար­ժէք­նե­րուն, յատ­կա­պէս Հ.Յ.Դ. մշտա­նո­րոգ յանդգ­նու­թեան՝ հա­յու­թեան ու հայ­րե­նի­քին ծա­ռա­յե­լու նպա­տա­կով ի­րա­գոր­ծո­ւած նոր ծրա­գիր­նե­րու ա­ռու­մով: ­Բա­նա­խօ­սը ար­ժե­ւոր­ման ակ­նարկ մը նե­տեց կու­սակ­ցու­թեան պատ­մա­կան ա­կունք­նե­րէն ե­կող տար­բեր հանգ­րո­ւան­նե­րուն վրայ՝ շեշ­տե­լով, որ մեր դի­մադ­րու­թեան յե­նա­կէ­տերն են ան­կախ, ժո­ղովր­դա­վար եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան տէր ­Հա­յաս­տա­նը, ­Հայ ­Դա­տը՝ իբ­րեւ հիմք ազ­գի ինք­նու­թեան եւ հայ­րե­նի­քի հզօ­րաց­ման, նոյն­պէս ար­տերկ­րի հա­յու­թեան ու Ս­փիւռ­քի գա­ղութ­նե­րու պահ­պա­նումն ու հզօ­րա­ցու­մը՝ իբ­րեւ կռո­ւան հա­մազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րու­թեան։ (Ըն­կե­րոջ լրիւ խօս­քը պի­տի հրա­տա­րա­կենք մեր վա­ղո­ւան թի­ւով)։

Տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ա­ռա­ջին բաժ­նի ա­ւար­տին, ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­նօր» պա­տա­նի­նե­րու պա­րա­խում­բը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Էտ­կար Է­ղեա­նի։ ­Պա­տա­նի­նե­րը խան­դա­վառ ի­րենց պա­րե­րով ար­ժա­նա­ցան ժո­ղո­վուր­դի ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րուն։

Հ.Յ.Դ. 125ա­մեայ յո­բե­լեա­նը շնոր­հա­ւո­րեց ­Յու­նա­հա­յոց ա­ռաջ­նորդ ­Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեան, որ ող­ջու­նեց կազ­մա­կեր­պու­թեան փա­ռա­հեղ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ 125ա­մեայ եր­կա­րա­տեւ գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին ձեռք բե­րո­ւած հսկա­յա­կան նո­ւա­ճում­նե­րը։

Յա­ջոր­դեց խնճոյ­քի բա­ժի­նը, ուր եր­գիչ ­Սա­րօ ­Տէ­միր­ճեան ե­լոյթ ու­նե­ցաւ, խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը գա­գաթ­նա­կէ­տին հասց­նե­լով՝ ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու մեկ­նա­բա­նու­թեամբ։ ­Սի­րո­ւած եր­գի­չին ըն­կե­րա­ցաւ 4ան­դամ նո­ւա­գա­խումբ։ ­Ժո­ղո­վուր­դը եր­գեց ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րը մին­չեւ ուշ գի­շեր եւ պա­տո­ւեց իր մեծ կազ­մա­կեր­պու­թեան փա­ռա­ւոր 125ա­մեա­կը։

Խն­ճոյ­քի ըն­թաց­քին վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն կա­տա­րո­ւե­ցաւ եւ ե­րեք բախ­տա­ւոր­ներ ստա­ցան օ­րո­ւան պատ­շաճ յի­շա­տա­կի նո­ւէր­ներ։

Ժո­ղո­վուր­դի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը լիա­բուռն ու խրա­խու­սիչ ե­ղաւ ձեռ­նար­կին հե­տե­ւած նո­ւի­րա­հա­ւա­քին։ ­Սե­ղան­նե­րուն վրայ զե­տե­ղո­ւած նո­ւի­րա­տո­ւու­թեանց պա­հա­րան­նե­րը լե­ցո­ւած վե­րա­դար­ձո­ւե­ցան կազ­մա­կեր­պիչ մար­մին՝ ցոյց տա­լով, թէ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը վճռա­կան են ու յօ­ժա­րա­կամ ու կը գի­տակ­ցին, թէ մեր բո­լո­րին պարտքն է սա­տար կանգ­նիլ կու­սակ­ցու­թեան բո­լոր ծրա­գիր­նե­րուն ի­րա­գործ­ման։

Ա­ւար­տին,՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք ուղ­ղեց բո­լոր նո­ւի­րա­տու­նե­րուն՝ շեշ­տե­լով, թէ չա­փա­զանց պա­հան­ջա­տէր եւ ա­րա­գօ­րէն փո­փո­խո­ւող պայ­ման­նե­րու տակ մեծ ճիգ կը պա­հան­ջո­ւի պահ­պա­նե­լու հա­մար ըն­թաց­քի մէջ ե­ղող բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը։ ­Յա­տուկ անդ­րա­դար­ձաւ «Ա­զատ Օր» պաշ­տօ­նա­թեր­թի կա­րիք­նե­րուն՝ կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծե­լով Ս­փիւռ­քի մէջ հա­յա­տառ թերթ պահ­պա­նե­լու, մա­նա­ւանդ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին հա­յե­րէն միակ տպա­գիր օ­րա­թեր­թը հրա­տա­րա­կե­լու գոր­ծին պա­հան­ջած զո­հա­բե­րու­թիւնն ու դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ժա­մա­նա­կի ու հո­սան­քի դէմ ան­խոնջ պայ­քար կը պա­հան­ջեն ու կրնան յաղ­թա­հա­րո­ւիլ միայն հա­մա­խումբ ու­ժե­րով եւ ճի­գե­րով։ ­Հան­դի­սու­թիւ­նը փա­կո­ւե­ցաւ «­Մեր ­Հայ­րե­նիք» քայ­լեր­գի յոտն­կայս ունկնդ­րու­թեամբ։

Յաւելեալ նկարներ տեսնել՝

azator.gr [1]