- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը մաս պիտի կազմե Հայաստանի կառավարութեան

ԱՅԲ ԷՖ ռադիոկայանի հիւրն է ՀՅԴ Բիւրօյի անդամ Մուրատ Փափազեանը

FotorCreatedՇաբաթ 13 Փետրուարին Փարիզի հայկական ԱՅԲ ԷՖ ձայասփիւռի հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրօի անդամ Մուրատ Փափազեան։ Ան մանրամասնեց Հ.Յ. Դաշնակցութեան Հայաստանի կառավարութեան մասնակցելու մասին որոշման դրդապատճառներն ու նպատակները։

Նշելով իշխանութիւններու քննադատելի քաղաքականութիւնները արտաքին եւ ներքին, ընկերային եւ տնտեսական բնագաւառներու մէջ, Մուրատ Փափազեան ճիշտ համարեց այս հանգրուանին Դաշնակցութեան համար հայ քաղաքական կեանքէն ներս ընդդիմութեան վերապահուած դիտորդի կրաւորական դերէն դուրս գալ ու մասնակից դառնալ երկրի վերափոխման գործին։

Որպէս յառաջդիմական եւ ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութիւն, Դաշնակցութիւնը ընկերային ու մարդու իրաւունքներու հարցերը, աղքատութեան դէմ պայքարը, բնակարանաշինութիւնը եւ արտագաղթի կասեցումը դրած է իր քաղաքականութեան կեդրոնը։ «Սակայն անցնող տարիներուն քննադատելով իշխանութիւններու վարքագիծը, անկարող էինք ազդել երկրի գործընթացներու վրայ» ըսաւ ան, ընդգծելով «Այսօր մենք կ՛ունենանք հնարաւորութիւն կերպարանափոխելու երկիրը»։

Կապուած Հանրապետականներու հետ յարաբերութիւններուն, Մուրատ Փափազեան նշեց, որ Հանրապետութեան նախագահը անձամբ նախաձեռնած է ՀՅԴ-ի հետ համագործակցութեան քայլին ու եթէ անգամ որոշ հանրապետականներ համաձայն չեն որոշ փոփոխութիւններու հետ, նախագահը ինք ամբողջութեամբ ձեռնամուխ է նոր յարաբերութիւններու նախաձեռնման ու խորացման։ «Այդպէս է որ խորհրդարանական վարչակարգի եւ ամբողջովին համամասնական խորհրդարանական ընտրակարգի ընդունումը հնարաւոր դարձաւ» աւելցուց ան, նշելով թէ Սերժ Սարգսեանը գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը միւս կուսակցութիւններէն տարբեր է ու ժողովրդականութիւն փնտրող կուսակցութիւ մը չէ:

«Մենք իշխանութեան մէջ կը մտնենք փոփոխութիւններ բերելու համար։ Ու մեր ստանձնած նախարարութիւնները պիտի բերեն այն սպասուած փոփոխութիւնները կարճ, միջին ու երկար ժամկէտներու վրայ, յատկապէս տնտեսութեան նախարարութիւնը, որ պէտք է պայքարի մենաշնորհներու դէմ՝ խթանելով ներդրումները եւ ստեղծելով գործատեղեր։ Պիտի ստեղծենք մրցակցութեան վերահսկման վարչութիւն, որ յատուկ պատգամ է ուղղուած միաժամանակ ներդրողներուն ու մենաշնորհներուն։ Այս բոլորով կարելի պիտի ըլլայ լուրջ պատնէշ դնել արտագաղթի առջեւ» բացատրեց Մուրատ Փափազեանը։

Իսկ Տարածքային կառավարման նախարարութեան դեպքում առիթ պիտի տանք տնտեսական ապակեդրոնացեալ քաղաքականութեան գործադրման ու հնարաւորութիւն՝ նոր ձեռնարկատիրութիւններու հաստատման մարզային տարածքներու մէջ։

Մուրատ Փափազեան նաեւ նշեց որ Սփիւռքի ձայնը լսելի է այս գործընթացներուն մէջ քանի ՀՅԴ Բիւրօի տասնմէկ անդամներէն եօթն սփիւռքէն են ու երկուքը հայաստանաբնակ սփիւռքահայեր։

Մուրատ Փափազեան բնական նկատեց կառավառման համագործակցութեան նկատմամբ հնչող քննադատութիւնները, սակայն հարց տուաւ թէ աւելի լաւ չէ՞ ներկայ իշխանութիւններուն չթողնել ամբողջ իշխանութիւնը, աւելցնելով թէ բնականաբար իշխանութիւններուն նկատմամբ Դաշնակցութիւնը ինք իր քննադատութիւնները կը վերածէ գործի՝ ազդեցութիւն բանեցնելով իշխանութեան գործընկերներու վրայ, ներսէն։