- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Մամլո հաղորդագրութիւն

logo 2 Ապրիլի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ազերիական բանակը նախայարձակ քայլերով անգամ մը եւս սահմանային ամբողջ գիծին վրայ դիմեց մարտական լայնածաւալ գործողութիւններու, որոնք ստացան արժանի ու համապատասխան դիմադրութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի բանակին կողմէ : Ազերիական կողմը ունի մարդկային ծանր վնասներ, ինչպէս նաեւ` սպառազինման ակներեւ կորուստներ, որոնց շարքին` երկու ուղղաթիռներ եւ երեք հրասայլեր : Ինչ կը վերաբերի հայկական մեծաքանակ կորուստներու լուրերուն, ապա անոնք անգամ մը եւս ազերիական ապատեղեկատուութիւն են միայն ու չեն համապատասխաներ իրականութեան, ինչպէս կը հաստատէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական բանբերը:

Ազրպէյճանական այս գործողութիւնները 1994-էն ասդին կը նկատուին ամէնէն լայնածաւալը եւ աննախադէպ են: Մարտերը կը շարունակուին տարբեր ուղղութիւններով իսկ սահմանային իրավիճակը կը շարունակէ մնալ գեր լարուած:

Ազրպէյճանի այս յանձագործ ընթացքը կը նկատենք ԼՂՀ-ի ժողովուրդին եւ պետականութեան նկատմամբ ահաբեկչութիւն:

Այս հոլովոյթին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ պաշտօնական Պաքուն : Կոչ կ’ուղղենք միջազգային ընտանիքին, յատկապէս` Մինսքի խումբին, որուն եռանախագահներէն` Ֆրանսան, որ անյապաղ միջամտէ ու դադրեցնէ ազերիական այս մոլեգնութիւնը, որ խորքին մէջ ուղղուած է ոչ միայն հայկական կողմին, այլեւ նոյնինքն համանախագահող երկիրներուն:

Յառաջիկայ օրերուն, ֆրանսահայութիւնը տարբեր նախաձեռնութիւններով իր ընդվզումն ու բողոքը պիտի արտայայտէ արդարօրէն, պիտի պահանջէ առ որ անկ է` խստագոյն ու վճռորոշ միջամտութիւն, միաժամանակ վերյիշեցնելով բոլորին, որ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ու պետականութեան անվերապահօրէն զօրավիգ, բոլո՜ր միջոցներով անխտիր :

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Փարիզ, 2 Ապրիլ 2016