5 Ապրիլ, 2016ին, Ֆրանսայի խորհրդարանի նիստին, Ընկերվար երեսփոխան՝ Նաթալի Նիեսոն, որ Սեպտեմբեր 2015-ին մեկնած էր Ղարաբաղ, խորհրդարանի նիստի ընթացքին, Ֆրանսայի արտգործ նախարարին հարց դրած եւ շեշտած է Ազրպէյճանի յարձակողական դերակատարութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատած է զինադադարի անհրաժեշտութիւնը, Ազրպէյճանին ստիպելով, որ բանակցութեան ճամբով կարգաւորէ հարցերը, միաժամանակ պաշտպանած է Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքները։
Իսկ Եւրոպական Հարցերու նախարար՝ Արլէմ Տիզիր, որ 2015, Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած էր ՀՅԴ Բիւրոյին հետ, դրուած հարցին պատասխանած է ըսելով, որ շեշտը պէտք է դրուի զինադադարի անհրաժեշտութեան վրայ եւ բանակցութիւններու լոյսին տակ լուծման հանգելու, մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ յենուելով կարեւորելով ինքնորոշման սկզբունքը։
https://www.facebook.com/2015.ccaf/videos/768957149872405/