- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական-Կը յիշենք եւ կը պահանջենք մեր իրաւունքն ու արդարութիւնը

FotorCreatedԱպ­րիլ 24ի 101րդ ­տա­րե­լի­ցը կը դի­մա­ւո­րենք հա­յաշ­խար­հը նո­րո­վի փո­թոր­կած վիշ­տի ու ընդվ­զու­մի ա­լե­կոծ պայ­ման­նե­րու մէջ։

Թր­քա­կան պե­տու­թեան ուղ­ղա­կի եւ բա­ցա­յայտ խրա­խու­սան­քով՝ Ատր­պէյ­ճան գրո­հեց հայ­րե­նի մեր տա­րած­քին վրայ եւ հա­յու ա­րիւն հե­ղեց…

Ապ­րիլ 2016ի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, Ար­ցա­խի հետ ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նի ամ­բողջ եր­կայն­քին, հա­մաթր­քա­կան մո­լե­գին հա­յա­տեա­ցու­թեամբ, ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քը փոր­ձեց յան­կար­ծա­կի յար­ձա­կու­մով ճեղ­քել հայ­կա­կան դի­մադ­րա­կա­նու­թեան ամ­րոց­նե­րը, հայ­կա­կան հող գրա­ւել եւ հայ զի­նո­ւո­րի ու ան­զէն հա­յե­րու՝ նոյ­նիսկ մա­նուկ­նե­րու ա­րիւն հե­ղեց…

Հայ­կա­կան զօրքն ու հայ զինուո­րը, այ­լեւ՝ ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թեան քա­ջա­րի կա­մա­ւոր­նե­րը փու­թա­ցին ա­րագ ու հա­տու պա­տաս­խան հա­րո­ւած հասցնե­լու նա­խա­յար­ձակ թշնա­միին եւ յա­ջո­ղե­ցան ետ շպրտե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան գրո­հը՝ վե­րա­տի­րա­նա­լով հայ­րե­նի հո­ղի թափանցուած տա­րած­քի մե­ծա­գոյն մա­սին։

Հա­մաթր­քա­կան սպառ­նա­լի­քի եւ վտան­գի վերս­տին լա­րո­ւած այս մթնո­լոր­տին մէջ է ա­հա՛, որ պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւ­նը այ­սօր կ­՚ո­գե­կո­չէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 101րդ ­տա­րե­լի­ցը՝ կը յի­շէ եւ կը պա­հան­ջէ…

Հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ երկ­րա­գուն­դի ա­մէ­նէն կոր­սո­ւած ան­կիւն­նե­րը, ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տէր զա­ւակ­նե­րը այ­սօր՝ Ապ­րիլ 24ին, տե­ղը եւ ձե­ւը կը գտնեն միա­ժա­մա­նակ թէ՛ յար­գե­լու յի­շա­տա­կը բիւ­րա­ւոր մեր նա­հա­տակ­նե­րուն, թէ՛ ի­րենց ան­մի­ջա­կան շրջա­պա­տին ու ամ­բողջ աշ­խար­հին յի­շեց­նե­լու, որ տա­կա­ւին ան­պա­տիժ կը մնայ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րը եւ թէ՛, մա­նա­ւանդ, պա­հան­ջե­լու մեր ի­րա­ւունք­ներն ու ար­դա­րու­թիւ­նը։

Ա­յո՛, ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը այ­սօր վերս­տին վճռա­կամ ու մար­տու­նակ շար­քե­րով՝ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց շուրջ բո­լո­րո­ւած եւ վե­րան­կա­խա­ցեալ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւա­նին փա­րած՝ միաս­նա­կա­նօ­րէն կը ներ­կա­յա­նայ աշ­խար­հի ճա­կա­տա­գի­րը տնօ­րի­նող մեծ պե­տու­թիւն­նե­րուն եւ, յատ­կա­պէս, ­Թուր­քիոյ՝ իր Ի­րա­ւունքն ու Ար­դա­րու­թիւ­նը պա­հան­ջե­լով։

Ա­յո՛, Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան հայ­կա­կան պա­հան­ջը կ’ուղղուի նաեւ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հին, ո­րով­հե­տեւ 101 տա­րի է ա­հա, որ մե­ծե­րու «նե­րո­ղա­միտ» հա­յեաց­քին տակ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ոչ միայն կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րին մեղ­քի պտուղ­նե­րը ա­նար­գել վա­յե­լել, այ­լեւ՝ ա­մե­նայն կա­մա­կո­րու­թեամբ եւ ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րէն­քի ու Ի­րա­ւուն­քի ար­հա­մար­հա­կան ան­տե­սու­մով յա­ռաջ մղել թէ՛ ­Մեծ Ու­րաց­ման, թէ՛ հայ­կա­կան հո­ղի եւ հայ կեան­քի նո­րա­նոր բռնագ­րաւ­ման, ոտ­նա­կոխ­ման ու սպան­դի հա­մաթր­քա­կան իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան իր ազ­գա­կի­ցին հետ ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած։

Ազ­գո­վին կը դի­մագ­րա­ւենք զոյգ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով թշնա­մա­կան գրո­հը թրքա­կան եւ ատր­պէյ­ճա­նեան հա­մաթր­քա­կան եր­կեա­կին։
Ի տես Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­պաշ­տա­կան նո­րա­գոյն ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն եւ կրա­կին վրայ յա­ւե­լեալ իւղ թա­փե­լու ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան հրձի­գու­թեան՝ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը կը շա­րու­նա­կէ ջայ­լա­մի պէս իր գլու­խը ա­ւա­զին մէջ թա­ղո­ւած պա­հել ու չտես­նե­լու տալ օր­հաս­կաան վտան­գը՝ հա­ւա­սա­րեց­ման նշան դնե­լով նա­խա­յար­ձակ ա­զե­րի թշնա­միին եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար զէնք բարձ­րաց­նող հա­յու­թեան մի­ջեւ…

Ինչ­պէս որ ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին կի­րար­կո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­Մեծ Ու­րա­ցու­մը նո­րա­նոր հնարք­նե­րով շա­րու­նա­կե­լու եւ յա­ռաջ մղե­լու նենգ խա­ղե­րուն դէմ յան­դի­ման՝ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի «ա­ռաջ­նոր­դող» դէմ­քե­րը կը փոր­ձեն ա­ռաջ­նա­հերթ իր նշա­նա­կու­թե­նէն պար­պել ­Հա­յաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը, դա­տա­պար­տու­մը եւ ար­դար հա­տու­ցու­մը՝ իբր փո­խա­րէ­նը շեշ­տե­լով հա­յեւ­թուրք երկ­խօ­սու­թեան, մեր­ձեց­ման եւ միջ-պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց բնա­կա­նո­նաց­ման կա­րե­ւո­րու­թիւնն ու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը։

Հայ ժո­ղո­վուր­դը «ո՛չ» ը­սած է եւ այ­սօր ալ ա­մե­նայն ուժգ­նու­թեամբ եւ վե­րա­նո­րոգ ցա­սու­մով «ո՛չ» կը պա­տաս­խա­նէ հա­յու ա­րեան հե­ղու­մը, հայ հո­ղի բռնագ­րա­ւու­մը եւ հայ­կա­կան Ի­րա­ւուն­քի ոտ­նա­հա­րումն ու հայ­կա­կան Ար­դա­րու­թեան ձգձգու­մը քա­ղա­քա­կան վար­քա­գի­ծի վե­րա­ծած թրքա­կան թէ հա­մաթր­քա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեանց դէմ, այլ եւ մա­նա­ւանդ այդ վար­քա­գի­ծին պի­ղա­տո­սեան պաշտ­պա­նու­թեան փու­թա­ցող մե­ծա­պե­տա­կան պա­տե­հա­պաշ­տու­թեան դէմ յան­դի­ման…

Աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը այ­սօր կը յի­շէ եւ կը պա­հան­ջէ, Ապ­րիլ 24ի 101րդ ­կա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, որ ինչ­պէս նոյ­նինքն ­Թուր­քիոյ, նոյն­պէս եւ քա­ղա­քա­կիրթ ամ­բողջ աշ­խար­հին ղե­կը տնօ­րի­նող մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րը ճնշու­մի տակ առ­նո­ւին սե­փա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քին եւ մի­ջազ­գա­յին հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ, որ­պէս­զի ար­դար դա­տաս­տա­նի ար­ժա­նա­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­կան ամ­բող­ջա­կան հա­տուց­ման հաս­նի մէ­կու­կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րու ժա­ռան­գոր­դը՝ ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը։

Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց յա­մե­ցող չա­րի­քին դէմ՝ ապ­րող մարդ­կու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու տար­բեր ու­ղի կամ ե­րաշ­խիք ծա­նօթ չէ պատ­մու­թեան։
Պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւ­նը կը յի­շէ եւ կը պա­հան­ջէ՝ նաեւ հա­նուր մարդ­կու­թեան գա­լիք սե­րունդ­նե­րը ազ­գա­յին կամ կրօ­նա­կան հո­ղի վրայ ցե­ղաս­պա­նա­կան «մաք­րազ­տում­նե­րու» ար­հա­ւիր­քէն փրկե­լու հա­մար։

Այդ ա­ռու­մով է, որ Ապ­րիլ 24ի առ­թիւ ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը ա­մէն պատ­ճառ եւ հիմք ու­նի թրքա­կան պե­տու­թե­նէն, ա­նոր ատր­պէյ­ճա­նա­կան ձեռ­նա­սու­նէն եւ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը ղե­կա­վա­րող ու­ժե­րէն պա­հան­ջե­լու, որ ­Հա­յաս­տա­նի կոր­ծան­ման եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման թուրք պե­տա­կան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը ճանչ­ցո­ւի իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն։
Որ­պէս­զի ա­րար աշ­խար­հին հետ նաեւ թուրք ժո­ղո­վուր­դը գիտ­նայ ամ­բո՛ղջ ճշմար­տու­թիւ­նը։

Որ­պէս­զի պարզ դառ­նայ բո­լո­րին հա­մար, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կի­րար­կո­ւող թշնա­մա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան դէմ, Ար­ցա­խի հետ սահ­մա­նի ողջ եր­կայն­քին, փաստ­րէն եւ ըստ էու­թեան կը խրա­խու­սո­ւի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­պա­տիժ մնա­ցած ըլ­լա­լու պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թե­նէն։

Նաեւ ու յատ­կա­պէս՝ ­Սում­կա­յի­թի եւ ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան դէմ քա­ռորդ դար ա­ռաջ գոր­ծո­ւած եւ ցարդ ան­պա­տիժ մնա­ցած ազ­գա­յին «մաք­րազտ­ման» յան­ցա­գոր­ծու­թե­նէն։

Մեծ Ու­րա­ցու­մին յաղ­թա­հա­րումն ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-քա­ղաքա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն ամ­բող­ջա­կան վե­րա­կանգ­նու­մը կը կազ­մեն միակ ե­րաշ­խիքն ու գրա­ւա­կա­նը հա­յեւ­թուրք իս­կա­կան երկ­խօ­սու­թեան եւ հաշ­տեց­ման, այ­լեւ՝ ազ­գա­յին եւ ցե­ղա­յին «մաք­րազտ­ման» չա­րի­քին դէմ ա­պա­հո­վագ­րո­ւած աշ­խար­հի մը նո­ւա­ճու­մին։

azator.gr