Ուրուկուայի մէջ նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարեդարձը

FotorCreatedՊատգամաւոր Տանիէլ Ռառիօ ըսաւ “Չի բաւեր ամէն տարի կրկնել որ Ուրուկուայը առաջին երկիրն է որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ժամանակն է մէկ քայլ առաջ անցնիլ և ըսել թէ, Ուրուկուայը առաջին երկիրն է որ կը ճանչնայ ԼՂՀարապետութեան անկախութիւնը”։

Ուրուկուայի Խորհրդարանի Նախագահութեան և ՀՅԴ Հայ Դատ Յանձնախումբի համատեղ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարեդարձի ոգեկոչման ձեռնարկը, Ապրիլ 25-ին կատարուեցաւ Ծերակոյտի նախասրահին մէջ որ բերնէ բերան լեցուած էր։
Բազմաթիւ ծերակուտականներու և պատգամաւորներու կողքին ներկայ էին երկրիս արտգործ նախարար Նին Նոպօուա, Ռուսիոյ Դաշնութեան, Իսրաէլի և Զուիցերիոյ դեսպանները, ինչպէս նաև մեր համայնքի կրօնական ներկաացուցիչները։

Օրուայ խօսնակը առաջին առթիւ բեմ հրաւիրեց Ուրուկուայի Խորհրդարանի նախագահ Խէրարտօ Ամարիժա, որ ի միջի այլոց ըսաւ որ “Հայաստանը լոյս կը սփռեր այս երկրագունտի խնդիրներով լի շրջանի մը մէջ և մենք կը զօրակցինք հայ ժողովւրդի այս ոգեկոչումին, այն անկոտրուն կամքով որ այս օրենսդիր հաստատութիւնը, պիտի շարունակէ իր խօստումը պահել այն արժէքներուն նկատմամբ որ ձեզ հետ կը կիսենք” ըսաւ խորհրդարանի նախագահը։

Յատկանշական և յուզիչ էր Ուրուկույի Մարդու Իրաւունքներու Հաստատութեան տնօրէն Խուան Ռաուլ Ֆէռէյրայի “ժէսթը” որ իր հօր Ուիլսօն Ֆէռէյրայի որ 1965-ին գիւղատնտեսութեան ախարարն էր և առաջիններէն որ զօրակցեցաւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն, Հայ Դատի Յաձնախումբին յանձնեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող այն
բանաձեւի բնագիր փաստաթուղթը, որ ստորագրած էին օրուայ բոլոր կառավարութեան անդամները և բազմաթիւ ծերակուտականներ և պատգամաւորեր, աւելցնելով որ այս մէկը ապրող յիշատակ մըն է բոլոր անոնց որոնք 1965ին Ուրուկուայը վերածեցին աշխարհի առաջին երկրին որ Յիսունամեակի տարին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչ որ պատճառ դարձաւ յուզումի ալիքի մը և ջերմ ծափողջոյններու։

Անկախ Կուսակցութեան պատգաաւօր Տանիէլ Ռատիեօ որ երկու տարի առաջ մաս կազմած էր Ուրուկուայի խորհրդարանական պատուիրակութեան որ այցելած էր Արցախ, Հայ Դատի Յանձախումբը մեծարեց երիտասարդ պատգաաւորին որ անխոնջ պաշտպան մըն է Արցախի և հայ ժողովորդի դատին, պարգևատրելով զինք յիշատակի վահանակով մը։ Ռառիօ խօսք առնելով առանց բառերը ծամծմելու ըսաւ հետևեալը “Մենք խաղաղութիւն կը փափաքինք մեր հայ եղբայրներուն, որոնք կ՜ապրին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ, որոնք այս վերջին օրերուն յարձակման ենթարկուեցան, մենք խաղաղութիւն կու զենք աշխարհի բոլոր հայերուն։ Երջանիկ կ՜զգայի եթէ յիսուն տարի ետք, մեր բոլորի թոռնիկներէն մին ականջալուր ըլլար մեր օրէնսդիրներուն, որոնք հպարտութեամբ պիտի յայտարարեյին թէ Ուրուկուայը առաջին երկիրը հանդիսացաւ ճանչալով Լեռային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը”։
Ռատիօն կոչ ըրաւ Ուրուկուայի կառավարութեան ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը, աւելցելով որ “մեր երկիրը բոլոր յատկանիշները ունի այդ ճամբան ընտրելու”։

ՀՅԴ Հայ Դատ Յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց մեր երիտասարդ ընկերներէն Սարգիս Փանօսեանը որ ի միջի այլոց շեշտեց ըսելով թէ “Այս Ապրիլ 24-ը միւս Ապրիլ 24-երու նման չէ, այս մէկը արիւնով թաթախուած է և մենք այսօր չենք կրար, իրաւունք չունինք, միայն միլիոն ու կէսը յիշելու, առանց յարգայնք մատուցելու այն նահատակ հերոս զինւորներուն, որոնք այս Ապրիլ 2էն 5 իրենց կեանքերը զոհեցին Ղարաբաղի սահանները պաշպանելով, վայրենի թուրք ազերիներու արձակումը կասեցնելով։ Կ՜սպասենք աշխարհի երկիրերէն, մէկ կողմ դնելու իրենց անհատական շահերը, ճանչնալու համար Արցախի անկախութիւնը, քանի որ հայ ժողովուրդը, որուն փորձեցին ոջնջացնել 1915-ին, խաղաղութիւն սիրող ժողովուրդ է որ կու զէ իր ինքնութիւնն ու անկախութիւնը պահպանել” եզրակացուց իր խօսքը ընկ. Սարգիս Փանօսեանը։

ՀՅԴ Հայ Դատի ՅաՆձախումբ
Մօնթէվիտէօ-Ուրուկուայ

Տպել Տպել