Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արխիւներու Հիմնարկը ստեղծուած է 2008ի Յուլիսին:
Հիմնարկը կը վայելէ օրինական կարգավիճակ, եւ առ այս, արձանագրուած է Քալիֆորնիոյ մէջ՝ իբրեւ ոչ շահաբեր կազմակերպութիւն:
Օրինականօրէն, ՀՅԴ Արխիւներու Հիմնարկին կը պատկանին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատկանող, կամ անոր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր արխիւները, ըլլան անոնք գրութիւններ, լուսանկարներ, կամ լսատեսողական նիւթեր:
Հիմնարկը գրասենեակներ ունի Մ. Նահանգնեըու Մոնթէպելլօ (Քալիֆորնիա) եւ Ուոթըրթաուն (Մէսէչուսէց) քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ, Լիբանան: Արխիւները կը գտնուին Ուոթըրթաուն, «Հայրենիք» շէնքին ներքնայարկը:
Հիմնարկին նպատակն է ոչ միայն պահպանել Հ.Յ.Դաշնակցութեան արխիւները, այլեւ շարունակել անոնց դասակարգումը եւ դասաւորումը՝ օգտագործելով արդի արհեստագիտութիւնը, ի հարկին ընդունուած կարգով զանոնք ուսումնասիրող ակադեմականներու տրամադրել, ինչպէս նաեւ որոշ հում նիւթեր հրատարակութեան պատրաստել:
Ցարդ լոյս տեսած են արխիւային նիւթեր պարունակող 5 հատորներ՝ «Նիւթեր հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» խորագրով: Առաջին չորս հատորները խմբագրուած են Հրաչ Տասնապետեանի, իսկ 5րդը՝ Երուանդ Փամպուքեանի կողմէ:
Հիմնարկի տնօրէնն է Վաչէ Բրուտեան:
Հիմնարկը ունի իր երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) կայքը՝ arfarchives.org։