[1]ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29ի կէսօրին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ՝ ընդառաջելով անոր հրաւէրին:
Հանդիպման ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի միջազգային յարաբերութեանց եւ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ առնչուած կարգ մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք վեհափառ հայրապետը նախարար Նալբանդեանի ճաշի հիւրը եղաւ:
asbarez.com