[1]
Հոկտեմբեր 7-ին, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան Գանատայի ազգային առաջնորդարանէնն ներս հարցազրոյց մը ունեցաւ Արամ Ա. Վեհափառին հետ։ Ստորեւ հարցազրոյցը։
Հ.- 2015-ի Ապրիլին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ դատ բացաւ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։ Այսօրուան դրութեամբ, ո՞ւր հասած է այս գործընթացը։
Վ.Հ.- Ամէն բանէ առաջ կ’ուզեմ ըսել, որ այս դատը սոսկ կրօնական դատ մը չէ՝ եկեղեցական կալուածի մը վերադարձը, նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կապուած դատ մը չէ, այս դատը ես կը նկատեմ մեր ժողովուրդին դատը, եւ սա Թուրքիոյ դէմ առնուած առաջին իրաւական քայլն է հարիւր տարի ետք: Հարիւր տարի մեր Հայ Դատի մարմինները հսկայ աշխատանք տարին ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, այս աշխատանքները պէտք է շարունակուին վերանորոգ թափով, սակայն այս աշխատանքներուն զուգահեռ մենք պէտք է քաջութիւնը ունենանք մուտք գործելու իրաւական դաշտէն ներս, ահաւասիկ այս դատը առաջին քայլն է այդ ուղղութեամբ առնուած:
Սակայն պատահական կերպով մենք այս քայլին չդիմեցինք, շուրջ երեք տարի առաջ, ինչպէս գիտէք, միջազգային համագումար մը կազմակերպեցինք, մասնակցութեամբ միջազգային օրէնքի ու ցեղասպանութեան օտար մասնագէտներու եւ դատաւորներու: Համագումարին ընդհանուր վերնագիրն էր «Ճանաչումէ դէպի հատուցում»: Ես համագումարին ընթացքին հարցը հետեւեալ ձեւով դրի. միջազգային օրէնքը այս ուղղութեամբ յստակ տուեալներ ունի, թէ ճանաչում կ’ենթադրէ հատուցում, այս երկուքը իրարու հետ սերտօրէն առնչուած են: Բայց նաեւ միջազգային օրէնքը այլ տրամադրութիւններ ունի, թէ՛ ցեղասպանութեան առնչուած եւ թէ՛ հատուցման: Հետեւաբար դուք, որպէս մասնագէտներ, ի՞նչ կ’ըսէք այս ուղղութեամբ, մենք նման իրաւական քայլի պէ՞տք է դիմենք, ի՞նչ են դրական կամ բացասական տրամադրութիւնները կամ տուեալները այս ուղղութեամբ: Համագումարին մօտեցումը քիչ մը երկդիմի էր, որովհետեւ երբ միջազգային օրէնքը լաւապէս ուսումնասիրէք, կը տեսնէք, որ որոշ տեղեր որոշ տրամադրութիւններ նպաստաւոր են մեր դատին, որոշ տրամադրութիւններ՝ ոչ, սակայն չմոռնանք, որ մեր դատը, ըստ ձեւի իրաւական դատ մըն է, սակայն ըստ էութեան՝ քաղաքական: Այս մէկը Թուրքիան շատ լաւ գիտէ, ցեղասպանագէտներն ալ շատ լաւ գիտեն, հետեւաբար ըստ էութեան քաղաքական դատ ըլլալով կրնայ մեր գործընթացը դժուարացնել: Ամէն պարագայի, մենք այս հարցը ուսումնասիրեցինք այս համագումարին ընթացքին, եւ ես առիթը ունեցայ համագումարին առընթեր միջազգային օրէնքի մասնագէտներուն եւ դատաւորներուն հետ առանձին տեսնուիլ: Այս բոլոր հանդիպումները, քննարկումները զիս մղեցին այն համոզման, որ հակառակ կարգ մը բացասական տուեալներուն՝ մենք պէտք է հարիւր տարի ետք այլեւս նման քայլի մը դիմենք: Ես անձնապէս համոզուեցայ, իմ մտածումս բաժնեցի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, Հայ Դատին առնչուած անձերու եւ մարմիններու հետ եւ ընդհանուր մօտեցումը դրական էր: Այդ բոլորին լոյսին տակ յանձնախումբ մը կազմեցինք օտար՝ թուրք, անգլիացի եւ եւրոպացի փաստաբաններէ կազմուած, որոնց հետ ալ խորհրդակցութիւններ ունեցանք:
Անցնող երկու տարիներուն ընթացքին՝ 2013-2014, մենք տասը հանդիպումներ ունեցանք Ժընեւի եւ Անթիլիասի մէջ՝ հեռու լուսարձակներէ: Ուրեմն մեր հարցը այնքան ալ դիւրին հարց չէ, եւ անհրաժեշտ փաստաթուղթեր չունինք, նուազագոյնը Կաթողիկոսարանին սեփականութեան փաստաթուղթը չունինք: Մենք հարցին զանազան երեսները քննարկեցինք եւ 2015-ի Ապրիլին դիմեցինք Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան, հոն եւս տեսանք, որ ճիշդ է մեր առած քայլը ուղղակի Սահմանադրական դատարան դիմելով, փոխանակ նախադատ ատեաններէն սկսելու, որովհետեւ մեր մտավախութիւնը այն էր, որ նախադատ ատեաններու շրջագիծէն ներս կրնայ երկարաձգուիլ մեր դատը, եւ նաեւ իրաւական որոշ տուեալներ կային, համաձայն թրքական օրէնքներու, որոնք կրնային ի նպաստ մեզի ըլլալ, ուղղակի դիմելու համար Սահմանադրական դատարան: Երբ Սահմանադրական դատարան դիմեցինք, մեզի համար անակնկալ էր, որ պատասխանը եկաւ արագ եւ վճռական: Ապա բացայայտուեցաւ, որ Սահմանադրական դատարանի նախագահը Արդարութեան նախարարին դիմած է, անոր կարծիքը առնելու համար: Բոլոր պետութիւններուն մէջ երեք կառոյցները՝ Օրէնսդրական, Գործադիր եւ Դատական անկախ են: Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ Սահմանադրական դատական ատեան մը Արդարութեան նախարարութեան կը դիմէ, ուրեմն իրենք յստակ կերպով գիտեն, որ ասիկա քաղաքական հարց է, այլ խօսքով պետութեան կարծիքը կ’ուզեն ունենալ: Հիմա պետութեան կարծիքը մեզի եկաւ Արդարութեան նախարարութեան կողմէ, դարձեալ մենք պատասխանեցինք երկար քննարկումներէ ետք: Ահա մենք կը գտնուինք այս հանգրուանին:
Սկիզբէն մեր նպատակը այն էր, որ մենք վերջ ի վերջոյ պիտի դիմենք Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարան, որովհետեւ քաջ գիտէինք, թէ Թուրքիոյ պատասխանը ի նպաստ մեզի պիտի չըլլար: Եւրոպական դատարան դիմելու հեռանկարով մեր դատին թղթածրարը պատրաստուեցաւ: Այդ թղթածրարը պատրաստելը դիւրին չեղաւ, շուրջ չորս հարիւր էջնոց թղթածրար մըն է: Պատմական, իրաւական, օրէնսդրական, կրօնական բոլոր երեսները քննարկուեցան, Լոզանի դաշնագիրը, յատկապէս փոքրամասնութիւններուն առնչուած բաժինը, այս բոլորը քննարկուեցան, եւ մենք յատուկ կերպով ուզեցինք, որ թուրք փաստաբաններ, միջազգային եւ թրքական օրէնքի մասնագէտներ եւ պատմաբաններ իրենք պատրաստեն, որով հայու կողմէ նման բան պատրաստելը կրնայ միակողմանի ըլլալ, այս մէկը բաւական ժամանակ առաւ եւ բաւական ալ ծախսալից եղաւ: Երեւակայեցէք թրքերէնով կը պատրաստուի անգլերէնի կը թարգմանուի եւ ետ թրքերէնի կը թարգմանուի: Հիմա մենք կը գտնուինք այս հանգրուանին մէջ:
Քանի մը օր առաջ այստեղ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցանք գլխաւոր փաստաբանի մը հետ, որ ՄգԿիլ համալսարանի փրոֆեսէօր է եւ շատ յարգուած անձնաւորութիւն է, հանդիպումին ներկայ էր Կեդրոնական վարչութեան անդամ իրաւաբան Վահէ Եագուպեան, Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ նաեւ Հայ Դատին առնչուած հարցերու պատասխանատու է: Իւրաքանչիւր քայլ որ կ’առնենք, ապա յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք, որպէսզի յայտնաբերենք, թէ ի՛նչ թերութիւններ եղան, ի՛նչ հիմնաւորումներ կրնան ունենալ արդիւնքները, որպէսզի անոր լոյսին տակ ճշդենք մեր յառաջիկայ քայլը:
Հոկտեմբեր 21-ին մենք դարձեալ հանդիպում մը պիտի ունենաք Ժընեւի մէջ: Հանդիպումին ներկայ պիտի ըլլան յանձնախումբի բոլոր անդամները, այսինքն մեր կողմէն որպէս հայեր, Վահէ Եագուպեանը հրաւիրած եմ, Կիրօ Մանոյեանը (առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին), դոկտ. Նորա Պայրաքտարեանը, որ միջազգային օրէնքի փրոֆեսէօր է երեք համալսարաններու մէջ Լիբանան, Թէնի Սիմոնեան, որ Ուէպսթըր համալսարանին մէջ փրոֆեսէօր է Ժընեւ եւ ինքն է համակարգողը այս բոլորին, որովհետեւ բոլոր մեր հանդիպումները Ժընեւի մէջ տեղի կ’ունենան, Փայամ Ախաւանը ներկայ պիտի ըլլայ, թուրք փաստաբանը, ուրիշ թուրք փրոֆեսէօր մը եւ անգլիացի փաստաբանը, որ ինք պիտի դիմէ եւրոպական դատարան, որովհետեւ ամէն փաստաբան չի կրնար եւրոպական դատարան դիմել, ուրեմն ահաւասիկ մօտաւորապէս տասը հոգինոց յանձնախումբ մը աշխատանքային հանդիպում մը պիտի ունենայ Ժընեւի մէջ, եւ հոն է, որ մենք պիտի ճշդենք, թէ ի՛նչ հիմնաւորումներով Եւրոպական դատարան պիտի դիմենք, այդ աշխատանքը արդէն իսկ կատարուած է: Տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Եւրոպական դատարանի մօտեցումը։
(Հատուած)
«ՀՈՐԻԶՈՆ» (կայքէջ), 11 Հոկտեմբեր 2016