- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Եթէ Օգնութեան Կարիք Ունիք

1015ancw [1]Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակած է տեղական համայնքային ընտրութեանց իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն ցանկը։

Այս առթիւ կ՛ուզենք կրկին անգամ շեշտել ընտրութեանց մասնակցելու կարեւորութիւնը: Իսկ ընտրութեանց մասնակցելու համար, նախ անհրաժեշտ է, որ արձանագրուիք իբրեւ քուէարկող: Իբրեւ քաղաքացի՝ ձեր իրաւունքն է, ինչպէս նաեւ ձեր պատասխանատուութիւնը, արձանագրուիլ իբրեւ քուէարկող: Այդ քայլո՛վ է որ դուք լիարժէք կը դարձնէք ձեր քաղաքացիութիւնը: Այդ քայլով նաեւ դուք կը զօրացնէք հայկական ազդեցութիւնը ամերիկեան քաղաքական շրջանակներուն մէջ, տեղական մակարդակէն սկսեալ մինչեւ դաշնակցային օղակներէն ներս:

Հայութեան թիւը, քուէարկելու արձանագրուած հայ քաղաքացիներու թիւը եւ քուէարկութեան մասնակցող հայերու թիւը բաւական մեծ խրամատներով կը տարբերին իրարմէ:

Մեր թիւին համեմատ՝ շատ քիչ է քուէարկելու արձանագրուած մեր հայրենակիցներուն թիւը, աւելի՛ իսկ քիչ է ընտրութեանց օրերուն այս արձանագրուողներէն քուէատուփ գացողներուն թիւը:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ [2]

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Այս կացութիւնը եթէ հիմնովին չփոխենք, հայկական քաղաքական ազդեցութեան առասպելը կը քանդուի, եւ ազգային կարեւոր օրակարգեր հետապնդելու մեր կարողականութիւնը խի՛ստ կը սահմանափակուի:

Այս տարի մանաւանդ, հայկական քուէին կարիքը ունինք՝ տեղական ընտրութեանց մէջ մեզի համար կարեւոր թեկնածուներու յաղթանակը ապահովելու համար:

Ուրեմն, արձանագրուինք, եթէ տակաւին չենք արձանագրուած, համոզե՛նք մեր շրջապատի չարձանագրուածները, ապա անպայմա՛ն ընտրութեան օրը երթանք քուէարկութեան վայր ու մեր խիստ կարեւոր քուէն նետենք քուէատուփին մէջ:

Այս ամբողջ գործընթացին մէջ եթէ որեւէ օգնութեան կարիքը զգաք, հեռաձայնեցէք «Հայ Վոթս»ի գրասենեակ՝ (818) 806-8683 թիւով:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

15/10/2016