- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Գործնական Առաջարկ

21 Սեպտեմբեր 2016 ֊ Կասկած չկայ, որ պետութեան հնարաւորութիւններէն վեր է նահատակ եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն արժանապատիւ կեանք ապահովելը: Ուրեմն, համաժողովրդական մասնակցութեան լուծումը պէտք է անպայմա՛ն գտնել:» [1]

21 Սեպտեմբեր 2016 ֊ Կասկած չկայ, որ պետութեան հնարաւորութիւններէն վեր է նահատակ եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն արժանապատիւ կեանք ապահովելը: Ուրեմն, համաժողովրդական մասնակցութեան լուծումը պէտք է անպայմա՛ն գտնել:»

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ [2]

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայոց բանակի նահատակ եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն աջակցելու հիմնադրամին օրինագիծը առաջին ընթերցումով հաստատուեցաւ, բայց կը թուի, թէ տակաւին հնարաւորութիւն կայ զայն բարեփոխման ենթարկելու:

Իշխանութեան գլուխ կանգնած ՀՀԿի ղեկավարներէն Վահրամ Պաղտասարեանը երէկ ակնարկած է պարտադրելու բաժինը օրինագիծէն հանելու մասին՝ զայն փոխարինելով կամաւոր նուիրատուութեան բանաձեւումով: Այդ պարագային, Ազգային ժողովին կողմէ հաստատման հարցը անիմաստ կը դառնայ:

Կասկած չկայ, որ պետութեան հնարաւորութիւններէն վեր է նահատակ եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն արժանապատիւ կեանք ապահովելը: Ուրեմն, համաժողովրդական մասնակցութեան լուծումը պէտք է անպայմա՛ն գտնել: Սփիւռքի մասնակցութիւնը կազմակերպելու խնդիրը կը մնայ հարց, պարզ այն պատճառով, որ մենք վարժուած չենք փոքր բայց կանոնաւոր նուիրատուութիւններ կատարելու:

Այս հարցը պէտք է լուծել: Մեծ նուիրատուութեանց պարագային, իբրեւ շահագրգռող ազդակ՝ գոնէ արեւմտեան աշխարհի եւ մանաւանդ Ամերիկայի տարածքին, նուիրատուներուն հարկային զեղչեր ապահովելու կարելիութիւնը մի՛շտ կը մատուցուի, որուն համար ալ կարեւոր է բարեսիրական միութեան մը ճամբով կատարել փոխանցումը:

Այս պարագային, նկատի առնելով, որ համաժողովրդային տարողութիւնն է, որ ցանկալի է եւ կը հետապնդուի, կարելի է ուղղակի փոխանցման ճանապարհ մը ստեղծել: Այսինքն, ինչպէս եղաւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, հաստատել այդ յատուկ հիմնադրամին դրամատնային հաշուեհամարը, ծանուցել զայն աշխարհով մէկ՝ զուգահեռաբար ստեղծելով «քրետիթ քարտ»ով վճարում կատարելու հնարաւորութիւնը: Նուիրատուները կրնան կարգադրել, որ իրենց ամսական քսան, երեսուն, յիսուն տոլար կամ աւելի գումարները փոխանցուին հիմնադրամին: Հարկային զեղչն ալ, այս պարագային, թող չըլլա՛յ:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ»