[1] Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով՝ Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան պարոն Ֆադէյ Չարչօղլեանի հետ յունահայ գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչները ծանօթացման հանդիպում մը ունեցան Չորեքշաբթի՝ 16 Նոյեմբեր 2016ի երեկոյեան ժամը 8ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» Կեդրոնին մէջ։
Հ.Հ. դեսպանին հետ ծանօթացման այս հանդիպումին հրաւիրուած էին եւ ներկայ գտնուեցան, Յունահայոց Թեմի առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեանի գլխաւորութեամբ, ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչները՝ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Կրօնական Ժողովի անդամ հոգեւոր հովիւներ, Ուսումնական եւ Տնտեսական Խորհուրդներու անդամներ։ Յունահայ գաղութի ազգային-միութենական կառոյցները՝ Հայ Կապոյտ Խաչը, Համազգայինը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը հանդիպման հրաւիրուած էին իրենց Շրջանային Վարչութեանց ներկայացուցիչներու մակարդակով։
Հանդիպման ներկայ էին Ազգային վարժարաններու եւ «Ազատ Օր»ի տնօրէնները ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութեանց ներկայացուցիչներ։ Հանդիպման բացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ.Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Քերովբէ Էքիզեան, որ նախ ողջունեց Հայաստանի նորանշանակ դեսպանը, հակիրճ գիծերով ներկայացուց դեսպանի կտրած դիւանագիտական ասպարէզը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան՝ հաւաստիացնելով, որ յունահայութիւնը պատրաստակամ է առաւելագոյնս սատարելու Յունաստանէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան ծաւալած գործունէութեան՝ ի սպաս Հայաստանի ու Արցախի բարգաւաճման ու հզօրացման, այլեւ՝ հայրենի հայութեան անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս եւ Հայ Դատի հետա-պնդման աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի, որ ամրան ստանձնած ըլլալով հանդերձ դեսպանական իր ներկայ առաքելութիւնը՝ արձակուրդներու բերմամբ առիթը չէր ունեցած մօտէն ծանօթացուելու եւ ծանօթանալու յունահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ։
Դեսպան Չարչօղլեան հանգամանաւորապէս փոխանցեց ներկաներուն՝ Յունաստանէն ներս դիւանագիտական իր առաքելութիւնը առաջնորդող գլխաւոր սկզբունքենրն ու առաջնահերթութիւնները։ Շեշտեց՝ Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ բոլոր մարզերէ ներս միջ-պետական կապերու աշխուժացման եւ ընդլայնման ի խնդիր աշխատանքի հրամայականը։ Կարեւորեց՝ յոյն ժողովուրդին հետ հայութեան պատմական սերտ առնչութիւնները զարգացնելու եւ յատկապէս մշակութային ճակատի վրայ մերձեցման եւ համագործակցութեան սատարող նախաձեռնութեանց դաշտը ընդարձակելու անհրաժեշտութիւնը։
Պարոն դեսպանը իր խօսքի աւարտին կեդրոնացաւ յունահայութեան հետ ձեռք-ձեռքի տալով՝ համազգային մեր հիմնական հարցերուն ի նպաստ գործակցելու Հայաստանի դեսպանութեան պատրաստակամութեան վրայ, որ կը ներշնչուի նոյնինքն Հայաստանի պետութեան վարքագիծէն՝ Հայաստանն ու Սփիւռքը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն շարժման մէջ դնելու եւ ազգային մեր հրամայականներուն ծառայելու յանձնառութեամբ։
Դեսպան Չարչօղլեանի խօսքին հետեւեցան ներկաներուն կողմէ հարցումներ եւ առաջարկութիւններ, որոնց վերաբերեալ դեսպանը տուաւ լրացուցիչ լուսաբանութիւններ, նաեւ՝ կատարուած առաջարկութիւնները նկատի առնելու իր պատրաստակամութիւնը վերահաստատեց։
Այնուհետեւ՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ.Կոմիտէի ներկայացուցիչը խօսքը փոխանցեց Հայ Կապոյտ Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեանց ներկայացուցիչներուն։ Իրենց միաւորները ներկայացնելու համար խօսք առին ընկերուհի Լիզէթ Գիրազեան, ընկեր Յովսէփ Պարազեան եւ եղբայր Սերգօ Աղապատեան, որոնք ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձան, յաջորդաբար, Հայ Կապոյտ Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան, կառոյցին եւ գործունէութեան մարզերուն։
Հ.Յ.Դ. Կ.Կոմիտէի ներկայացուցիչը իր կողմէ որոշ յաւելումներ եւ լուսաբանութիւններ տուա։ Նախ՝ անդրադարձաւ հանդիպումէն բացակայ, բայց յունահայութեան առանձնայատկութիւնը կազմող եւ գաղութի գլխաւոր կառոյցներէն հանդիսացող Հ.Օ.Մ.ի երկրորդ միաւորին՝ Հայ Գթութեան Խաչին, որ ունի Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ուղղակիօրէն կապուած իր Շրջանային Վարչութիւնը եւ որ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ հիւսիսային Յունաստանի ամբողջ տարածքին։ Ապա՝ ընկեր Ք. Էքիզեան հակիրճ լուսաբանութիւններ տուաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութեանց պատմութեան, կառոյցին եւ գործունէութեան մասին՝ յատուկ շեշտ դնելով Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարին մէջ մեր երիտասարդութեան աշխուժութեան եւ մարտունակութեան վրայ։
Հանդիպման փակման խօսքը ըսելու հրաւիրուեցաւ յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան, որ ամփոփելով արտասանուած խօսքերն ու արտայայտուած գործակցութեան տրամադրութիւնները՝ յունահայութեան անունով հաւաստիացուց Հայաստանի նորանշանակ դեսպանին, որ մեր գաղութը իր բոլոր կառոյցներով եւ միաւորներով՝ ամբողջական պատրաստակամութիւնը ունի առաւելագոյն չափով զօրավիգ կանգնելու Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ Դատի ուղղութեամբ հայրենի պետութեան՝ Հ.Հ. դեսպանութեան նետած քայլերուն եւ կեանքի կոչած նախաձեռնութիւններուն։
azator.gr