«Ազդակ»ի Խմբագրական. Երկրաշարժ Առանց Ցնցումի

Սպիտակ-Գիւմրի երկրաշարժի քաղաքական հետեւանքները տակաւին վերլուծման առարկայ պիտի շարունակեն ըլլալ: Մեր երկրի կարեւոր մէկ հատուածը աւերած երկրաշարժին գրաւած համաշխարհային ուշադրութիւնը արտակարգ է իր տարողութեամբ: Չմոռնանք, որ երկրաշարժը կը պատահէր այնպիսի ժամանակահատուածի մը, երբ տակաւին Երկաթէ վարագոյրը չէր վերցուած Խորհրդային Միութենէն եւ, ըստ էութեան, աշխարհի տարբեր երկիրներու այս տարողութեամբ եւ այս արագութեամբ առաջին թափանցումն էր ուղղակի խորհրդային հանրապետութիւն մը:

Երկրաշարժը եթէ մէկ կողմէ փուլ բերաւ հայրենի մեր քաղաքներն ու գիւղերը, միւս կողմէ` նաեւ աւելի ուժգին եւ արմատապէս փլեց նաեւ Խորհրդային Միութեան կուռ պատկերը: Առանց անհրաժեշտ նիւթերու կառուցուած շէնքերու նման, աշխարհը շատ արագ նկատեց նաեւ համախորհրդային պետական համակարգի մը նոյն ձեւի դիւրաբեկութիւնը:

Աւելի ծայրայեղ տեսութիւններու պէտք չէ երթալ` ենթադրութիւններ կատարելու համար, որ զուտ մարդասիրական մղումով չէր կամ անպայման մեր հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին նկատմամբ տածուած համաշխարհային համակրանքն ու համարումը չէին, որ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու օժանդակութեան խումբերը կը հասցնէին Երեւան եւ ապա` Սպիտակ ու Գիւմրի:

Ի՛նչ ալ ըլլային, սակայն, այդ տարողութեամբ փութացման եռուզեռները, այսուհանդերձ, գետնի վրայ ոչ միայն շինարարութեան, այլ նաեւ կենցաղի, պետական ծառայութիւններու եւ ընդհանրապէս փուլ գալու կարգավիճակի մէջ եղող համակարգի մը ճանաչողականութիւնն էր, որ կ՛արձանագրուէր ամէնէն հսկայ ծաւալներով:

kayq

Քաղաքագիտական վերլուծումներու մէջ կրնայ չբացառուիլ ուրեմն, որ 7 դեկտեմբերի երկրաշարժը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզման գործընթացին վրայ: Առնուազն` դէպքերու արագացման առումով:

Երեւոյթը, հաւանաբար, քաղաքական բացատրութիւն ունէր նաեւ: Միջազգային ընտանիքը նեցուկ կը կանգնէր ժողովուրդի մը, որ միեւնոյն տարուան սկիզբը համարձակած էր ընդդիմանալու խորհրդային կարգերուն` քաղաքակիրթ, օրինական, բայց ամենազանգուածային ձեւով:

Եւ եթէ արցախեան շարժումը Խորհրդային Միութեան նախկին հանրապետութիւններուն ազգային հարցերու արծարծման նախադէպը ստեղծեց եւ ատով իսկ հիմնական գործօն դարձաւ ամբողջատիրական դրութեան փլուզման, ապա երկրաշարժը այս պարագային միջազգային կառոյցներու առաջին անմիջական շփումն էր խորհրդային համակարգին հետ: Անկախ իր ունեցած ուժգնութենէն` երկրաշարժը անհամեմատ եւ անհամապատասխան աւեր սփռեց եւ զոհեր խլեց: Աշխարհը ականատես եղաւ ոչ միայն քաղաքաշինական, ճարտարապետական եւ ենթակառուցուածքային դրութիւններու, այլ ամբողջ խորհրդային համակարգի մը փլուզման: Պարզուածը մանրապատկերն էր արտաքին ամուր շղարշին տակ փխրուն էութեան ընդհանուր համակարգին:

Երկրաշարժի պատճառով միջազգային ընտանիքը Խորհրդային Միութիւն շռնդալից մուտք գործեց Խորհրդային Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքէն:

Ազգային պահանջատիրութեամբ Երեւանը, եւ երկրաշարժի պատճառով Գիւմրին իրենց հզօր ազդեցութիւնը ունեցան ամբողջատիրական կարգերու կազմաքանդումի սկսած գործընթացի արագացման մէջ:

Փոխուած էին ժամանակները, փոխուած էին մանաւանդ քաղաքական պայմանները: Բոլոր պետութիւնները իրենց մարդասիրական ծառայութիւններով անարգել մուտք կը գործէին երկաթէ վարագոյրէն ներս. մուտք կը գործէին ա՜յն բաժինէն, որ ազգային իր իղձերու իրագործման համար խախտած էր արդէն խորհրդային կարգերու ճշդած խաղի կանոնները:

Հիմա, տասնամեակներ ետք, դարձեալ փոխուած են պայմանները: Աղէտի գօտիի արմատական վերացումը չէ կայացած յայտնապէս: Դէպի համակարգային փոփոխութիւններ ընթացող մեր երկիրը դրական երկրաշարժի պէտք ունի, առանց ցնցումներու եւ յետցնցումներու երկրաշաժի մը, որպէսզի փոխուին մտայնութիւնները, աշխատակարգը, քաղաքական մշակոյթը: Որպէսզի նորացուած սահմանադրութիւնը թուղթէն դէպի պետական հիմնարկներ, դէպի հաստատութիւններ, դէպի հասարակութիւն անցում կատարէ երկրաշարժային զօրութեամբ, առանց ցնցումի, առանց յետցնցումներու:

aztagdaily.com

Տպել Տպել