- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Հոլանտան` Իրաւաքաղաքական Թիրախային Միջավայր

Շահան Գանտահարեանի Խօսքը ՀՅԴ 126-Ամեակին Առիթով

Տասնամեակներ շարունակ մեր տօնը նշուած է ընդհանրապէս պատմութեան մէջ հայ ազգային ազատագրական շարժման առաջնորդ կուսակցութեան իրագործած հիմնական պատմակերտ դէպքերու նշումով, դաւանած գաղափարաբարոյական արժէքներու ընդգծումով, եւ ապա` ժամանակակից համազգային խնդիրներու լուսաբանումով: Հետզհետէ հասնելով այսօր Դաշնակցութեան օրը առիթ է ներկայանալու հանրութեան եւ ներկայացնելու հայկական աշխարհի ամենանորագոյն իրադարձութիւններուն առնչութեամբ մեր կուսակցութեան որդեգրած դիրքորոշումները, անոնցմէ ամենավճռորոշներուն Դաշնակցութեան ուղղակի մասնակցութիւնը:

2016 տարին անմիջապէս յաջորդողն էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, որմէ հայութինը դուրս եկաւ աւելի կազմակերպ, աւելի համախումբ, աւելի լսելի աշխարհին, ներազգային մակարդակով լուծելով նաեւ շատ կարեւոր խնդիր, որդեգրելով Համահայկական հռչակագիրը, որ իբրեւ բնոյթ` եզակի փաստաթուղթ է, որուն մէջ ներառուած են մեր զոյգ հանրապետութիւնները, քաղաքական կուսակցութիւնները, կրօնական յարանուանութիւններն ու աշխարհի տարածքին գործող ամենահիմնական բոլոր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները: Հռչակագիրը այն եզակի փաստաթուղթն է, որուն թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական մակարդակներու վրայ շատ անգամ յղում պիտի կատարուի մեր հետագայ գործունէութիւնները հունաւորելու եւ նշուած բազմաթիւ կէտերու շուրջ գործունէութիւն մշակելու եւ ծրագրելու եւ իրականացնելու ընթացքին:

fotorcreated [1]

2016-ին հայկական աշխարհը ցնցող ամենահիմնական երեւոյթը ապրիլեան քառօրեայ պատերազմն էր, երբ հակառակորդը ռազմական ոլորտի մէջ ծանօթ արագ պատերազմ սանձազերծելով` փորձեց անակնկալի բերել հայկական կողմը:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով գոյացած միասնականութիւնը գործնապէս դրսեւորուեցաւ նաեւ ապրիլին, երբ աննախընթաց համախմբուածութիւն, նոյնքան արագ կայացաւ այս անգամ Արցախի պաշտպանութեան գործին անսակարկ ու անմնացորդ լծուելու տենչով: Կամաւորական շարժումի երեւոյթը, Արցախ մեկնողներու հոսքը, առաջնագիծ փութալու երիտասարդութեան պնդումները համոզեցին բոլորս, թէ հայրենիքին սպառնացող որեւէ վտանգի պարագային ամէն տարակարծութիւն, ամէն բաժանարար երեւոյթ շրջանցելով` մեր ազգը գիտէ համախմբուիլ, միաւորուիլ եւ կեանքի գնով պաշտպանել հայրենի հողը:

Ապրիլեան քառօրեան Հայաստանի Հանրապետութիւն – Արցախ – սփիւռք յայտարարուած եռամիասնութեան ամէնէն կենդանի, ամէնէն վաւերական եւ ամէնէն գործնական առարկայացումն էր, որու փաստին հետ հաշուի նստաւ նախ հակառակորդը, յետոյ` համայն աշխարհը: Քառօրեայ պատերազմին լուծուած էր նաեւ տեղեկատուական բարդ խնդիրը: Հայկական կողմը, գուցէ առաջին անգամ ըլլալով, որեւէ սայթաքում չարձանագրեց, չներքաշուեցաւ հակառակորդի ապատեղեկատուական ծուղակին մէջ, լուծեց իր համապատասխան գերատեսչութիւններու կայքերու պաշտպանուածութեան խնդիրը, շատ արագ յաջողեցաւ Արցախ հասցնել համաշխարհային ամենանշանաւոր լրատուամիջոցներու լրագրողները եւ կանխարգիլել Պաքուի կողմէ նենգափոխուած լրատուութիւնը:
Ապրիլեան պատերազմը, սակայն, ներազգային իմաստով յստակ ուղերձներ յղեց բոլորիս: Պատերազմի ոճը, եղանակը փոխուած էր փաստօրէն: Հեռակառավարուող պատերազմ էր, յագեցած` ռազմական արհեստագիտութեան նորարարութիւններով, որ հակառակորդը ի գործ կը դնէր մեր դէմ: Հայկական կողմը շատ արագ իր թոյլ կէտերուն ճիշդ գնահատական տալու, վերակազմակերպուելու եւ տարբեր ոլորտներու մէջ հիմնական փոփոխութիւններ ներառելու հարկադրանքին առջեւ գտաւ ինքզինք:

Համակարգային փոփոխութեան գործնականացման ժամը հնչած էր: Այն առաջադրանքը, որ Դաշնակցութիւնը տարիներէ ի վեր կ՛արծարծէր ու կը հետապնդէր գործնական փուլ մտնելու անյետաձգելիութիւն կ՛ընդգծէր:
Շուրջ քսանամեակ մը Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութիւնը կ՛առաջադրէր մեր երկրի կառավարման խորհրդարանական համակարգի անցումը` իբրեւ առաջնային իրաւական ենթահող համակարգային փոփոխութիւններու: Նորացուած սահմանադրութիւնը, իբրեւ երկրի իրաւական գերագոյն փաստաթուղթ` հիմնաքարն է այդ արմատական փոփոխութեան, որ ի վերջոյ կը հետապնդէ միանձնեայ լիազօրութիւններու հաւաքականացումը եւ մեր ամբողջ հասարակարգի յաւելեալ ժողովրդավարացումը: Ընտրակարգի հարիւր առ հարիւր համամասնական դրոյթը բնականաբար կ՛արժեւորէ կուսակցութիւններու գործունէութիւնը եւ էապէս կը նպաստէ կուսակցական դաշտի կայացման:

Ժողովրդային հանրաքուէ, ապա նորացուած սահմանադրութիւն, հետեւած` նոր սահմանադրութիւնը կենսագործելու ուղիներու մատնանշում, որուն յաջորդեցին կառավարութեան եւ քատրային լուրջ փոփոխութիւններ` այս բոլորը կը նախանշեն, որ մեր երկիրը, այո՛ իրօք բռնած է համակարգային արմատական փոփոխութիւններու ուղին: Այս ուղին է, որմէ ետդարձ պէտք չէ արձանագրէ հայ ժողովուրդը` իբրեւ պետութիւն, իբրեւ հասարակութիւն եւ իբրեւ հայկական աշխարհ ընդհանրապէս: Այդ ուղիի հարթեցման համար էր, որ Դաշնակցութիւնը առաջադրեց համակարգային փոփոխութիւններ, խորհրդարանական համակարգի անցում, աշխուժօրէն մասնակցեցաւ նորացուած սահմանադրութեան իւրաքանչիւր կէտը ընդունելի դարձնելու բանակցութիւններուն, համագործակցութեան յուշագիր ստորագրեց իշխող կուսակցութեան հետ, վերցուց գործադիր իշխանութեան մէջ պատասխանատուութիւն: Ու տակաւին, առաջին վարչակարգի օրերուն, հակառակ ամենաընդդիմադիր դիրքեր գրաւած ըլլալուն, առաջադրեց մանաւանդ օրհասի պահուն համաձայնական կառավարութեան ձեւաւորում: Ուրախ ենք, որ հանրապետութեան նախագահին կողմէ մատնացոյց եղող սահմանադրութեան կենսագործման եղանակներուն մէջ կը հնչէր համաձայնական կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը, որուն նախաբանը կատարուած է արդէն, եւ որ նաեւ իրաւական հիմք կրնայ ապահովել, երբ հարիւր առ հարիւր համամասնական ընտրակարգով գոյանայ յառաջիկայ խորհրդարանը: Դաշնակցութեան հարթած ուղին համազգային ուղին է դէպի 21-րդ դարու ժամանակակից պետութիւն եւ հասարակութիւն ձեւաւորող ուղին:

Այս բոլորի առարկայացման հիմնական փուլը սարերու ետեւ չէ. ամիսներ մեզ կը բաժնեն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններէն. հետզհետէ կը ձեւաւորուի համակողմանի համոզում այս ընտրութիւնները անցընելու ամենաքաղաքակիրթ եղանակով, հեռու ամէն տեսակի վարչական լծակներու օգտագործումէ, հեռու ամէն տեսակի ընտրախախտումներէ եւ ընտրակեղծիքէ: Կարեւոր քննութիւն է այս փուլը, որուն համար ինչպէս իշխանութիւնները, այնպէս նաեւ ընդդիմութիւնն ու հասարակութիւնը ընդհանրապէս գիտակցական բարձր աստիճանի մղումով պիտի նպաստեն մեր երկրի ապագայ երթի ճիշդ հունաւորման: Միայն ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող ընտրութիւններուն արդարացիութեան եւ իրաւացիութեան համոզուած քաղաքացիական հասարակարգն է, որ կրնայ ամուր յենարան դառնալ իշխանութիւններուն, ինչ որ ալ ըլլան այդ ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Այս փուլը ունի նաեւ քաղաքական կարեւոր ընկալում: Երեւանի մէջ շաբաթ մը առաջ Եւրոմիութեան պատուիրակութիւնը կը յայտարարէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յառաջիկայ ընտրութիւնները ազատ եւ արդար եղանակով ապահովելը վճռորոշ պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ Եւրոմիութեան հետ հետագայ յարաբերութիւններու առումով:
Ուրեմն եթէ ընտրութիւններու ազատ, արդար եւ թափանցիկ կայացումը անհրաժեշտ է ներազգային առումով պետութիւն-ժողովուրդ վստահութեան վերականգնման, ապա արտաքին ճակատի վրայ ունի յստակ ռազմավարական նշանակութիւն մեր երկրին ու պետութեան ապահովելու համար արտաքին փոխլրացուցիչ, հաւասարակշռուած եւ բազմակողմ դիւանագիտութիւն: Եւրոմիութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու բառերով` վճռորոշ ըլլալու աստիճան:

Քաղաքական կազմակերպութիւններու առաջադրանքները կ՛իրականացուին տարիներու ընթացքին փուլ առ փուլ: Ժողովուրդները յաճախ հասկնալիօրէն կը սպասեն անմիջական հետեւանքներ, արդիւնքներ: Բնականաբար կայ, գոյութիւն ունի հիմնական տարբերութիւն ժողովրդային տրամաբանութեան եւ քաղաքական տրամաբանութեան միջեւ: Ինչ որ հասկնալի է: Անմիջական արդիւնքներու ակնկալութեան մէջ նոյնքան հասկնալի է բողոքի արտայայտութիւնը, ցոյցերու կազմակերպումը, ստորագրահաւաքները, մէկ խօսքով այն, ինչ որ թոյլատրելի է օրէնքով, ո՛չ միայն կարելի է, այլ նաեւ յաճախ անհրաժեշտ` իշխանութիւն-ընդդիմութիւն քաղաքակիրթ յարաբերութիւններու եւ պետականութեան ամրապնդման նպաստելու առումով:

Անընդունելին բռնամիջոցն է, պատանդառումն է, պետական կառոյցներու գրաւումն է, ապօրինի զէնքի դիմումն է: Այս մէկը մերժելի է ընդհանրապէս քաղաքակիրթ աշխարհին եւ ժողովրդավար հասարակարգերով կառավարուող երկիրներու համար:

Իսկ մենք, իբրեւ հայկական կողմ, առաւել եւս նման մեթոտներու բացառման անհրաժեշտութեան առջեւ ենք կրկնակի ու բազմակի պատճառներով: Թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին հանգամանքներու նկատառումներով:

Ներհայաստանեան իրադարձութիւնները կրնային ստուեր ձգել մեր զոյգ հանրապետութիւններու հիմնադրութեան 25-ամեակի առիթով փոխանցուող խորհուրդի եւ ընդհանրապէս կազմակերպուած ձեռնարկներուն վրայ: Ինքնազսպումի եւ դէպքերէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու համակողմանի մօտեցումները արդիւնաւորուեցան: Մեր հանրապետութիւնները արժանավայել նշեցին անկախութեան տօնը: Եւ բոլորէն առաջ հակառակորդը խոր մտահոգութեամբ հետեւեցաւ հայկական ռազմական արդիւնաբերութեան, հայկական անօդաչու սարքերուն, ամենահեռահար հասանելիութիւն ունեցող եւ հայկական զինեալ ուժերու տիրապետութեան տակ գտնուող հրթիռային համակարգերուն: Հայկական բանակն ու գերյագեցած ռազմական արհեստագիտութիւնը խաղաղութիւն պարտադրելու իրենց առաքելութեան իրականանալիութիւնը հերթական անգամ ցոյց տուին ամէնէն փայլուն կատարողականութեամբ:

Հանրապետութեան նախագահը կուսակցական վերջին համագումարին արտասանած իր ելոյթին մէջ յատուկ կերպով նախանշեց սփիւռքեան յղացքին նոր գործառոյթներ եւ նոր սահմանում բանաձեւող նախանիշը: Երեւանը սփիւռքը պէտք է ընկալէ ոչ միայն աջակցողի, սատարողի եւ մասնակիցի հանգամանքով, այլ` հայրենատիրոջ: Հայաստանաբնակ իր հայրենակիցին հետ մեր երկրին համատիրութիւն ընելու կոչուած սփիւռքահայը այսպիսով անհրաժեշտութեան առջեւ է ամենահիմնական ոլորտներու վերաբերեալ կարեւոր օղակներ զբաղեցնելու, պատասխանատուութիւններ վերցնելու, կերպով մը հայրենադարձութիւն իրականացնելու եւ երկրի նոր համակարգին մէջ դերակատար ըլլալու:

Մեր կուսակցութեան պարագային այս տրամադրութիւնը եւ օրհասի առիթներուն ռազմաճակատ մեկնելու, նոյն խրամատին մէջ հայրենի իր ազգակիցին կողքին յայտնուելու, կամաւորական շարժումներ կազմելու, կամաւորներ հաւաքագրելու, թէ բնակեցման զանազան ծրագիրներ մշակելու եւ իրականացնելու, երիտասարդներ գործուղելու եւ նմանատիպ այլ աշխատանքներ ձեռնարկելու առումով կ՛ընկալէ սփիւռքի յղացքին նոր սահմանում բանաձեւող այս առաջադրանքը: Առաջադրանք մը, որուն ընդառաջ Դաշնակցութիւնը իրագործած է եւ կը շարունակէ իրագործել բազմաթիւ ծրագիրներ եւ աշխատանքներ:
Հայապահպանման բնոյթի աշխատանքներէն մինչեւ Հայ դատի աշխարհատարած կառոյցներ, կրթական մշակութայինէն մինչեւ ինքնապաշտպանութեան գործի մասնակցութիւն` հայրենական բոլոր ծրագիրներու անվերապահ մասնակցութեան պատրաստակամութիւն Դաշնակցութեան շուրջ գործող մեր բոլոր միաւորները հայրենասիրութիւնը հայրենատիրութեան յղացքով կ՛ընկալեն այսօր բոլոր ժամանակներէն ի վեր: Իսկ հայրենատիրութիւնը ի գին մեծ զոհողութիւններու տեղի կ՛ունենայ:

Այսօր միջավայրերը տարբեր են եւ տարբեր անոնց ստեղծած պայմաններու նկատառումով որդեգրելի մարտավարութիւնները:

Քաղաքական ա՛յս միջավայրը` Հոլանտան, այսօր իբրեւ Եւրոմիութեան բաղկացուցիչ կարեւոր տարր` ամէնէն սուր կերպով կը զգայ եւ կը դրսեւորէ նաեւ քաղաքական զգայնութիւն կրօնական ծայրայեղականութեան վտանգը դիմակայելու առումով: Հոլանտայի քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւններուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛երեւի այն ենթաթեքսթը, որ ամբողջ Եւրոպան թէ՛ մարդասիրական, թէ՛ փախստականներու հոսքով եւ թէ՛ ֆինանսական առումով հարուածած ճգնաժամի ետին, առաջին հերթին կանգնած է Անգարան, ուր կը սնանին կրօնական անուան տակ ահաբեկչութիւն կազմակերպողները, ուր աջակցութիւն կը ստանան եւ ուրկէ կը թափանցեն այլ երկիրներ:

Քաղաքական այս ենթահողին վրայ պէտք է ընկալել Եւրոյանձնաժողովի հոլանտացի փոխնախագահին` Թուրքիոյ մասին ներկայացուցած խիստ զեկուցումը եւ Եւրոմիութեան կողմէ Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացի առկախումը: Քաղաքական այս տրամաբանութեան պարունակին մէջ պէտք է հասկնալ Հոլանտայի վարչապետին քննադատութիւնները` տեղւոյն թուրք համայնքին ուղղուած: Տակաւին, Լայտըն համալսարանի թրքագէտին Էրտողանը բռնապետ համարելն ու ստացած պատուոյ մետալը ետ դարձնելը, Պոլսոյ մէջ Հոլանտայի հիւպատոսարանին ժամանակաւոր փակումը, կամ հոլանտացի նշանաւոր լրագրողներու կողմէ Թուրքիոյ մէջ պատահածները իբրեւ ժողովրդավարութեան սպանութիւն որակելը: Կամ թէ ինչպէս հոլանտական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ կը վճռէին, որ Թուրքիան չի կրնար տեղ ունենալ Եւրոմիութեան մէջ:

Կը թուի, որ այսօր հոլանտական քաղաքական ենթահողը նպաստաւոր է հայկական հարցերու առաջ մղման ուղղութեամբ պարզ այն պատճառով, որ քաղաքական առաջադրանքներու համընկումներ կը նկատուին ընդհանրապէս եւրոպական, այս պարագային հոլանտական եւ հայկական կողմերուն միջեւ:
Եւ այս համընկնումները պէտք է դիտարկել անշուշտ քաղաքական տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ, այսինքն` առանց անտեղի խանդավառութեան, միաժամանակ մեր կողմէ առաջ քշուող քաղաքական առաջադրանքները ճիշդ ժամանակին ներկայացնելու մօտեցումով:

Յայտնաբար միայն Անգարայի հետ կապուած չէ քաղաքական այս զգայնութիւնը: Ապրիլեան քառօրեայէն անմիջապէս ետք Հոլանտայի Ազգային ժողովին մէջ երեսփոխաններու կողմէ հնչեցին Պաքուի նախայարձակ ըլլալու իրողութիւնը: Այստեղ եւս հայկական կողմի եւ Հոլանտայի Ազգային ժողովի մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն միջեւ կային համատեղելի կէտեր: Հոլանտացի երեսփոխանները կը պահանջէին սահմանագօտիներու վրայ անկախ հսկողութեան մեքանիզմներ, կը յայտնէին, որ ազրպէյճանական անօդաչու սարքերը ռմբակոծած են Արցախի բնակավայրերը:
Հոլանտան նաեւ համաշխարհային առումով ճանչցուած է իբրեւ միջազգային դատարան, ռազմական յանցագործները դատող, ցեղային զտումներ եւ ցեղասպանութիւն իրականացուցածները դատող եւ պատժող միջավայր:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի հռչակագիրը ճանաչման քարոզչաքաղաքական աշխատանքներու դէպի իրաւական դաշտ անցում կատարելու հիմնական ուղենիշներ կ՛ամրագրէր: Իրաւական դաշտը, դատարանը, հատուցումներ պահանջելու, ցեղասպան պետութեան ժառանգորդներուն հետ հաշուի նստելու վայրերէն գլխաւորը ի վերջոյ պիտի ըլլայ այս երկրի Լահէյի դատարանը: Ահա թէ ինչո՛ւ հոլանտական միջավայրը իր իւրայատկութիւններով ուշադրութեան կիզակէտին պիտի յայտնուի համայն հայկական աշխարհին համար, համադրելու համար թէ՛ պետութեան եւ թէ՛ Հայ դատի եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու աշխատանքները այս ուղղութեամբ:

Նման համակարգուած եւ նպատակաուղղուած աշխատանքները Լահէյի դատաւորներուն կը յանձնեն նաեւ ապրիլեան քառօրեային ընթացքին անմեղ բնակչութիւնը ռմբակոծողները, Թալիշի մէջ ամենաանմարդկային վայրագութիւններով պատերազմական ոճիր գործած յանցագործները, շփման գիծերու թէ պետական սահմաններու վրայ արձանագրուող դէպքերու ընթացքին հայկական գիւղերը ռմբակոծողները:

Կը գիտակցինք անշուշտ, որ զուտ իրաւական հարթութեան վրայ չէ, որ հարցերը կը քննարկուին եւ կ՛եզրակացուին: Իրաւականը զուգորդուած կ՛ըլլայ քաղաքականով եւ նշուած հանգամանքներու նկատառումով իրաւաքաղաքական ենթահողը պարարտացման միտումներ կը դրսեւորէ այսօր: Այս ընդհանուր պարունակին մէջ ալ պիտի դիտարկել հայու արժանապատուութիւնը խոցած ծագումով ազրպէյճանցի քաղաքացիին դէմ յարուցուած դատը Հոլանտայի մեր ընկերներուն կողմէ: Իրաւական ատեաններու առջեւ պատասխան պիտի տան բոլոր անոնք, որոնք ցեղապաշտ մղումներէ մեկնած` կը փորձեն վիրաւորել հայու արժանապատուութիւնը:

Միջին Արեւելքի պատերազմներու բերումով տարածաշրջանի հայաթափման, թէ մեր հայրենիքէն արձանագրուած արտահոսքի պատճառով այսօր տեղի կ՛ունենան սփիւռքի ժողովրդագրական պատկերի արագ փոփոխութիւններ: Համայնքներ կը նօսրանան տեղ մը, այլ տեղեր համայնքներու թիւը կտրուկ աճ կ՛արձանագրէ: Կարեւորը թիւերը համախմբելն է, կազմակերպ կեանքի աշխուժացումն է եւ մանաւանդ հայաստանակեդրոն նոր սփիւռքի ձեւաւորումի առաջադրանքն է:

Մենք այլեւս ուշանալու արդարացում չունինք: Նոր սահմանադրութիւն, համակարգային փոփոխութիւն հայրենիքի մէջ, սփիւռքի կազմակերպում եւ հայաստանակեդրոն հայկական աշխարհի կերտում: 21-րդ դարու երկիր, պետութիւն, հասարակարգ եւ ժողովուրդ ըլլալու համար:

Բոլոր ժամանակներէն աւելի` այսօր կը զգացուի անհրաժեշտութիւնը ցանցային կառոյցներով աշխատելու` արդիւնաւէտ բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալելու համար: Օրուան հրամայականն ու պահանջները այդ կը պահանջեն:

Ժամանակակից մեր պատմութեան մէջ ամէնէն պատմակերտ հանգրուանները կերտած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ծրագրով, գործունէութեամբ եւ աշխարհատարած կառոյցով ամէնէն առարկայական նախադրեալները ունի համահայկական ցանցային կառոյցի ստեղծման համար իր մեծ նպաստը բերելու:
Այո 126-ամեայ երիտասարդ Դաշնակցութիւնը օրուան հրամայականներուն ընդառաջ` վերանորոգ թափով պատրաստ է նոր զսպանակում տալու հայութեան երթին: Երթ, որ կ՛անցնի մեր զոյգ անկախ հանրապետութիւններէն, կը հասնի հայկական աշխարհի ամէն մէկ համայնքին եւ կ՛ուղղուի դէպի մեր հայրենիքի արեւմտեան հատուածը` հզօրացնելու համար մեր հանրապետութիւնները եւ կերտելու համար այսօրուան ազատ ու անկախ եւ վաղուան միացեալ, ամբողջական Հայաստանը:

Ալմելօ, 10 դեկտեմբեր 2016

aztagdaily.com