- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

«Լիբանանահայութեան Համեստ Դասակարգին Զաւակներէն Եմ Եւ Պիտի Ծառայեմ Բոլոր Քաղաքացիներուն» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան լիբանանեան տարբեր լրատուամիջոցներուն հետ երէկ ունեցաւ շարք մը հարցազրոյցներ, որոնց ընթացքին շեշտեց, որ աշխատանքային առումով ինք կը գործէ «Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» կարգախօսով:

1482230414-7945 [1]

Ան դիտել տուաւ, որ իրեն համար զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը մարտահրաւէր մըն է` աւելցնելով, որ ինք ունի աշխատանքային ծրագիր մը` գրաւելու համար օտար եւ յատկապէս Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը:

Կիտանեան յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութեան օրով նորակազմ կառավարութիւնը ըլլայ բարի նախաձեռնութիւն մը, ինչպէս նաեւ սկզբնաքայլ մը` թեթեւցնելու համար երկրին եւ քաղաքացիներուն ուսերը ծանրացնող բեռը:

«Եթէ մենք չկրցանք քաղաքացիներուն դիմագրաւած հիմնական հարցերուն լուծումներ գտնել, ապա երկրին իշխանութեան մեր մասնակցութիւնը անարժէք դուրս կու գայ», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ ինք պիտի ծառայէ բոլոր քաղաքացիներուն:

«Լիբանանահայութեան համեստ դասակարգին զաւակներէն եմ եւ կը յուսամ, որ կառավարութեան մէջ իբրեւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ իմ անձիս վստահուած պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը լաւագոյնս արդարացնեմ», շեշտեց ան:

Նախարար Կիտանեան ըսաւ, որ այս կառավարութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպման կառավարութիւնն է, «հետեւաբար ընտրական օրէնքի մը մշակումը անոր կարեւորագոյն նպատակներէն մէկն է»:

ՆՇԵՆՔ, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին տեղի պիտի ունենայ նախարարութեան յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւն` նախարարներ Միշել Ֆարաոնի եւ Աւետիս Կիտանեանի միջեւ:

aztagdaily.com